Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. թալան եւ կոտորած Արցախի հայկական գիւղերուն մէջ Ղարաբաղի ազգային խորհուրդէն կոչեր` անգլիական հրամանատարութեան Խոսրով Բէկ Սուլթանով` Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի նահանգապետ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խոսրով բէկ Սուլթանով

Ազրպէյճան անգլիացիներու միջոցով Անդրանիկի Շուշի մուտքը ձախողութեան մատնելէ ետք, Արցախի վրայ իր իշխանութիւնը տարածելու համար, բոլորովին ազատ զգաց ինքզինք` դիմելու ահաբեկչութեան եւ ջարդերու քաղաքականութեան:

Արցախի յարակից շրջաններու թաթարները, Ազրպէյճան գտնուող օսմանցի սպաներու ղեկավարութեամբ, սկսան արշաւանքներ կազմակերպել հայկական գիւղերուն վրայ, թալանելով եւ կոտորածի ենթարկելով անոնց բնակիչները:

Ալիանլու գիւղի թաթարները 1918 դեկտեմբեր 22-ին եւ 23-ին յարձակեցան Արփագեադուկ, Թեզխարաբ, Սպիտակաշէն, Պետրոսաշէն եւ Խծաբերդ գիւղերուն վրայ եւ աւերեցին ու կողոպուտի ենթարկեցին զանոնք: Այդ յարձակումներուն ժամանակ երեսունէ աւելի հայ գիւղացիներ սուրի քաշուեցան:

Ղաջար գիւղի թաթարները դեկտեմբեր 22-ին յարձակեցան Մաշադիքենդ գիւղին վար ու ցանք ընող գիւղացիներուն վրայ, անոնցմէ երկու հոգի սպաննեցին եւ անասունները քշեցին:

Եաղլաքենդի թաթարները դեկտեմբեր 24-ին յարձակեցան Սօս գիւղին վրայ եւ երկու ձի ու չորս գոմէշ քշեցին:

Ալիանլուի թաթարները 1919 յունուար 2-ին կրկին յարձակեցան Խծաբերդի վրայ, երկու հայեր սպաննեցին, շատեր վիրաւորեցին, գիւղին յարդանոցները հրդեհեցին եւ անասուններուն մէկ մասը քշեցին:

Մալիբէկլիի թաթարները յունուար 5-ին Ֆարման կոչուած վայրին մէջ երկու հայուհիներ սպաննեցին:

Թաթարներու եւ օսմանցիներու ձեռքով աւերուած Ղարաղշլաղ գիւղի գիւղացիներէն երեսուն հոգի յունուար 6-ին գացին իրենց գիւղը, հորերու մէջ պահած ցորենը հանելու, երբ յարձակման ենթարկուեցան: Ղարաղշլաղցիներէն մէկը վիրաւորուեցաւ, իսկ տասնհինգ հոգի ալ իրենց գրաստներով գերի տարուեցան:

Քիւրաթաղ

Նոյն օրը, յունուար 6-ին ազրպէյճանական բանակի ջոկատներ Կարիագինոյէն (Ֆիզուլի) ճամբայ ելլելով գիշերը պաշարեցին հայկական դուդուկչի (քիւրաթաղ) գիւղը, որ Հադրութի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Արեւասարի արեւելահայեաց լանջին ստորոտը կը գտնուի: Գիւղ ներխուժելով, անոնք հինգ հոգի սպաննեցին, շատերը վիրաւորեցին, յարդանոցները հրդեհեցին եւ անասունները քշեցին:

Ճարտար

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը օսմանցի զինուորներու հետ եւ օսմանեան բանակի սպայ Իսմայիլ Փեհրի բէկի գլխաւորութեամբ յունուար 8-ին յարձակեցան հայկական Ճարտար գիւղին վրայ, բայց դիմադրութեան հանդիպեցան ու ետ մղուեցան:

Խանձաձոր

Ազրպէյճանական ուժերը, օսմանցի զինուորներու եւ նաեւ ալիանլուցիներու հետ, քանի մը հազար կռուողներով յունուար 9-ին եւ 10-ին կրկին յարձակեցան Խծաբերդ եւ Խանձաձոր գիւղերուն վրայ: Յարձակման ժամանակ սպաննուեցան հինգ հայեր: Գիւղերուն յարդանոցները հրդեհուեցան եւ անասունները քշուեցան:

* * *

Շուշիի մէջ հայեր 1919 յունուարի սկիզբը Ղարաբաղի ժամանակաւոր Ազգային խորհուրդը կազմեցին:

Ժամանակաւոր Ազգային խորհուրդը յունուար 12-ին Պաքուի անգլիական հրամանատարութեան նամակ ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Անգլիական առաջին առաքելութեան (Շուշի) գալէն ետք Պաքու գտնուող դաշնակից զօրքերու հրամանատար զօրավար Թոմսընի հրամանով ռազմական բոլոր գործողութիւնները մեր (հայերու) կողմէ դադրեցուցած են, ինչպէս այդ մասին շատ անգամ բանաւոր յայտնուած է ձեզի: Մինչդեռ Ազրպէյճանի զօրքերը կազմակերպուած հրոսակախումբերու հետ միասին մինչեւ օրս կը շարունակեն կործանել հայկական գիւղերը, սպաննել անպաշտպան հայերը, բռնաբարել կիները, քշել անասունները եւ թալանել հայ գիւղացիներու ունեցածքը»:

* * *

Ազրպէյճանական բանակի եւ հրոսակախումբերը յունուար 12-ին եւ 13-ին յարձակման անցան Ասկերանի եւ Հադրութի շրջաններու հայկական գիւղերուն ուղղութեամբ: Անոնց նպատակն էր ջրաղացները ոչնչացնել, հայ գիւղացիներու հացահատիկն ու պաշարները թալանել ու ժողովուրդը սովի մատնել:

Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը յունուար 14-ին Պաքուի անգլիական հրամանատարութեան երկրորդ նամակ մը ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Ասկերանի բերդի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի զօրքերը քանդած եւ ոչնչացուցած են հայերու տասնվեց ջրաղացներ եւ յափշտակած հոն գտնուող հացահատիկի մթերքները, այդպիսով այդ շրջանի հայ բնակչութիւնը զրկելով հացահատիկը ալիւրի վերածելու հնարաւորութենէն:

Ազրպէյճանի զինուած հրոսակախումբերը կը շարունակեն թալանել հացահատիկի պաշարները եւ քշել անասունները Ասկերանի շրջանի հայկական գիւղերէն:

Ազրպէյճանի զօրքերը, միացած Ազրպէյճան ապաստան գտած օսմանեան ասկեարներուն եւ տեղացի հրոսակներուն, օսմանցի սպաներու ղեկավարութեամբ սկսած են յարձակումներ գործել այս անգամ Կարեագինոյի գաւառի հայկական գիւղերուն վրայ:

Ազրպէյճանական զինուած ջոկատները մուտք գործելով հայկական Ղարաբաղի հողը, հրոսակային ազատ գործողութիւններ կը ծաւալեն Ասկերանի եւ Խանքենդիի (ներկայիս` Ստեփանակերտ) միջեւ երկարող խճուղիի երկարութեամբ»:

* * *

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը զօրավար Թոմսընի հաւանութեամբ 15 յունուար 1919-ին Խոսրով բէկ Սուլթանովը Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի ընդհանուր նահանգապետ նշանակեց:

Խոսրով բէկ Սուլթանով Զանգեզուրի Քիւրտհաճի գիւղէն էր (ներկայիս` Քաշաթաղի շրջանի Մովսէսաշէն գիւղ) եւ ծագումով քիւրտ էր: Ասպարէզով բժիշկ, եղած էր թրքական հետախուզութեան լրտես եւ Ազրպէյճանի առաջին կառավարութեան մէջ պատերազմական նախարարն էր: Ան եւ իր եղբայրները` Սուլթանն ու Իսկենտէրը յայտնի էին իրենց հակահայ հայեացքներով:

* * *

Հայերու բողոքները ազրպէյճանական եւ թրքական միացեալ զինուած ուժերու յարձակումներուն դէմ դոյզն ուշադրութեան իսկ չէին արժանացած անգլիական հրամանատարութեան կողմէ: Զօրավար Թոմսըն ոչ մէկ միջոց ձեռք առած էր ստիպելու համար Ազրպէյճանի կառավարութիւնը` վերջ դնելու հայերու սպանութիւններուն ու գիւղերու աւերումներուն: Մինչդեռ հայերու դէմ ուղղուած Ազրպէյճանի ամէն յերիւրածոյ, միտումնաւոր եւ ստայօդ գանգատը մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանար եւ առիթ կ՛ընծայէր անգլիական հրամանատարութեան համար հայերու հասցէին յանդիմանութիւններ ու սպառնալիքներ ուղղելու:

Ժողովուրդը կը տեսնէր եւ կը համոզուէր, որ «դաշնակից» եւ «բարեկամ» նկատուող անգլիացիներուն օրով Արցախի դրութիւնը չի կրնար դէպի լաւը փոխուիլ: Ընդհակառակը, տագնապը աւելի ու աւելի կը սաստկանար:

Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի Խոսրով բէկ Սուլթանովի ընդհանուր նահանգապետ նշանակման օրն իսկ, յունուար 15-ին Պաքուի հայոց ազգային խորհուրդին նամակ ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Մենք, որ տաճիկներու տիրապետութեան օրերին պաշտպանած ենք մեր երկիրը, մեր պատիւն ու մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, անգլիական առաքելութեան հոս ժամանելէն ետք, մեր ամբողջ յոյսը դնելով անոր վրայ, դիմած ենք խաղաղ կեանքի, հաստատ հաւատացած ըլլալով, որ մեր կեանքին դէմ ոչ մէկ դաւ չի նիւթուիր: Բայց կ՛երեւի, որ այդպէս գործելով մենք չարաչար պիտի պատժուինք ու հիմնայատակ կործանենք շնորհիւ մեր վստահութեան:

Եւլախի ճանապարհը միանգամայն անապահով է հայերուն համար, առաւել եւս երկաթուղագիծերը: Միւս կողմէ բոլոր հեռագրատուները Ազրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ են: Ուստի ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունինք մեր ճգնաժամային դրութիւնը հանդէս բերելու Պաքուի մէջ եւ մեր վիճակը տնօրինելու միջոցներ առաջարկել:

Մենք ներկայիս աւելի անելանելի դրութեան մէջ կը գտնուինք, քան նոյնիսկ առաջ: Շուշիի անգլիական առաքելութիւնը մեզի պարզապէս յայտնած է, որ ինք ուժ չունի թուրքերու յարձակումներուն առաջքը առնելու կամ հայ ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու: Ինչո՞վ բացատրել զօրավար Թոմսընի լռութիւնը, չէ՞ որ Ղարաբաղի հայութիւնը օր չանցնիր որ յարձակման չենթարկուի: Ճանապարհները կտրուած են, եւ մենք շրջապատուած ենք ամէն կողմէ: Այս ամէն մասին Շուշիի անգլիական առաքելութիւնը հեռագիրով եւ նամակներով յայտնած է զօրավար Թոմսընին, բայց վերջինս, չհաւատալով նոյնիսկ իր սպաներու այդ զեկուցումներուն, միանգամայն անուշադրութեան կը մատնէ 200 հազար հայութեան օրհասական վիճակը: «Ազրպէյճան» պաշտօնական թերթին մէջ հազար տեսակ ստայօդ լուրեր կը տպագրուի Ղարաբաղի հայերու ապստամբութեան մասին եւ ոչ ոք մեզմէ հնարաւորութիւն չունի հերքելու, քանի որ հեռագրատուները թուրքերուն ձեռքն են, մեր բողոքը տեղ չի հասնիր:

Մինչ այսօր մենք մեզ պաշտպանած ենք տաճկական զօրքերու եւ տեղացի իսլամներու դէմ եւ մենք մեզ կառավարած ենք առանց դուրսէն որեւէ օգնութիւն ստանալու: Ամբողջ տարի մը մենք տարած ենք հազար ու մէկ տանջանք, բայց մեր ազատութեան եւ անկախութեան վրայ թոյլ չենք տուած ոչ ոքի բռնանալու: Ներկայիս ալ մեզի համար ցանկալի է, որ անգլիական առաքելութիւնը ինք կառավարէ Ղարաբաղի հայութիւնը, մինչեւ մեր վիճակը կ՛որոշուի խաղաղութեան վեհաժողովին… Որպէսզի պարզ ըլլայ մեր ներկայ վիճակը, կարեւոր կը նկատենք յայտնել, որ Ազրպէյճանի զօրքերը, Ղարաբաղի մէջ մնացած տաճիկ ասկեարները եւ զանազան իսլամական խումբեր զինուորական սպայակոյտ կազմակերպած են Աղտամի մէջ, մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք, թնդանօթներ, գնդացիրներ եւ քանի մը հազար մարդէ բաղկացած բանակ ուղարկած են Ջաբուղի ձորը եւ կրկին գրաւած են Ասկերանը:

Այս բոլորէն կ՛երեւի, որ մեզ շրջապատած են թէ՛ ճակատէն եւ թէ թիկունքէն:

Ժողովուրդը նիւթական ծանր դրութեան մէջ է: Տնային բոլոր իրերը, անկողինը եւ մինչեւ իսկ հագուստները շուկայ հանած են ծախելու, կտոր մը հաց ձեռք բերելու համար»:

* * *

Ազրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած յարձակումներուն առաջքը առնելու համար անգլիական հրամանատարութիւնը որեւէ միջոցի չդիմեց, որովհետեւ այդ յարձակումները համատեղ ծրագրուած էին զօրավար Թոմսընի հետ:

Խոսրով բէկ Սուլթանով, որ հայերու աչքին հայատեացի եւ ջարդարարի համբաւ կը վայելէր, նահանգապետ դառնալուն պէս սկսաւ ճնշումներ գործադրել Ղարաբաղի հայոց ազգային խորհուրդին եւ հայ բնակչութեան վրայ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ