
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աւանդութիւնը սերունդներու միջոցով փոխանցուած ժառանգութիւն է, որ կ՛ընդգրկէ անձին, ընտանիքին, հաւաքականութեան եւ ազգին իւրայատուկ միտքը, կեցուածքը, վարուելակերպն ու տակաւին, ընկերային եւ կրօնական սովորութիւնները: Աւանդութիւնը այս իմաստով կը դառնայ ապրող կեանք` ներառնելով մարդուն, հաւաքականութեան եւ ազգին ամբողջական մշակոյթի գիտակցութիւնը:
«Աւանդութիւն» բառին լատիներէն արմատըtradere, կը նշանակէ բաժնեկցիլ, պահել եւ փոխանցել վերեւ յիշուած ժառանգութիւնը
ապահովելու համար հաւաքականութեան ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը: Այս իմաստով, աւանդութիւնը կը դառնայ կեանք, որուն պէտք է գուրգուրալ եւ պահել, բայց նոյնքան նաեւվերակենսաւորել: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեզ բոլորս կը հրաւիրէ մեր աւանդութիւններու վերակենսաւորման
2025ը հռչակելով «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:
Կան աւանդութիւնը պահելու եւ վերակենսաւորելու հայկական հիմեր, ենթահողերը, անոնց պարտադրանքները եւ այս բոլորին մէջէն զայն վերակենսաւորելու կարեւորութիւնը: Իբրեւ հայեր, եթէ Սփիւռքը մեծ համեմատութեամբ դասականն էր, բայց վերջին երեսուն տարիներուն անոր վրայ եկաւ աւելնալու հայաստանեանը: Հայուն աւանդութիւնը եւ անոր վերակենսաւորումը վերածուեցաւ «երկսայրի սուր»ի մը, իսկ հայը` իր դասական եւ հայաստանեան շերտերով, սփիւռքեան իրականութեան մէջ պարտի անոր երկու կողմերը պահել սուր:
Տուպայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Յունուար 2025: Տուպայը օժտուած է օփերայի համար սարքուած շատ գեղեցիկ համերգասրահով մըկառուցուած արդիական ոճով, ինչպէս
Տուպայի իւրաքանչիւր ենթակառոյց: Ներկայ պիտի գտնուիմ Հայաստանի Սիմֆոնիկ նուագախումբի ելոյթին` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի, որուն երաժշտական եւ խմբավարի տաղանդին ու կարողութեան ծանօթ եմ:
Տուպայի օփերայի համերգասրահը իւրաքանչիւր ելոյթէ առաջ ունի հանդիսատեսներուն համար սարքուած հիւրասիրութեան բաժին մը: Փոքր սեղանի մը ետին կանգնածկը վայելէի այդ պահը, երբ երիտասարդ զոյգ մը մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէն լեզուով խնդրեց, թէ կրնա՞յ բաժնեկցիլ սեղանը ինծի հետ: Սիրով ընդառաջեցի իրենց խնդրանքին, բայց շարունակեցի վայելել իմ հիւրասիրութիւնս
առանց խանգարելու զիրենք: Երիտասարդ զոյգը շատ մեղմ ձայնով սկսաւ զրուցել արեւելահայերէնով: Չուշացաւ հարցումս. «Հա՞յ էք»:
Երիտասարդ զոյգը շատ ուրախացաւ: «Մենք կռահեցինք, որ հայ կրնաս ըլլալ եւ անոր համար համարձակեցանք քեզի մօտենալու», ըսին ինծի:
Երկու հայորդիները մասնագիտութեամբ բժիշկներ են` վկայուած Երեւանի բժշկական համալսարանէն եւ Տուպայ հաստատուած են աշխատանքի բերումով: «Շատ գեղեցիկ քաղաք է, կը սիրենք հոս ապրիլ», ըսին ինծի:
«Դուքդասական Սփիւռքի հայերը, շատ աւելիով կապուած էք հայրենիքին եւ գիտէք
ինչպէ՛ս պահել հայուն արժէքները եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը», ըսաւ երիտասարդ կինը: «Մենք` հայաստանցիներս, երբ դուրս գանք Հայաստանէն եւ հաստատուինք Սփիւռք, շատ աւելի արագ կը լուծուինք տեղական պայմաններուն հետ»:
Չզարմացայ երիտասարդ բժշկուհիին նկատողութեան: Բազմաթիւ այցելութիւններուս եւ հանդիպումներուս ընթացքին` Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, նշմարած եմ այս մէկը: Նոյնքան նաեւ տեսած եմ, թէ հայաստանեան եւ դասական Սփիւռքին միջեւ հաղորդակցութեան եւ համակեցութեան կապերը որքա՛ն թոյլ են, եւ երբեմն նոյնիսկ չկան: Եթէ դասական Սփիւռքը կը մաշի, բայց անոր վրայ կու գայ աւելնալու հայաստանեանը, որ կը լուծուի:
Այս վիճակներուն մէջ հայուն համար եղած է, կայ ու պիտի շարունակէ մնալ հիմնական մեծ ազգային առաքելութիւն մըպահել ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնը, որ
«վճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2025):
Հայկական Սփիւռքը, գէթդասականը, մեծ համեմատութեամբ հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Սփիւռքի տարածքին շինեցինք «պզտիկ Հայաստաններ», որովհետեւ ուզեցինք ապրիլ մեր ինքնութեամբ եւ աւանդութիւններով
առանց անտեսելու տեղականն ու տեղացին:
Հաւաքականութիւններ կ՛ապրին իրենց աւանդութիւններով եւ անոր բաղադրիչմշակութային եւ ինքնութեան արժէքներով: Այս կը դառնայ իւրայատուկ իւրաքանչիւրին համար: Վեհափառ հայրապետը կը հիմնաւորէ իր թէզը, երբ կը շեշտէ, որ աւանդութիւնը
«ժողովուրդին գոյութիւնը կ՛ամրապնդէ», եւ գոյութիւնը պահելով` «արժէքները, տեսլականները, հաւատքը ու ոգին կը պահէ»:
Աւանդութիւնները, զանոնք պահելն ու փոխանցելը պէտք չէ դիտել միայն ներազգային տեսանկիւնէն, բայց նոյնքան նաեւհամամարդկային եւ համազգային տեսանկիւնէն: Համաշխարհային քաղաքակրթութիւնն ալ կը հարստանայ այս բազմամշակութային արժէքներով եւ իւրաքանչիւր ազգային աւանդութիւններով: Հայը, որ կը տքնի պահելու ու փոխանցելու իր աւանդութիւնները սերունդէ սերունդ, իր նպաստը կը բերէ համամարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման
բաժնեկցելով իր աւանդութիւնները:
Ներկայ օրերու աշխարհի յառաջխաղացքին մէջ մարդիկ կրնան աւանդութիւնները ժամանակավրէպ նկատել: Վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ, որ սխալ է այս ըմբռնումը, թէ` «աւանդութիւնը անցեալ է, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներու անյարիր»: Այս մտածողութիւնը ճիշդ չէ: Ժողովուրդ մը կ՛ապրի իր աւանդութիւններով: Աւանդութիւններով ապրիլը չի նշանակեր, թէ պիտի ապրինք կեթոյական դրուածքով: Կարելի չէ համամարդկային կեանքի ու անոր հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ընդունիլ, յարգել եւ գնահատել ուրիշը, երբ մենք մեր ինքնութիւնը չենք գիտեր:
Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22:39):
Եթէ քու անձդ չսիրես, այսինքն ինքնութիւնդ, մշակոյթդ, լեզուդ, հաւատքդ, այսինքնԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԴ, պիտի չկարենաս տեսնել ուրիշը
«ընկերդ», իր լեզուամշակութային եւ ազգային աւանդութիւններով: Ազգային աւանդութիւնը պահելը, կերտելն ու վերակենսաւորելը պիտի առաջնորդեն համազգային արժէքներու գիտակցութեան: Եթէ հայը այսօր հարկադրուած է բացուելու աշխարհին, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելիով պիտի ամրապնդէ իր աւանդութիւններն ու վերակենսաւորէ զանոնք աւելի ուժեղ եւ օգտաշատ ձեւով հաղորդակցելու բազմակրօն եւ բազմամշակութային աւանդութիւններով լեցուն համակարգերու հետ:
Աշխարհ այսօր խառնիճաղանճ մթնոլորտի մէջ է: Մարդը կը փնտռէ ու կը փորձէ ստեղծել նոր համակարգեր, նոր արժէքներ, նոր չափանիշներ ու երեւի տակաւիննոր «աստուածներ»: Հայը պէտք չունի այս խառնիճաղանճ մթնոլորտներուն ստեղծած ու սարքած «նոր»երը կիրարկելու: Հայը ունի իր ազգային աւանդութիւնը: Ինչպէս վեհափառ հայրապետը կը յորդորէ, պէտք է
«հաւատարիմ մնալ մեր աւանդութիւններուն»:
Աւանդութիւնը «անփոխելի ու անհպելի երեւոյթ չէ» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ 2025): Եթէ պիտի բարեփոխենք եւ պատշաճեցնենք մեր աւանդութիւնը ներկայ օրերու աշխարհի սլացքին հետ, եւ պէ՛տք է որ ընենք, պարտինք փոխել «կեղեւը», բայց` պահել «միջուկը» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2025):
Իսկ միջո՞ւկը:
Հայն է: Հայուն ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, հաւատքը, աւանդութիւնը: Հայուն աւանդութիւնը հայը ապրեցնողն է: Հայուն աւանդութիւնը հայուն «ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, իրաւունքները եւ պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներն է» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2025):
Հայը իր աւանդութեամբ է, որ կը դառնայ ազգային: Հայը իր աւանդութեան մէջէն ու անոր միջոցով է, որ լաւապէս կրնայ մտնել համազգային ու համամարդկային իրավիճակներուն մէջ:
Պիտի պահենք ազգայինը: Ազգայինը պահելով` կրնանք կերտել նաեւ համազգայինը եւ մտնել համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ:
Ազգայինը-համազգայինի կամրջող օղակը: Հայուն աւանդութիւնն է:
Հայը պիտի պահէ իր աւանդութիւնը: Բայց անպայմանօրէն պիտի վերակենսաւորէ զայն:
Քուէյթ
Leave a Reply