
Կոմիտասի` արտասահմանէն վերադարձէն անցած էր 6-7 ամիս: Այդ ժամանակ ան արդէն որոշ համբաւ ունէր: Սակայն էջմիածնի մէջ կային մարդիկ, որոնք այնքան ալ լաւ աչքով չէին դիտեր «եար» եւ «սէր» երգող վանականը: Այն ժամանակ մամուլը Կոմիտասի մասին գրեց. «Երեք տարուան ընթացքին կօշկակարութիւն կարելի չէ սորվիլ, ալ ո՜ւր մնաց` երաժշտութիւն»: Այս յօդուածը վշտացուց Կոմիտասը, թէեւ կը ձեւացնէր, թէ հաշուի չէր առներ յօդուածագրին խօսքերու թոյնը:
Անգամ մը անոր այցելութեան եկաւ Վրթանէս Փափազեան` կարճահասակ գիրուկ մարդու մը հետ: Կոմիտաս սկսաւ նուագել ու երգել իր մշակած երգերէն: Փափազեան ալ առաւ ջութակը ու սկսաւ նուագել քրտական «Լուր-տա-լուր»-ը: Կոմիտաս հիւրերէն աննկատ առաւ ճերմակ թուղթ մը ու աչքերը յառած Փափազեանին` կը լսէր անոր նուագը: Փափազեան կը նուագէր սրտախտիտ, ջերմ զգացումով:
– Ինչպէ՞ս է, Կոմիտա՛ս, հաւնեցա՞ր,- հարցուց Փափազեան` ջութակը հեռացնելով կուրծքէն:
– Հիանալի է, հաւնեցայ ու սիրեցի, այժմ ես կը նուազեմ, դո՛ւն լսէ:


Այս ըսելով` Կոմիտաս առաւ գրասեղանէն թուղթը, նստաւ դաշնակին առջեւ ու սկսաւ նուագել եւ երգել «Լուր-տա-լուր»-ը: Եղանակի վերարտադրութիւնը ամբողջովին ճիշդ էր ու հարազատ: Փափազեան հիացումէն ուղղակի ապշած, քարացած էր:
– Կոմիտա՛ս, դուն այն նախապէս ձայնագրած ունէի՞ր:
– Ո՛չ, ձայնագրեցի, երբ դուն կը նուագէիր, ըսաւ եւ ցոյց տուաւ ծուռումուռ տողերով նոր գրի առած երգը:
Փափազեան շեշտակի հայեացք մը նետելով իրեն հետ եկած ընկերոջ կողմը` ձայնեց.
– Մի՞թէ անբարեխիղճ, անամօթ չէ այն մարդը, որ առանց ծանօթանալու Կոմիտասի հետ, առանց գաղափար ունենալու անոր շնորհքին ու ընդունակութիւններուն մասին` հրապարակաւ կը քննադատէ զայն…
– Այդ անամօթ մարդը ես եմ, Կոմիտա՛ս: Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ անբարեխղճութեան համար,- թոթովեց անծանօթը` խեցգետինի նման կարմրելով եւ ձեռքը մեկնելով Կոմիտասին:
Յանկարծակիի եկած Կոմիտասի դէմքը մթագնեցաւ անհաճոյ զգացումէն, բայց վայրկենական այդ մութ ստուերին յաջորդեց լայն ու պայծառ ժպիտը, եւ ան մանկական անյիշաչարութեամբ ու ներողամտութեամբ սեղմեց իրեն պարզուած ձեռքը:
Leave a Reply