Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ. սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ. սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու տարբեր շերտերուն:

Խորհրդաժողովին մասնակիցները քննարկումներ ծաւալեցին հետեւեալ առանցքային նիւթերուն շուրջ.

  • Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը` իբրեւ անվտանգային եւ զսպիչ գործօն,
  • աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. համաթրքականութիւնը շրջանային սպառնալիք,
  • հայ-թրքական տնտեսական յարաբերութիւններ. Կախուածութի՞ւն, թէ՞ հնարաւորութիւն:

Զեկուցումներով հանդէս եկան քաղաքական, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Հետագային աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք խորհրդաժողովին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ