
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «3+3» շրջանային համագործակցութեան հարթակի երրորդ նիստի աւարտին որդեգրուած է միացեալ հռչակագիր մը: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Միացեալ հռչակագիրին մէջ կ՛ընդգծուի շրջանային տնտեսական համագործակցութեան ներդրումը երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ:
Որոշուած է ուսումնասիրել փոխադրամիջոցներու, կապի, առեւտուրի, ուժանիւթի, ներդրումներու եւ գործակցութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Հռչակագիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ երկխօսութեան միջոցով շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը:
Leave a Reply