Եոհաննէս Լեփսիուս` հայութեան մոռցուած «հրեշտակներ»-էն

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած անցեալ յօդուածներուս մէջ յիշած էի «մոռցուած հրեշտակներ»-ուն մասին, որոնք, թէեւ` անկախ իրենց կամքէն, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն ներկայ էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուր զանազան պաշտօններ կը վարէին, բայց եւ այնպէս,  իրենց ազատ կամքով ջանացին եւ ճիգ թափեցին օգնելու հայ ժողովուրդին: Եոհաննէս Լեփսիուս մաս կը կազմէր այս «հրեշտակներ»-ուն…

Ծնած է 1858-ին, Գերմանիոյ Փոցտամ քաղաքը, գիտնականի ընտանիքի մէջ. հայրը` Քարլ Ռիչըրտ Լեփսիուս, որ գերմանացի մեծ եգիպտագէտ եւ հնագէտ էր, Եգիպտոսի բուրգերուն մասին 26 փնտռտուքներ եւ գիտական գրութիւններ հրապարակած էր:

Եոհաննէս Լեփսիուս հետեւած է մարդագիտութեան եւ արեւելագիտութեան մասնագիտութիւններու եւ 1884-ին դոկտորի աստիճան ստացած` իբրեւ աստուածաբան, ապա մեկնած է Երուսաղէմ` իբրեւ պատուելի եւ ուսուցիչ, ուր մխրճուած է Օսմանեան կայսրութեան բազմաթիւ եւ զանազան կրօններով խառն ժողովուրդներուն իրականութեան մէջ:

Եոհաննէս Լեփսիուս կոչուած է Գերմանական արեւելքի առաքելութեան նախագահ եւ գլխաւոր պատասխանատու` գերմանական թրքական հողերու վրայ գոյութիւն ունեցող կարմիր խաչերուն:

Անձամբ ապրած եւ տառապած է` հայկական ջարդն ու Ցեղասպանութիւնը տեսնելով. հարիւրաւոր նամակներ ղրկած է Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանին, Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան, որոնց դիմաց ստացած է միայն խոստումներ:

Արդիւնք չստանալով` որոշած է երթալ Գերմանիա եւ մամուլին յանձնել նամակներ, վկայութիւններ, նկարներ: Հանդիպումներ ունեցած է Գերմանիոյ մեծ աստուածաբաններու եւ միսիոնարներու հետ` համալսարաններու համագումարի  սրահներու մէջ,  տեղեկութիւն տալով հայերու ջարդերուն մասին:

Այս բարձր հանդիպումներուն որոշում տրուեցաւ 10  անձնաւորութիւններով, որոնք կը ներկայացնէին Գերմանիոյ բարձրագոյն մակարդակի կրօնական եւ բարեսիրական հաստատութիւնները, տեսակցիլ Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ. կայսեր եւ վարչապետ վոն Պեթման – Հոլուէկին հետ, անոնց ներկայացնել իրենց դժգոհութիւնները` պատահած դէպքերուն գծով:

Վիլհելմ Բ. կայսրը  ընդունեց զիրենք եւ խոստացաւ անձնական նամակ մը ղրկել սուլթանին եւ Էնվեր փաշային, մինչ մեծ վարչապետ Վոն Պեթման Հոլուէկ, իր կարգին, խոստացաւ անձնական միջամտութիւն կատարել` ի նպաստ հայերուն:

Բայց եւ այնպէս, վարչապետը  Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան` Հանս վոն Ուանկընհայմի կը ղրկէ հեռագիր մը, որուն մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Մեր հիմնական կեցուածքը պիտի ըլլայ ի նպաստ Թուրքիոյ, որ ան կարենայ ոտքի մնալ մինչեւ պատերազմին վերջը. հոգ չէ` այդ պատճառով հայերը կը տուժե՞ն, թէ՞ ոչ…»:

Կայսեր նամակին ընդդիմացաւ զինուորական բարձր կոմիտէն, որուն մտահոգութիւնը պատերազմը շահիլ էր եւ չէր ուզեր իր յարաբերութիւնները խանգարել Թուրքիոյ հետ` պատճառաբանելով եւ ըսելով. որ հայերուն հարցը «ներքին հարց» է:

Գերմանիոյ կառավարութեան որոշումը յստակ էր` Թուրքիոյ ըրածին աչք խփել, կարեւորը նպատակին հասնիլն ու պատերազմը շահիլն է:

Կայսրը ստիպուեցաւ ընդունիլ զինուորական որոշումը եւ Լեփսիուսին թելադրեց երթալ Պոլիս եւ հանդիպիլ Էնվերին հետ եւ յիշեցնել անոր, թէ Գերմանիոյ կայսեր փափաքն է, որ հայերուն հետ լաւ վարուի:

Երբ Լեփսիուս  գնաց Էնվերին  քով, ան զինք ընդունեց եւ պատասխանեց` ըսելով. «Մենք կ’ընենք, այն, ինչ որ գերմանացիները ըրին Լեհաստանի մէջ»:

Երբ Լեփսիուս դարձեալ բողոքեց, Էնվեր զայն իր գրասենեակէն վռնտեց եւ միաժամանակ հրաման տուաւ, որ ան այլեւս իրաւունք չունենայ վերադառնալու օսմանեան հողեր, նաեւ անմիջապէս հրամայեց, որ անոր բոլոր Կարմիր խաչի կեդրոնները փակուին:

Լեփսիուս`  յուսախաբ, վերադարձաւ Գերմանիա եւ շարունակեց իր զեկուցումները, որոնք 300 էջնոց հաւաքածոյ էին եւ ջանաց ղրկել թերթերուն ու բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններուն:

Գերմանական կառավարութիւնը իր ժողովուրդին առջեւ նեղութիւն զգաց այս շարունակական նախաձեռնութիւններէն ու վկայութիւններէն եւ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ խռովութիւն չստեղծելու համար որոշեց զինք հալածել:

Իրեն հակառակորդ երեսփոխան Ֆուրմանի  բողոքով արգիլուեցան իր զեկուցումները  հրապարակել, եւ Լեփսիուս ստիպուեցաւ գաղտնօրէն բաժնել զանազան թերթերու եւ կղերական ու բարեսիրական հաստատութիւններու, նոյնիսկ` կարգ մը երեսփոխաններու:

Հոն է, որ կառավարութիւնը սկսաւ զինք հալածել, եւ Լեփսիուս ստիպուեցաւ հրաժարիլ Գերմանիոյ Կարմիր խաչի նախագահութենէն եւ փախչիլ դէպի Հոլանտա:

Յստակ էր, որ Գերմանիան իր պատերազմի յաղթութիւնը կը հետապնդէր եւ աչքը միւս կողմ կը դարձնէր` Թուրքիոյ ներքին զանազան ազգերու եւ կրօններու դէմ եղած ոճիրներէն:

Լեփսիուսին կողքին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող ուրիշ գերմանացիներ եւս իրենց վկայութիւնները ներկայացուցին ի նպաստ հայերուն… պարզապէս յիշենք դոկտոր Մարթին Նիեփաժը եւ իրեն հետ աշխատող ուսուցիչները, որոնք կը գործէին Հալէպի Ռիալշուք գերմանական դպրոցին մէջ:

Նոյն ձեւով Հերի Սթուըրմըրը, որ «Կազեթ Տը Քոլոն» թերթին պատասխանատուն էր Պոլսոյ մէջ եւ ջարդերու մասին շատ մը յօդուածներ ղրկած էր, սակայն Գերմանիոյ կառավարութիւնը արգիլած էր անոնց հրատարակութիւնը:

1919  թուականին Լեփսիուս հայերուն մասին հրատարակեց գիրք մը, որուն վերնագիրն էր` «Հայ ազգին մահը» («The Death of the Armenian Nation»):

Գերմանիոյ` Համաշխարհային Ա. պատերազմի կորուստէն ետք, Լեփսիուս վերադաձաւ իր երկիրը եւ շարունակեց աշխատիլ ի նպաստ հայերուն եւ 1921-ին Պերլինի դատարաններուն առջեւ վկայեց ի նպաստ Սողոմոն Թեհլիրեանին:

Լեփսիուս իր ամբողջ կամքով, ուժով ու համոզումով ջանաց պաշտպանել հայերը, եւ շատ հաւանական է, որ «Մոռցուած հրեշտակ»-ներէն ամէնէն շատ ինքը զոհուած է, որովհետեւ կորսնցուցած է իր դիրքը` իբրեւ Կարմիր խաչի տնօրէն եւ վռնտուելով օսմանեան հողերէն` աքսորուած է Գերմանիայէն, ան իր բոլոր առաւելութիւնները  զոհած է հայերուն իրաւունքները պաշտպանելու համար:

Լեփսիուս մահացած է Իտալիոյ Մերանօ քաղաքին մէջ, 3 փետրուար 1926-ին, 67 տարեկանին:

1993 թուականին Ֆրանց Վերֆել, որ հրատարակած է «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքը, Լեփսիուսի մասին ըսած է, որ ան եղած է «Հայերուն պահապան հրեշտակը»:

Այսօր Երեւանի մէջ կը գտնուի Զէյթուն թաղամասը, պարտէզ մը, որուն մէջ կը գտնուի քարէ յուշարձան մը, որուն վրայ գրուած է, «1858-1926

Նա իր կեանքը նուիրաբերեց հայ ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեանը եւ հետապնդուող հայերի փրկութեանը»:

Բացումը տեղի ունեցաւ 6 մայիս 2008-ին` ներկայութեամբ Գերմանիոյ դեսպան Պերնհարտ Մաթիաս Կիեսլըրի, Գերմանիոյ Փոցտամ քաղաքի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռոլֆ Հոսֆելտի եւ Լեփսիուսին թոռնիկին` Մանֆրետ Աշեքի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի, որ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին  ներկայացուցիչն էր:

Կարելի չեղաւ գիտնալ, թէ սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ Լեփսիուսի յիշատակին յուշարձաններ  գոյութիւն ունի՞ն, թէ՞ ոչ:

Իմ անձնական փափաքս է, որ մեր դպրոցներուն պատմութեան գիրքերուն մէջ քանի մը էջով յիշուին այս մոռցուած հրեշտակները, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը գիտնայ եւ յիշէ զանոնք, նաեւ` այն քաղաքներուն մէջ, ուր հայ գաղութը մեծամասնութիւն է, յուշարձաններ զետեղուին անոնց յիշատակը յարգելու համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ