ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Էշրեֆիէի մէջ Լիբանանի պատմական շքեղ շինութիւններու գեղեցկութիւնը տակաւին պահած, սրճարանի վերածուած տան մը մէջ կը հանդիպիմ Նուր Ուայտային` մեր միջեւ ունենալով «Մեղսակցութիւն եւ դաւակցութիւն` ժապաւէնի թարգմանութեան մէջ» (թարգմանաբար) խորագիրը կրող ժապաւէներու ենթագրութեան մասին իր գրութիւնը: Անգլերէն այս գրութիւնը, այլ բնագիրներու կողքին, պիտի թարգմանէի արեւմտահայերէնի, որպէսզի արեւմտահայերէնով ալ լոյս տեսնէր 13, 14 եւ 15 մարտ 2025-ին, «Արեսքօ» կեդրոնի մէջ գտնուող Պատկերի արաբական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցող «Բազմալեզու ցանցեր» խորագիրով ժապաւէնի ցուցադրութիւններու եւ զրոյցներու յայտագիրը, որուն մաս կը կազմէ այս գրութիւնը:
Մինչ այդ Ուաթցափի վրայ Ն. Ուայտայի հետ խօսած էինք արդէն subtitle բառին հայերէն տարբերակներու մասին: Անձնապէս բնաւ չէի մտածած subtitle բառը հայերէնով ըսել առօրեայիս մէջ, ոչ ալ հանդիպած էի ժապաւէնի մը ցուցադրութեան ազդի մը մէջ նման արտայայտութեան, որովհետեւ եթէ ժապաւէնը արեւմտահայերէն էր, թարգմանութեան պէտք չկար, իսկ եթէ հայերէն չէր, ապա հայերէնով ծանուցումի պէտք չկար: Իսկ հիմա միտքս կ՛աշխատէր այս բոլորին մասին: Բայց զիս խրախուսողը հեղինակին, որ նաեւ ծրագիրի համադրողն է, համեստ իմացութիւնն էր արեւմտահայերէնի, որ կը հարստացնէր եւ կը դիւրացնէր մեր միտքերու փոխանակումը:

«Բազմալեզու ցանցեր» խորագիրը կ՛արտացոլացնէ առաւելաբար Էտուար Կլիսսանի` լեզուներու վերաբերեալ արծարծած գաղափարները եւ այն հաստատումը, որ` «Ես կը գրեմ աշխարհի լեզուներու ներկայութեան»` դիտել տալու համար իր առաջարկած տեսութիւնը լեզուներու յարաբերութեան` առաւելաբար լեզուներու ցանց մը ըլլալուն: Այս մասին ան կը նշէ, որ այլ լեզուներու ներկայութեամբ գրելը անպայմանօրէն անոնցմէ փոխառութիւններ ներառելով գրելը չէ, այլ առջեւ բերելն է ստեղծագործական արտադրութեան հաւանական տեղը համաշխարհային լեզուաբանական ասպարէզին մէջ: Կլիսսան (1928-2011) մարթինիքցի բանաստեղծ, գրող, փիլիսոփայ եւ գրաքննադատ, իր ունեցած հարցազրոյցներու հաւաքածոյին մէջ կ՛ըսէ. «Մենք պէտք ունինք բոլոր լեզուներուն, եւ [թէ] ամէն անգամ որ լեզու մը կ՛անհետանայ, թէկուզ բնաւ լսած չըլլանք այդ լեզուի մասին, կամ մենք իսկ խօսած չըլլանք այդ լեզուն, մենք կ՛աղքատանանք այս անհետացումով»:
Կլիսսանի տեսութիւնները ունենալով իբրեւ մեկնակէտ` Նուր Ուայտա իր գրութեան մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ ենթագրութեան հետ իր յարաբերութիւնը` «Հասակ առած տարիներուս, սինեմայի մէջ դիտած ժապաւէներս միշտ կրկնակի ենթագրուած կ՛ըլլային` գրաւելով պաստառին մէկ երրորդը: Գրութիւնն ու պատկերը տարածք գրաւելու բանակցութեան մէջ կ՛ըլլային տեսողութեանս սահմաններուն մէջ: Եւ այն օրէն, երբ սկսայ բաւականաչափ արագ կարդալ, սկսայ ետ ու առաջ երթալ, մէկ լեզուէն միւսը ծփալ` չկարենալով տրամադրուիլ մէկ լեզուի»: Յօդուածին մէջ Ուայտա կը շարունակէ բացատրել ենթագիր բառին արաբերէն եւ հայերէն տարբերակները, կ՛անդրադառնայ ենթագիրներու ճարտարուեստի զարգացումով ենթագիր-ժապաւէն փոխազդեցութեան, անոնց մատչելիութեան եւ քաղաքական աքթին:
Նուր Ուայտայի հետ առաջին հանդիպումիս չէի կրնար զանց առնել եւ սովորական երեւոյթի նման վարուիլ իր թէ՛ հայերէնի իմացութիւնը եւ թէ՛ այս ծրագիրին մէջ հայերէնի ներառումը, երբ, դժբախտաբար, յստակօրէն բացակայ է մեր լեզուն մեր ծննդավայր ու երկրորդ հայրենիք համարուող Լիբանանի տարբեր շրջանակներէն: Ուայտա պատմեց, որ թարգմանութիւնը իր կեանքին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ, քանի որ արաբերէնի կողքին, անգլերէն եւ ֆրանսերէն կը խօսի: Ան ըսաւ, որ հետաքրքրուած է մէկ կողմէ՝ տարբեր լեզուներու իրարու հետ եւ միւս կողմէ` թարգմանութեան հետ յարաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ` թարգմանութեան ուսումնասիրութեամբ: Խորանալով ժապաւէներու թարգմանական աշխատանքներուն մէջ` Նուր ընդգծեց, որ իր հետաքրքրութիւնը աւելի սրած է` տեսնելով ժապաւէներու ճկունութիւնը լեզու-թարգմանութիւն-ենթագրութիւն տարածքին մէջ: Ան ըսաւ, որ երբեմն ենթագրութիւնը հանդիսատեսին ի նպաստ կը վարուի, երբեմն կը հակառակի, երբեմն ալ ենթագիր-հանդիսատես միասնաբար ուրիշի մը կը հակադրուին: Այս միտքով ան կ՛ուզէր բացատրել ենթագրութեան քաղաքական աքթը, երբ ժապաւէնի կարգ մը գործիչներ կը մերժեն, օրինակ, ենթագրել ժապաւէնին մէջ հնչող որոշ լեզուներ, կամ նոյնիսկ տարբեր կերպով կը թարգմանեն կարգ մը բառեր, միտքեր` համապատասխանելու համար տուեալ մշակոյթին: Այս մասին իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Ենթագիրները նաեւ իշխանութիւն ունին պայմանաւորելու, ձեւաւորելու եւ նոյնիսկ մերժելու մատչելիութիւնը: Օրինակ, սովորական դարձած է, որ հեռատեսիլէն սփռուող արաբերէն ենթագիրները որեւէ տեսակի ոգելից խմիչքները թարգմանեն միայն մէկ ձեւով` մաշրուպ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ ըմպելիք: Թարգմանական այս ընտրութիւնը դիտմամբ կը քողարկէ ոգելից ըմպելիներու բոլոր վերագրումները եւ կը գործէ կրօնական ու հասարակական ուժային կառոյցներու կողմէ պարտադրուած բարոյականութեան համաձայն…»:
Նուր Ուայտա նշեց, որ ծրագիրը նպատակը ունի նաեւ մտածելու տարբեր մշակութային վիճակներու մէջ թարգմանութեան տուած շրջանառութեան առիթին ու կապեր եւ յարաբերութիւններ ստեղծելուն: «Յստակ էր, որ Լիբանանի մէջ տարբեր լեզուներու հետ պիտի աշխատիմ, եւ ամէնէն յստակը այն է, որ արաբերէնէն ետք պիտի ըլլար հայերէնը, որովհետեւ հայերէնը գոյութիւն ունի եւ կը խօսուի Պէյրութի մէջ, ունի ենթակառոյց, դպրոցներու մէջ կը դասաւանդուի ու տարբեր ձեւերով պահուած է: Եթէ պիտի իրականացնէի այս ծրագիրը թարգմանաբար, պէտք էր ներառէի հայերէնը, մանաւանդ արաբերէնի հետ յարաբերաբար»:
Իսկ հիմա, որ ծրագիրը արդէն իր աւարտին հասած է եւ հանրութեան կը ներկայացուի, թարգմանական արտադրութիւնը կը հանդիսանայ արդիւնքը Նուրին հետ շաբաթներ շարունակ զրոյցներու, միտքերու փոխանակման, թարգմանութեան եւ նոյնիսկ, եւ թերեւս` զիս ամէնէն խանդավառողը, նոր բառերու կազմութեան` բոլորը ի սպաս ժապաւէնի արեւմտահայերէնով ծրագիրը առաւելագոյն հարազատութեամբ փոխանցելու հայախօս հանրութեան: Օրինակ, երկար փնտռտելէ ետք pirated copy դարձուածքին հայերէնը, որոշեցինք կազմել «պատճէնահանուած» եզրը` մեկնելով ծովահէն (pirate) եւ ցանցահէն (hacker) արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բառերէն, որպէսզի ըսենք` ապօրինի կերպով պատճէնահանուած օրինակ: Նոյնպիսի ճանապարհորդութենէ ետք հասանք ցանցադրութիւն բառի կազմութեան` թարգմանելու համար mise en réseau-ն, mise en page-էջադրում ուղղութենէն:
Ծրագիրին բոլոր աղբիւրները եռալեզու են` արաբերէն, արեւմտահայերէն եւ անգլերէն: Առաջին հանդիպումէն ետք Նուրի հետ մեր ունեցած տարբեր զրոյցներու ընթացքին ան ըսաւ. «Ինծի համար անգլերէնը թարգմանութիւնն էր արաբերէնին եւ հայերէնին, թէեւ մենք հակառակ կերպով աշխատեցանք: Այս իմաստով ծրագիրը կը ներկայացնեմ նախ արաբերէն, ապա հայերէն եւ յետոյ անգլերէն: Անշուշտ այս բոլորը ըրինք` մտածելով, թէ ի՛նչ տարածք կը գրաւէ հայերէնը, ուրեմն ուզեցի յարաբերութիւններ եւ կապեր ստեղծել երկու լեզուներու մէջ, որոնք մնայուն փոխյարաբերութեան մէջ են»:
Լուսարձակի տակ առնելով հայերէնի ներկայութիւնը լիբանանեան միջավայրին մէջ` ան ըսաւ. «Մենք կը պատկանինք հասարակութեան մը, որ կը խօսի լեզու մը, զոր երեք քառորդ լիբանանցիները չեն գիտեր: Կը զգամ, որ հատուածացում եւ մասնատում կայ ասոր մէջ: Կը զգամ` լեզու մը չէ, որ հայկական վարժարաններէն դուրս կ՛ուսուցանուի եւ այդ պատճառով ա՛լ աւելի բաժանում կը ստեղծէ, մինչ անիկա լեզու մըն է, որ պատմականօրէն եւ մշակութային առումով շատ աւելի կապեր ունի արաբերէնին հետ, քան անգլերէնը` արաբերէնին հետ: Հետեւաբար տրամաբանական չէ դուրս ձգել զայն ծրագիրէն: Մէկուկէս տարիէ ի վեր կը սորվիմ այս լեզուն` մեկնելով լեզուի հետաքրքրութենէս, իսկ այս ծրագիրին համար կարեւոր էր գտնել անձ մը, որուն հետ թարգմանական աշխատանքը համագործակցական աշխատանք ըլլար, մանաւանդ որ թարգմանութիւնները պիտի չհասկնայի: Գործընթացը հետաքրքրական դուրս եկաւ, քանի որ միաժամանակ զրոյցի մէջ էի հայ ընկերներուս հետ, եւ այս իմաստով այս թարգմանութիւններու ճամբով ես ալ փոխյարաբերութեան մէջ մտայ հայերէնին հետ»:

Ծրագիրը կը պարունակէ վեց ժապաւէներ, ներառեալ` Սերգէյ Փարաջանովի «Սայաթ Նովա» (Նռան գոյնը) ժապաւէնը: Յատկանշական է, որ Փարաջանովի ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի այս ծրագիրին համար կատարուած արաբերէն ենթագիրներով` Վարդան Աւագեանի եւ Հիւսէյն Նասրէտտինի աշխատութեամբ: Աւագեան եւ Նասրէտտին այս մասին կը գրեն. «Փարաջանովի ժապաւէնի հայերէն բնագիրէն արաբերէնի թարգմանելու ատեն ջանացինք ուշադրութիւն ընծայել մեր օրերու քաղաքական բարդութիւններուն` միաժամանակ հաւատարիմ մնալով արեւմտեան Ասիոյ լեզուներու պատմական եւ լեզուական խոր կապերուն: Գործընթացը մեզի նկատել տուաւ, որ լեզուն ինքնին մշակութային եւ քաղաքական կուտակումներու շերտաւոր արխիւ է: Այս համեստ վարժութեան մէջ մենք` այս նշումները գրողներս, ձեզ կը հրաւիրենք միանալու մեզի` թարգմանութեան եւ պատշաճեցման այս ճանապարհորդութեան մէջ, ընդունելով մեր սխալները, անապահովութիւնները եւ կասկածները, զորս կը կրենք մեր դիրքերուն եւ գործելաձեւին մէջ` իբրեւ բանաստեղծներ, ժապաւէնի գործիչներ, արուեստագէտներ, թարգմանիչներ եւ մահկանացուներ»:
Իւրաքանչիւր օրուան ցուցադրութիւններու աւարտին տեղի պիտի ունենայ զրոյց, իսկ շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ծրագրի համագործակիցներու հետ տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան` խօսելու համար թարգմանական եւ ենթագրութեան տարածքին մասին: Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել https://cameliacommittee.com/complicity-and-conspiracy-in-film-translation-arm/ եւ https://cameliacommittee.com/complicity-and-conspiracy-in-film-translation-info-arm/ յղումները:
Leave a Reply