Ըստ «Հիւրրիեթ»-ին. Թուրքիան ծրագիր կը մշակէ այն պարագային համար, եթէ ՔԱԿ-ը հրաժարի զէնքերը վար դնել

Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը զինուորական գործողութիւններու ծրագիր կը մշակէ այն պարագային համար, եթէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ), չհնազանդի իր ղեկավար Ապտալլա Օճալանի կոչին եւ հրաժարի վար դնել զէնքերը: Այս մասին կը գրէ թրքական կառավարամէտ «Հիւրրիեթ» օրաթերթը` յղում կատարելով սեփական աղբիւրներուն:

Թուրքիոյ մէջ անօրինական նկատուող ՔԱԿ-ը շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ զինադադար կը հաստատէ` ի պատասխան իր ղեկավար Ապտալլա Օճալանի, որ ցկեանս բանտարկուած է Մարմարա ծովու Իմրալի կղզիի բանտին մէջ:

ՔԱԿ-ը միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է, որ պատրաստ է հրաւիրել ընդհանուր ժողով, ուր պիտի քննարկէ ինքնալուծարման հարցը, սակայն միայն իր ղեկավարին անձնական ներկայութեամբ:

Օճալան ՔԱԿ-ին կոչ ուղղած էր ընդհանուր ժողով գումարելու եւ անոր արդիւնքներուն հիման վրայ յայտարարելու կուսակցութեան ինքնալուծարման եւ անոր ստորաբաժանումներու զինաթափման մասին:

ՔԱԿ-ը ընդգծած է, թէ զինադադարը պիտի գործէ այնքան ատեն որ ոչ ոք յարձակած է ՔԱԿ-ի ստորաբաժանումներուն վրայ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է վերսկսիլ ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնը, եթէ կուսակցութիւնը խորամանկութիւններու դիմէ կամ արգելակէ հոլովոյթը:

«Եթէ Քանտիլը (Կորդուաց լեռներ, «Ա.») զէնքերը վար չդնէ, Օճալանը ատիկա պիտի չընդունի: Չէ՞ որ անոնք (զինեալները) կ՛անտեսեն սեփական ղեկավարութիւնը: Հաւանաբար Օճալանի յաջորդ յայտարարութիւնը ըլլայ հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Այդ Քանտիլը ամերիկեան-իսրայէլեան նախագիծ է: Այս ՔԱԿ-ը իմ ՔԱԿ-ս չէ, ատիկա Իսրայէլի ՔԱԿ-ն է, Իրանի ՔԱԿ-ը, Միացեալ Նահանգներու ՔԱԿ-ն է»: Կը նախապատրաստուի այն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ ՔԱԿ-ը զինաթափուի, եւ զինուորական գործողութիւններու ծրագիրներ կը մշակուին, եթէ ատիկա տեղի չունենայ», գրած է «Հիւրրիեթ»:

Օրաթերթին տեղեկութիւններով` որոշուած են կուսակցութեան զինաթափման ժամկէտերը, ճշդուած է «ճամբու քարտէս»-ը:

«Երկու-երեք ամիս հսկողութիւն պիտի կատարուի: Պիտի որոշուին մեքանիզմներ, որոնք պիտի գործադրուին, եթէ Քանտիլը որոշէ վար դնել զէնքերը: Երբ ՔԱԿ-ը որոշէ զէնքերը վար դնել, ի՞նչ պիտի պատահի կազմակերպութեան ղեկավարներուն: Ո՞ր երկիրը պիտի գրաւէ զէնքը եւ ո՞ւր: Ատոր համար մեքանիզմներ պիտի ստեղծուին: Զէնքը պիտի փոխանցուի Թուրքիոյ համապատասխան հաստատութիւններուն` Իրաքի մէջ Թուրքիոյ եւ իրաքեան վարչակազմի հսկողութեան եւ վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ մէջ ճշդուած վայրեր», նշած է «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ