ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ շտապ եւ մնայուն խաղաղութիւնը պիտի պաշտպանենք, Իսրայէլ շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան շօշափելի սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»` աւելցնելով. «Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան պէտք է աւելի ազդու քայլեր որդեգրեն այս կացութեան դէմ, որ Սուրիոյ հողերու անվտանգութեան մեծագոյն սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»:
Սուրիական հողերուն մէկ մասը բռնագրաւած Թուրքիան որոշ ատենէ ի վեր կը փորձէ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորել, սակայն, անոր իրերայաջորդ դիմումները կը բախին իր հողերէն թրքական ուժերու հեռացումը պահանջող սուրիական հաստատ ու արդարացի նախապայմանին: Էրտողան այժմ իր փափաքին իրականացման համար կը դիմէ նոր հնարքի:
Անհերքելի իրողութիւն է, որ Սուրիոյ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Իսրայէլ մնայուն կերպով անարգել յարձակումներ կը գործէ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու, ներառեալ մայրաքաղաք Դամասկոսի եւ ռուսական «Հմէյմիմ» ռազմակայանին մօտիկ շրջաններուն վրայ, ինչ որ կը վկայէ Ռուսիոյ եւ Իրանի` Սուրիան իսրայէլեան յարձակումներէն պաշտպանելու դժկամութեան, անկարողութեան կամ առնուազն ձախողութեան մասին:
Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ նախագահը վերոնշեալ յայտարարութիւնը կը կատարէ Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու ենթահողին վրայ` նշելով, որ Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան պէտք է «աւելի ազդու» քայլերու դիմեն Սուրիոյ հողերը իսրայէլեան «շօշափելի» սպառնալիքէն պաշտպանելու համար:
Էրտողանի ուղերձը ուղղուած է Դամասկոսին: Ան իր յայտարարութեամբ առաջին հերթին կը մատնանշէ, թէ Ռուսիան ու Իրանը այսքան երկար ժամանակէ ի վեր ձախողած են Սուրիան ռազմատենչ Իսրայէլի յարձակումներէն պաշտպանելու, ուստի Դամասկոսի կ՛առաջարկէ որդեգրել «աւելի ազդու» քայլեր, իսկութեան մէջ քայլ մը, եւ անուղղակի կերպով այդ քայլն ալ կը յուշէ:
Թուրքիոյ նախագահը կը խոստանայ «Սուրիոյ մէջ շտապ եւ մնայուն խաղաղութիւն մը» պաշտպանել` դիտել տալով, որ «Սուրիոյ հողերու անվտանգութեան մեծագոյն սպառնալիքը» ոչ թէ Թուրքիան է, այլ Իսրայէլը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի` Սուրիան պաշտպանելու դժկամութիւն-անկարողութիւնը, ի տարբերութիւն որոնց կը խոստանայ «շտապ» եւ «մնայուն» կերպով պաշտպանել Սուրիան:
Հեգնական է, որ սուրիական հողեր բռնագրաւած պետութիւն մը կը յաւակնի սուրիական հողերու պաշտպանի դերին: Ռուսիան եւ Իրանը վատաբանող Էրտողանի առաջարկը անօգուտ է եւ մեծ հաւանականութեամբ դարձեալ պիտի բախի սուրիական հողերէն թրքական ուժերու հեռացման Դամասկոսի արդար պահանջին:
Էրտողանի յայտարարութիւնը իսրայէլեան սպառնալիքը օգտագործելով թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու բնականոնացման համար Սուրիոյ նախապայմանը շրջանցելու փորձ մըն է: Այդ հնարամտութիւնը դատապարտուած է ձախողութեան, որովհետեւ չի կրնար սուրիական հողերու թրքական բռնագրաւման «շօշափելի» իրողութենէն ուշադրութիւն շեղել:
Leave a Reply