«1974-2024, Կիպրոսի գրաւեալ շրջաններու մշակութային ժառանգութեան քանդումի 50-ամեայ ընթացք » խորագրով միջազգային գիտաժողով

Ուրբաթ, 18 հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի եւ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանի, ներկայ գտնուեցաւ Քիքքոյի Վանքի Կրօններու եւ Մշակոյթներու Միջազգային Հիմնարկի կազմակերպած «1974-2024, Կիպրոսի Գրաւեալ Շրջաններու Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումի 50-ամեայ Ընթացք» խորագրով միջազգային գիտաժողովին բացման հանդիսութեան, “Արխանկելոս” վանքի ժողովասրահին մէջ:

Բացման հանդիսութեան ներկայ պաշտօնական անձնաւորութեանց կարգին էին Կիպրոսի Եկեղեցւոյ Պետ ՆԱՏ Եորղիոս Գ. Արքեպիսկոպոս, Հանրապետութեան Նախագահը ներկայացուցնող նախարարներ, Երուսաղէմի եւ Աղեքսանդրիոյ Յոյն Օրթոտոքս պատրիարքները ներկակացնող եպիսկոպոսներ, Կիպրոսի Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի անդամ եպիսկոպոսներ, Մարոնիթ եւ Լատին եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ մեծ թիւով հոգեւորական եւ գիտական անձնաւորութիւններ:

Բացման հանդիսութեան, հոգեւոր եւ պետական աւագանիին շարքին, խօսք առաւ նաեւ Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս, որ շնորհաւորեց գիտաժողովի կազմակերպիչները եւ թուեց Հայ Եկեղեցւոյ սեփականութիւն հանդիսացող թէ´ սրբավայրերը եւ թէ ալ մշակութային եւ հոգեւոր արժեք ունեցող հնամեայ գանձերը: Իր խօսքի աւարտին, Սրբազանը յոյս յայտնեց որ պիտի հասնի օրը երբ գրաւեալ մեր սրբավայրերը պիտի վերանորոգուին ու վերակենդանանան եւ բոլորս միասնաբար պիտի աղօթենք անոնց մէջ:

Աւարտին, Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող հոգեւոր հայրերը մասնակցեցան սարքուած ընդունելութեան եւ առիթը ունեցան անձնապէս զրուցելու ներկայ աշխարհական եւ հոգեւորական անձնաւորութիւններուն հետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ