
ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻ՜ՒՆ… ԱՐԴԷՆ ՔԻՉ ՄՆԱՑ
Մամուլը կ՚ընդունուի հանրութեան հայելին. թրքահայ կեանքի ամօթալի համայնապատկերին վրայ համայնքային վարիչները լեզուի հարցը լուծել կ՚ուզեն մեր թերթը ոչնչացնելով ու զայն կը թիրախաւորեն՝ առկայ սնանկ համակարգը ցոլացնելու համար։
Երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք մեր հիմնադիրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խոնարհինք թերթիս բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ։ Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։ Կը վերահաստատենք անոնց նկատմամբ մեր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Յարատեւման յամառ պայքարի ճանապարհին կը շարունակենք մնալ վճռական ու պահպանել մեր յոյսը…
http://www.jamanak.com/content/խմբագրական/28-10-2024-ժամանակ-117-տարեկան
Leave a Reply