
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Թուրքիոյ Ատանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ԹԵՔՆՈՖԵՍԹ 2024» օդանաւերու, տիեզերագնացութեան եւ ճարտարագիտութիւններու փառատօնի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ:
Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական, ռազմակրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու վերաբերեալ:
Leave a Reply