Ժխտողականութիւն

ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ գիրքեր հրատարակուեցան ու բազմաթիւ հարցազրոյցներ տեղի ունեցան, եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք` Միացեալ ազգերու ծագումով, անոր տրուեցաւ Ցեղասպանութիւն (Genocide) անուանումը:

Ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութիւն:

Նախ եւ առաջ մեկնինք այն սկզբունքէն, որ Ցեղասպանութիւնը չէր կրնար առանց նախապատրաստութեան տեղի ունենալ:

Երբ Ցեղասպանութիւնը կը սերտուի եւ կը փաստուի, ի յայտ կու գայ, որ նախքան գործադրութիւնը Ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած, որոշուած, պատրաստուած եւ մանրամասնութեամբ սերտուած է, այս բոլորին հիման վրայ հրահանգ կամ հրաման տրուած է գործադրել, անշուշտ պէտք եղած ծրագիրով եւ յստակ պատճառաբանութիւններ ստեղծելով, որպէսզի ապագային ներկայացուէր աշխարհին, թէ այդ որոշումը որքա՛ն անհրաժեշտ էր…

Երբ արխիւները բանանք եւ մանրամասնօրէն սերտենք պատահած դէպքերն ու հետեւանքները, ծիծաղելի կը գտնենք թուրքին ինքնապաշտպանութիւնը, որ կը թարգմանուի իբրեւ ժխտողականութիւն (négationisme):

Շատ յստակ է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջաւորութեան թուրքերը ջանացին իրենք զիրենք արդարացնել` ըսելով, որ հայերը, թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու նման, պատերազմի դէպքերուն զոհ գացին, եւ որպէսզի այդ յայտարարութիւնները շատ ծիծաղելի չըլլային, փնտռեցին կարգ մը գործակալներ, զորս դատելով եւ բանտարկելով կարծեցին, թէ պիտի կարենային լռեցնել մարդկութիւնը եւ դարձնել այդ ահռելի ջարդերուն էջը…

Գիտենք, որ բուն մեծաւորները իրենց մեծ ոճիրին գինը սուղ վճարեցին` հայ հերոսներու միջոցով եւ իրենց փախած երկիրներուն մէջ փողոցները սպաննուեցան…

Բայց հարցը հոն չէր վերջանար: Թուրք կառավարութիւնը պատասխանատուութիւնը ունէր ոչ միայն ընդունելու այս համաշխարհային ոճիրը, այլ միեւնոյն ատեն` ապահովել հայերուն նիւթական իրաւունքները (տուները, հողերը, կալուածները, դրամատան մէջ ունեցած ոսկիներն ու դրամները…):

Անշուշտ Թուրքիա իր կողքին ունեցած է կոյր վկայ մըիր նշանաւոր դաշնակիցը Գերմանիան, որ օսմանեան բոլոր նահանգներու մէջ ունէր իր հիւպատոսները, զինուորական սպաները, զինուորները եւ զանազան բարեսիրական հաստատութիւնները:

Յստակօրէն եւ բնականաբար բարեսիրական հաստատութիւնները շատ արագ եւ մարդկային ձեւով բողոքի սկսան եւ առանց ժամանակ կորսնցնելուԳերմանիոյ հիւպատոսները պէտք եղած տեղեկութիւնները եւ փաստերը հեռագիրներով ղրկեցին Գերմանիոյ դեսպանատունը Պոլսոյ մէջ, որ իր կարգին կը ղրկէր Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին արտաքին գործոց նախարարութեան:

Այս էր օրինաւոր շղթան, բայց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Գերմանիոյ դեսպանատունը համաձայնութեամբ ճիգ թափեցինմեղմացնելու եւ անարժէք դարձնելու այս բողոքները, պարզապէս պաշտպանելու համար գերմանական եւ թրքական յարաբերութիւնները եւ պահելու Օսմանեան կայսրութեան եւ Գերմանիոյ բարեկամութիւնը:

Գերմանացին ամէն գնով ջանաց լռեցնել իր հիւպատոսներուն բողոքը, բարեսիրական հաստատութիւնները եւ եկեղեցական շարժումները, որոնք Գերմանիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ իրենց թերթերով եւ քարոզներով կը ջանային յանցաւոր հանել Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւ զայն մեղսակից դարձնել հայերուն ջարդին:

Յստակ էր, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարըԹէոպալտ վոն Պեթման Հոլուեք, հրահանգած էր Պոլսոյ մէջ իր դեսպանին Հանս վոն Ուէկընհէյմին, որ ստացած տեղեկութիւնները չհրատարակէ եւ մեղմացնելով գանգատները` փոփոխութեան ենթարկէ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը այդ ձեւով ներկայացնէ Գերմանիոյ ժողովուրդին:

Այս քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերջաւորութիւնը, երբ բացայայտուեցաւ 1.500.000 հայերուն ահաւոր ջարդը:

Թուրքերը ամէն ձեւի ժխտողականութեամբ պաշտպանեցին իրենց տեսութիւնը եւ ուզեցին փաստել, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող զանազան համայնքները կորուստներ ունեցած էին պատերազմին պատճառով:

Պոլսոյ մէջ հայոց պատրիարքարանը երեւան հանելով իր տոմարներուն մէջ գտնուող 1913-1914 թուականներու հայերուն ունեցած հարստութիւններու ցանկերը, որոնք կը պարփակէին270.000 ընտանիքներ, 2538 եկեղեցիներ, 451 վանքեր, 1996 դպրոցներ եւ 42 որբանոցներ, զանոնք ներկայացուց յաղթող երկիրներուն Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա, Ամերիկա եւ այլն:

Այսօր, Պոլիսէն ներս թէ դուրս, Թուրքիոյ մէջ կան 80-120.000 հայեր. Պոլիսէն դուրս կան միմիայն 6 եկեղեցիներ, ո՛չ վանքեր, ո՛չ դպրոցներ:

Այս թիւերը նկատի առնելով` թուրքերը տեսակաւոր պատճառաբանութիւններ գտան, որպէսզի չփոխհատուցեն հայերը:

Եթէ ուշադիր անդրադառնանք Հայոց ցեղասպանութեան եւ հետեւելով թուրքին` ընդունինք իրենց տեսութիւնը, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին 1.500.000 հայերը չջարդուեցան ոճրագործ թուրքին կողմէ, թուրքերը յանցաւոր չէին, եւ հայերը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող այլ ազգերու նման, պատերազմի զոհ գացին:

Լա՛ւ. իսկ ի՞նչ եղան հայերուն ունեցած կալուածներու իրաւունքները2538 եկեղեցիները, 451 վանքերը 1990 դպրոցները 42 որբանոցները, որոնք միայն առաքելական համայնքին կը պատկանէին, անդին կային նաեւ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն պատկանող հաստատութիւնները:

Ո՞ւր է այս հաստատութիւններուն վնասուց հատուցումը, ո՞ւր են 270.000 ընտանիքներուն ժառանգները, դրամատան մէջ գտնուող անոնց դրամները, ոսկիները, տուները, հողերը, ագարակները, անասունները, անձնական գործատեղիները եւ խանութները, նկատի ունենալով, որ այս անձերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ էին, ո՞ւր մնացին անոնց իրաւունքները:

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բազմաթիւ զաւակներ թէեւ իրենց իրաւունքները պահանջեցին, սակայն թուրք պետութիւնը միշտ փախուստ տուաւ, իսկ մարդկային իրաւունքներու դատարանները նկատի չառին հայերուն պահանջները:

Ուրեմն ճիշդ է այն խօսքը, որ«Իրաւունքը զօրաւորին է, մանաւանդ որ թուրք կառավարութիւնը իր խորամանկութեամբ կրցաւ միանալ զօրաւոր երկիրներու, մանաւանդ ՆԱԹՕ-ի, որ համայնավար Ռուսիոյ դէմ ճակատ բռնած էր:

Թուրքին աշխարհագրական դիրքը նպաստաւոր էրՌուսիոյ դէմ սահման ունենալով եւ զօրաւոր բանակով մասնակցելով ՆԱԹՕ-ի զինուորական կազմին. ան իր կարեւոր դերը ունեցաւ եւ այդ դիրքէն օգտուելով կրցաւ ինքզինք պաշտպանել, եւ դարձեալ մեծ պետութիւնները զինք իրենց շարքին մէջ պահելու համար մեղմացուցին հայերուն պահանջը եւ աչք խփեցին թուրքին գործած ոճիրներուն եւ ջարդերուն դիմաց:

70-80 տարիներ ետք կարգ մը երկիրներ ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչ թուրքը հայերուն ներկայացուցած փաստաթուղթերը ժամանակավրէպ սեպելով` պատճառաբանութիւններ գոյացուց:

Թուրքը ՆԱԹՕ-ի միանալով ամերիկեան, ֆրանսական եւ անգլիական զինուորական ուժերունօգտուեցաւ Միացեալ ազգերէն պաշտպան ունենալով այդ երկիրներու վեթոն, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, 5 երկիրներ իրաւունք ունին վեթօ դնելու ՄԱԿ-ի որոշումներուն` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Չինաստան:

Այսպիսով, թուրքը պաշտպանուեցաւ, մինչ ուրիշ երկիրներու մէջ եղած ցեղասպանութիւնները, ինչպէսՔամպոտիա (ուր 2.000.000 մարդ ջարդուեցաւ), Ռուանտա, Միանմար եւ զանազան ափրիկեան երկիրներ պատիժ կրեցին. ուրեմն ճիշդ է, որ կ՛ըսեն «Դատարանին մէջ քեռին թող ըլլայ»:

Իսկ մենք 109 տարիներ ետք տակաւին մեր իրաւունքները կը պահանջենք, մինչ աշխարհը, մանաւանդմարդկային իրաւունք պաշտպանող երկիրները, աւելի հետաքրքրուած է տոլարով եւ քարիւղով, քան թէ մարդկային իրաւունքներու հատուցումով, որ տակաւին 109 տարի կրնայ սպասել…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ