Պերճուհի Պէրպէրեանի նոր ցուցահանդէսը

Պեր­ճուհի Պէր­պէ­րեան բա­զում շնորհնե­րով օժ­տո­ւած արո­ւես­տա­գիտու­հի է։ Ան ան­ցեալին թա­տերա­կան, գրա­կան եւ գե­ղան­կարչա­կան զա­նազան աշ­խա­տու­թիւննե­րով ներ­կա­յացաւ պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան։

Եր­կար տա­րիներ աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «Ակօս»ի, որ­պէս սիւ­նա­կագիր։ Այդ նոյն շրջա­նին թեր­թիս հա­յերէն էջե­րուն հա­մար ալ շա­րադ­րեց Յա­կոբ Այ­վա­զի ստեղ­ծած «Լու­ցի­քա Տու­տու» կեր­պա­րի նոր ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րը։ Պէր­պէ­րեան «Լու­ցի­քա Տու­տու»ի մի­ջոցաւ յա­ջողե­ցաւ հեգ­նանքով լե­ցուն եր­գի­ծական գրա­կանու­թիւն մը ար­տադրել։

Այժմ Պէր­պէ­րեան կը պատ­րաստո­ւի գե­ղան­կարչա­կան երկրորդ ան­հա­տական ցու­ցա­հան­դէ­սին, որուն բա­ցու­մը պի­տի կա­յանայ 14 Դեկ­տեմբեր շա­բաթ երե­կոյ Կեդ­րո­նական Սա­նուց Միու­թեան մէջ։

Յի­շելով նա­խորդ ցու­ցա­հան­դէ­սի տպա­ւորու­թիւննե­րը, կրնանք կռա­հել թէ, այս ան­գամ ալ նկար­նե­րու գլխա­ւոր թե­ման պի­տի ըլ­լայ բնան­կարնե­րը։ Ամէն պա­րագա­յի հե­տաքրքրու­թեամբ պի­տի սպա­սենք ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը, մա­նաւանդ նկա­տի ու­նե­նալով անոր խո­րագի­րը՝ «Հոգ­ւոյս երանգները»։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/31540/byerchuhi-berberyeani-nvor-tsutsahantesi

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ