6 Ապրիլին՝ Պոսթընի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի նշում

Կիրակի, 6 ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակը պիտի նշուի Ուաթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։

Արդարեւ, Մեծն Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՕՄի «Լէոլա Սասունի» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Նժդեհ» ուխտը, տեղւոյն ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերը, Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնը, Նիւ Ինկլընտի ՀԲԸՄը, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, «Թէքէեան» Մշակութային Միութիւնը եւ «Շահպազեան» հիմնարկը կազմակերպած են այս ձեռնարկը, որուն բանախօսն է «California Courier» թերթի խմբագիր , «Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»ի հիմնադիր եւ տարիներով Գըրգ Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ Յարութ Սասունեան։

Նախապէս նաեւ ՄԱԿի մարդկային իրաւունքի պատուիրակ՝ Սասունեան իր ներդրումը ունեցած է, որպէսզի ՄԱԿը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Մոռցուած անմոռանալին․ ՄԱԿի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 40ամեակ» նիւթին մասին է, որ ան պիտի դասախօսէ:

Գեղարուստական յայտագիրով ելոյթ պիտի ունենայ Պոսթընի Համազգայինի ArtNova երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Արթիւր Վարանեանի։

https://asbarez.am/archives/478076

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ