Արցախահայութեան չորրորդ համագումարը եւ մերժում` Արցախը Ազրպէյճանի բռնակցելու պահանջին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Պաքուի անգլիական հրամանատարութեան գիտութեամբ 15 յունուար 1919-ին Խոսրով բէկ Սուլթանովը Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի ընդհանուր նահանգապետ նշանակած էր:

Ազրպէյճանի նպատակն էր բռնի ուժով ճնշել հայերու դիմադրութիւնը եւ Արցախն ու Սիւնիքը իրեն ենթարկել:

Հայատեացի եւ ջարդարարի համբաւ վայելող Խոսրով բէկ Սուլթանովի նահանգապետ նշանակուելու լուրը առնելով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Սիրական Տիգրանեան վճռական բողոք ուղարկեց Ազրպէյճանի կառավարութեան` յայտարարելով, որ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Հայաստանի անբաժանելի մասն են:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանեց, որ այդ շրջանները Ազրպէյճանի անվիճելի, անբաժանելի եւ անխախտելի մասը կը կազմեն:

Ազրպէյճանական բանակէն գունդ մը եւ անգլիական գումարտակ մը զինուորներ, հակառակ նախապէս գոյացած համաձայնութեան, որ զօրքերու տեղաշարժ պիտի չկատարուի, 27 յունուար 1919-ին Խանքենդի (ներկայիս` Ստեփանակերտ) մտան եւ գրաւեցին զօրանոցներն ու սպայից ակումբը:

Նոր ուժեր ստանալով, Խոսրով բէկ Սուլթանով սկսաւ աքցանի մէջ առնել Արցախը:

* * *

Փետրուարի սկիզբը Խոսրով բէկ Սուլթանով զօրքով ու եօթը միլիոն դրամով մտաւ Շուշի:

Սուլթանովի նպատակն էր կաշառել արցախահայերը եւ յայտարարութիւն ստորագրել տալ, որ իբրեւ թէ անոնք Ազրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութիւնը ընդունած են 27 մայիս 1918-էն սկսեալ:

Սակայն Սուլթանով եւ մուսաւաթական պարագլուխները չարաչար սխալեցան: Արցախի մէջ ոչ մէկ հայ ստորագրեց այդ անբարոյ խայտառակ յայտարարութիւնը:

* * *

Անգլիական հրամանատարութեան եւ նահանգապետ Սուլթանովի պատասխան տալու համար անհրաժեշտ էր վերականգնել թուրքերուն կողմէ լուծարքի ենթարկուած Արցախի կառավարութիւնը: Այդ նպատակով ալ հրաւիրուեցաւ արցախահայութեան չորրորդ համագումարը:

Շուշիի թեմական դպրոցը

Արցախի հայոց չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ 1919 փետրուար 10-էն 20, Շուշիի թեմական դպրոցի դահլիճին մէջ:

Գիւղական քսաներկու հասարակութիւններէն ընտրուած էին վաթսունվեց, Շուշի քաղաքէն ութ, հինգ կուսակցութիւններէ` տասը պատգամաւորներ: Համագումարի աշխատանքներուն խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով կրնային մասնակցիլ գաւառներու ինքնապաշտպանական խումբերու հրամանատարները եւ Ազգային խորհուրդի անդամները:

Համագումարը փետրուար 14-ին որոշում ընդունեց թոյլատրել համագումարի աշխատանքներուն մասնակցիլ Պաքուի հայոց Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ Գերասիմ Բալայեանի, Լեւոն Զառաֆեանի, Իշխան Միրզաբէկեանի եւ Ներսէս Նասիբեանի:

Համագումարի օրակարգերն էին. 1) Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութեան զեկուցումը, 2) Ժամանակաւաւոր Ազգային խորհուրդի զեկուցումը, 3) Ինքնապաշտպանութեան հարցը, 4) Ղարաբաղը Հայաստանի կցելու հարցը, 5) Ելեւմտական հաշուետուութիւն, 6) Վարչական մարմիններու կազմակերպում, դատարաններու ստեղծում, դպրոցներու բացում, 7) Հայ-թրքական յարաբերութիւններ եւ 8) Ընտրութիւններ:

Համագումարը իր առաջին նիստերէն մէկուն ընթացքին յանձնախումբ ընտրեց, Արցախի համար սահմանադրութիւն մշակելու հարցով:

Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններու հարցը քննարկելով, որոշուեցաւ այդ հարցով հեռագիր ուղարկել Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովին մասնակցող Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան:

Համագումարը կտրուկ կերպով մերժեց Արցախը Ազրպէյճանի բռնակցելու Ազրպէյճանի եւ անգլիացիներու պահանջը:

Համագումարին ընդունած բանաձեւին մէջ կ՛ըսուէր.

«Կանգնած լինելով ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ` Արցախի հայ ազգաբնակչութիւնը յարգանքով է վերաբերւում դէպի հարեւան թուրք ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դրա հետ միաժամանակ կառավարութեան փորձերի դէմ, որոնցով ցանկանում է ոչնչացնել այդ սկզբունքը հայկական Արցախի նկատմամբ, որը երբեք չի ընդունել եւ չի ընդունում իր վրայ Ադրբեջանի իշխանութիւնը:

Համագումարը պնդում է իր իրաւունքների պաշտպանութեան վրայ` թէ Կովկասում գտնուող դաշնակից պետութիւնների ներկայացուցիչների եւ թէ Եւրոպայի խաղաղարար համագումարի առջեւ»:

Համագումարի վերջին նիստին ընտրուեցաւ Ղարաբաղի հայոց Ազգային խորհուրդ, որուն նախագահ ընտրուեցաւ Ասլան Շահնազարեան, փոխնախագահներ` Եղիշէ Իշխանեան եւ Հրանդ Բահաթրեան, քարտուղար` Մելիքսէթ Եսայեան:

Նորընտիր Ազգային խորհուրդը ստանձնեց Արցախը կառավարելու բոլոր իրաւասութիւնները եւ դարձաւ ժողովրդական կառավարութիւն:

* * *

Շուշի

Պաքուի մէջ կեդրոնացած անգլիական հրամանատարութիւնը, արցախահայութեան չորրորդ համագումարի օրերուն Շուշի ուղարկեց Հնդկաստանէն բերուած 400 հոգինոց զօրախումբ մը եւ քաղաքի հայկական թաղերուն մէջ տեղաւորեց, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային օգտագործէ հայերուն դէմ:

Անգլիացիք միաժամանակ Սուլթանովին թելադրեցին որքան կարելի է շուտ Արցախը հպատակեցնել Ազրպէյճանի:

Համագումարի փակման յաջորդ օրը` փետրուար 21-ին, անգլիական հրամանատարութիւնը Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդէն պահանջեց ճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը եւ երկրամասի բոլոր հաստատութիւնները նահանգապետ Սուլթանովի ենթակայութեան տակ դնել:

Արցախի Ազգային խորհուրդը պատասխան նամակ մը ուղարկեց անգլիական հրամանատարութեան, ուր կ՛ըսուէր.

«Յատնեցէք մայորին (Արցախ գտնուող զօրավար Թոմսընի ներկայացուցիչ Մոնք Մեսընին), որ Ղարաբաղի հայութեան գերագոյն լիազօր ներկայացուցիչները իրենց չորրորդ համագումարին միաձայնութեամբ վճռած են չճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, որ Ղարաբաղ իր հազարամեայ պատմական յուշարձաններով եւ ութսունհինգ առ հարիւրէն աւելի հայ բնակչութեամբ Հայաստանի անբաժանելի մասը կը հանդիսանայ, իբրեւ անոր բնագաւառներէն մէկը:

Համագումարէն ընտրուած Ազգային խորհուրդը, իր լրիւ կազմով, եւ բոլոր շրջաններու հրամանատարները, որոնք ներկայ են ու պատասխանատու Ղարաբաղի գերագոյն լիազօր օրկանին` համագումարին առջեւ, կանգնած անոր որոշման ու տուած հրահանգին վրայ, չեն ճանչնար եւ երբեք չեն կրնար ճանչնալ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը»:

* * *

Անգլիական հրամանատարութիւնը հայերու դժգոհութիւններուն պատասխանեց ըսելով, որ Սուլթանովի նահանգապետ նշանակումը ժամանակաւոր է:

Մայոր Մոնք Մեսըն մարտ 12-ին Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի նախագահ Ասլան Շահնազարեանին կը գրէր.

«Բազմիցս պարզաբանած եմ ձեր խորհուրդին, որ Պաքուի գլխաւոր հրամանատարը անհրաժեշտ կը նկատէ այս գաւառներուն մէջ աջակցիլ Սուլթանովին, իբրեւ ժամանակաւոր նահանգապետ` մինչեւ Խաղաղութեան խորհրդաժողովին կը լուծուի այս հարցը: Նահանգապետին հրամանները պէտք է կատարուին: Խորհուրդը իրաւունք չունի չընդունելու նահանգապետին նշանակած պաշտօնեաները»:

Բրիտանացիք նաեւ առաջարկեցին, որ հայերը կրնան նահանգապետին մօտ չորս ներկայացուցիչ ունենալ:

Արցախցիք մերժեցին բրիտանացիներու այդ առաջարկը:

Ասլան Շահնազարեան Թիֆլիսի հայոց Ազգային խորհուրդին նամակ ուղարկեց, ուր կ՛ըսէր որ անհրաժեշտ է ընդգծել այն իրողութիւնը, որ Ազրպէյճանի մէջ անգլիական զօրքերու հրամանատար զօրավար Թոմսըն Ղարաբաղի հայերու արդարացի ցանկութիւններուն հակառակ կը գործէ: Մինչեւ անգլիական առաքելութեան Շուշի գալը մենք ազատ էինք: Ինչպէս կարելի է այժմ ազատ ժողովուրդը հպատակեցնել թշնամական Ազրպէյճան պետութեան, որուն գոյութիւնը չեն ընդունիր անգամ բազմաթիւ իսլամներ, եւ որ ի վիճակի չէ իր երկրին մէջ ապահովել կարգ ու կանոնը եւ անձի անձեռնմխելիութիւնը, կ՛եզրափակէր Շահնազարեան:

* * *

Ազրպէյճանական բանակը նոր ուժեր սկսաւ կեդրոնացնել Արցախի յարակից շրջաններուն մէջ:

Վրաստանի մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը մարտ 14-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդեց, որ ազրպէյճանական բանակը ուժեր մօտեցուցած է Ասկերանի, Խանքենդիի, Զաբուղի, Շուշիի եւ Կարիագինոյի ռազմավարական հանգոյցներուն վրայ, աւելցնելով որ օրըստօրէ դրութիւնը տագնապալի կը դառնայ, եւ  անհրաժեշտ է դիւանագիտական քայլեր ձեռնարկել` բախումը կանխելու համար:

Ազրպէյճանական բանակը մարտ 16-ին մեծ յարձակում մը շղթայազերծեց Խծաբերդի վրայ: Գիւղացիք ուժգին ու կազմակերպուած դիմադրութիւն ցոյց տուին: Փութով օգնութեան հասան մօտակայ գիւղերու ջոկատները` Արտեմ Լալայեանի գլխաւորութեամբ: Հայկական ուժերը հակայարձակման անցան եւ մեծ կորուստներ պատճառեցին թաթարներուն:

Երկու օր ետք անգլիացիները յայտնեցին որ զօրավար Թոմսըն Պաքու կանչած է Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ

Ասլան Շահնազարեանը, Աշոտ Մելիք Յովսէփեանը եւ Եղիշէ Իշխանեանը:

Մինչ այդ արդէն Ազգային խորհուրդը Թոմսընի հետ հանդիպման համար Պաքու ուղարկած էր Վահան արքեպիսկոպոս Տէր Գրիգորեանը եւ Ազգային խորհուրդի անդամ Հրանդ Բահաթրեանը:

* * *

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 1919 փետրուար-մարտ ամիսներուն սկսաւ քայլեր ձեռնարկել Արցախի աջակցելու համար: Յունուարի վերջաւորութեան ստեղծուած էր Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի ժամանակաւոր վարչութիւն` Արսէն Շահմազեանի գլխաւորութեամբ:

Եղիշէ Իշխանեան մարտ 19-ին նամակ ուղարկեց Գորիս` Արսէն Շահմազեանին: Ան կը յայտնէր որ Արցախի զինուած ուժերը ընդհանուր հրամանատարութիւն չունին: Դիզակի, Վարանդայի, Խաչենի եւ Ջրաբերդի շրջաններու հրամանատարներէն ոչ մէկը կրնայ իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնել բոլոր կռուող ուժերը, իսկ անգլիական առաքելութեան ժամանումէն ետք չափէն աւելի թուլցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպուածութիւնը:

Իշխանեան կը շարունակէր ըսելով, որ Արարատեան հանրապետութիւնը մինչեւ հիմա ոեւէ ղեկավարող ուժ չէ ուղարկած Ղարաբաղ, որուն ներկայութիւնը կրնար համախմբել ժողովուրդը:

Իշխանեան Շահմազեանէն կը խնդրէր.
ա) անյապաղ Ղարաբաղ ուղարկել ռազմական առաջնորդ մը.
բ) Եթէ հնարաւոր չէ Ղարաբաղ ուղարկել Անդրանիկը, գոնէ հանրապետութիւնը առնուազն գունդ մը ուղարկէ.
գ) անհրաժեշտ է նիւթական միջոցներ ուղարկել Ղարաբաղ, զինուած ուժերը, դպրոցները, վարչական մարմինները, գանձարանը եւ դատական մարմինները կազմակերպելու համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ