Կիւլեր. «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները նոր Սուրիոյ մէջ տեղ չունին»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր թրքական լրատուամիջոցներու Անգարայի գրասենեակներու պետերուն հետ տարեվերջի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այս նոր ժամանակաշրջանին, ՔԱԿ-Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ուշ կամ կանուխ պիտի վերացուին Սուրիայէն: Թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ սուրիական նոր վարչակազմը ասիկա կ՛ուզեն: Կազմակերպութեան ոչ սուրիացի անդամները պիտի հեռանան երկրէն: Սուրիացիները իրենց զէնքերը վար պիտի դնեն»: Այս մասին հաղորդեց «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ը:

«Թուրքիան շրջանի քիւրտերուն հետ խնդիր չունի, ո՛չ ալ Իրաքի կամ Սուրիոյ մէջ, սակայն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ իր պայքարը պիտի շարունակուի», շեշտեց Կիւլեր` յիշեցնելով. «ՔԱԿ-Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները տարիներէ ի վեր կը բռնաճնշեն երկու երկիրներու քիւրտերը: Մեր խնդիրը ՔԱԿ-Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հետ է, որ կը բռնաճնշէ մեր քիւրտ եղբայրները»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ գործընկերութեան, նախարարը ընդգծեց, որ «կացութիւնը փոխուած է: Ընդդիմադիր ուժերը Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն գրաւած են Թել Ռիֆաաթն ու Մանպիժը, եւ անոնք վերջերս վերահսկողութիւն հաստատեցին Տէր Զօրի վրայ` ռազմավարական նահանգ մը, ուր կը գտնուի քարիւղի հարստութեան մեծամասնութիւնը: Ուստի Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները այժմ զրկուած են իրենց եկամուտի հիմնական աղբիւրներէն»:

«Ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը պիտի հանդուրժեն, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ինքնագլուխ գործեն եւ իրենք իրենց տարածքը ստեղծեն: Մեր առաջնահերթութիւնը Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Սուրիայէն վերացնելն է: Այս մէկը բաց կերպով կ՛ըսենք մեր ամերիկացի բարեկամներուն: Իրենցմէ կը սպասենք, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կեցուածքը», աւելցուց նախարարը:

Նշենք, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ սակայն «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեցին. «Անհաւանական է, որ Թրամփ հրաժարի Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական դիրքերէն»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերստին երեւան գալու ցուցանիշներ չկան: Սուրիոյ մէջ մեր զինուորական ներկայութիւնը կրնանք Սուրիոյ նոր կառավարութեան հետ քննարկել եւ վերատեսութեան ենթարկել, երբ պայմանները զայն անհրաժեշտ դարձնեն»: Ըստ անոր, թրքական ուժերը Սուրիա կը գտնուին անոր մասնատումը եւ Թուրքիոյ սահմանին երկայնքին ահաբեկչական միջանցքի ստեղծումը կանխարգիլելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ սուրիական նոր կառավարութեան միջեւ զինուորական գործակցութեան, Կիւլեր յիշեցուց, որ իր երկիրը այդպիսի համաձայնութիւններ կնքած է տասնեակներով երկիրներու հետ, եւ ատիկա կրնայ Սուրիոյ նոր կառավարութեան հետ ալ ընել, եթէ անիկա պահանջէ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 13 դեկտեմբերին յայտարարեց. «Սուրիան պիտի մաքրուի ահաբեկիչներէն, եւ ատիկա մեր պատասխանը պիտի ըլլայ անոնց, որոնք կը հարցնէին, թէ ինչո՛ւ Սուրիա կը գտնուինք»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշեց. «Չկայ յստակ ցուցանիշ, թէ Ռուսիան կը հեռանայ: Չեմ կարծեր, որ անոնք պիտի հեռանան: Անոնք իրենց կարելին պիտի ընեն այդտեղ մնալու»:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 12 տարի փակ մնալէ ետք վերաբացուեցաւ, եւ անոր վրայ թրքական դրօշը բարձրացուեցաւ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ