Լոյս տեսաւ Յարութ Չէքիճեանի «Հայկական սփիւռքը» հատորը

Վերջերս առցանց լոյս տեսաւ Յարութ Չէքիճեանի «Հայկական սփիւռքը» հատորը:

Գիրքին բովանդակութիւնը հայկական սփիւռքի հայապահպանման եւ մաշեցումն ու օտարացումը կասեցնելու ուղղուած, Արամ Ա. վեհափառին 2022 եւ 2023 տարիները «Սփիւռքի տարի»-ներ հռչակելուն առիթով, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած Չէքիճեանի 20 յօդուածներն են` 14 յունուար 2022-էն 9 յուլիս 2024:

Առայժմ մի՛այն առցանց լոյս տեսած, 202 էջ Փի. Տի. Էֆ. ծրագիրով գիրքին յօդուածները վերջինէն առաջին թուականով շարուած են: Յօդուածները ուսումնասիրութիւններ ենօգտուելով 118 հայ եւ օտար աղբիւրներէ: Յօդուածներուն արգասիքը կ՛առաջադրէ հայապահպանման 12 գործնական առաջարկներ, գրեթէ բոլորը համացանցով գործադրելի: Հեղինակը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ այլեւս լսարաններէ, խորհրդաժողովներէ, յօդուածներէ եւ այլն, պէտք է անցնիլ աշխատանքի` սկսելով գործադրել այս 12-էն ընդունելիները եւ այլ գործնական առաջարկներ:

Գիրքը կարելի է կարդալ հեղինակին կայքէջէն` https://haroutchekijian.wordpress.com/2025/02/28/հայկական-սփիւռքը/

1.- Գիրքին կողքերը, ուր նշուած են հայապահպանման չորս կռուանները` ՏԵԴԱ, տուն եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ