
21 Յունուար 2025-ին, գրող, մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Ժանեակը՝ Քարէն Եփփէի Յիշատակութեամբ» խորագիրով ցուցահանդէսը, ներկայութեամբ հալէպահայ գրող եւ արձակագիր Պերճուհի Աւետեանի։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Աւետեան ներկայացուց օր. Քարէն Եփփէի դերը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք որբահաւաքի եւ ապա հայուհիներուն հիւսած ասեղնագործ աշխատանքներու պահպանման ու տարածման մէջ։ Ապա Աւետեան իր հեղինակած «Միսս Եփփէ Մայրիկ» գիրքը նուիրեց թանգարանին։
Այս առիթով, հալէպահայ տիկին Թագուհի Մելքոնեան-Քէշիշեանի ժանեակագործութեան նմոյշները ներկայացուեցան։ Տիկին Թագուհիին հայրը՝ Մելքոնեան Միսաքը, մայրը՝ Լուսիան եւ հօրեղբայրը եղած են Միսս Եփփէ Մայրիկին որդեգիրները։ Այս առիթով Աւետեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ հայկական ասեղնագործութեան եւ Միսս Եփփէ Մայրիկի դերին՝ հայկական ասեղնագործութեան պահպանման եւ տարածման մէջ, շնորհիւ իր հիմնած հայկական ասեղնագործութեան աշխատանոցներուն, որոնց շնորհիւ հայ կիներ ու աղջիկներ թէ՚ աշխատանք կ՚ունենային, եւ թէ կը պահպանէին ու կը սորվեցնէին ժանեակագործութիւնը։
Ցուցահանդէսէն ետք, որ նուիրուած էր Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 106-ամեակին, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
http://yerakouyn.com
Leave a Reply