Նիւ Եորքի քաղաքապետը Թուրքիայէն կաշառք ստանալու յանցանքով պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ

Ինչպէս անցեալ նոյեմբերին հաղորդած էինք, Դաշնակցային հետախուզութեան գրասենեակը՝ FBI-ը, հետաքննութեան մը ձեռնարկած էր Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի վերընտրութեան պայքարի դրամահաւաքի կասկածելի քայլերուն ուղղութեամբ։ Հարցը ջուրի երես ելաւ, երբ FBI-ը մանրազնին խուզարկում մը կատարեց քաղաքապետին մօտիկ խորհրդականներու բնակարաններուն մէջ, գրաւելով կարգ մը համակարգիչներ։

Անցեալ շաբաթ, ամերիկեան դաշնակցային դատախազ մը պաշտօնապէս ամբաստանեց Էտըմզը՝ իր ընտրապայքարին համար ապօրինի միջոցներով գումարներ ստանալու յանցանքներով։ Անոնց մէկ մասը առնչութիւն ունին թրքական շահերու հետ։ Ան կ՛ամբաստանուի 10 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով կաշառք, ինչպէս նաեւ յատկապէս Թուրքիոյ հիւպատոսէն առաւել քան 100,000 տոլարի հասնող եւ զանազան ձեւերով մատուցուած  նուէրներ ստացած ըլլալու մեղադրանքով։ Էտըմզ այս կաշառքներուն դիմաց տեղի տուած է թրքական ճնշումներու, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ հրաժարելով եւ ջանալով արագացնել թրքական հիւպատոսարանին բացումը:

Քաղաքապետը կը հերքէ ամէն ինչ եւ կը մերժէ հրաժարական տալ՝ իր դէմ ըսուածները զրպարտութիւն անուանելով։

Նշենք, որ թրքական կողմին եւ Էտըմզի միջեւ միջնորդութիւնը կատարողը  Ռանա Ապպասովա անունով ատրպէյճանցի մըն է, որ Էտըմզի նախկին խորհրդականներէն մէկն էր եւ ան անցեալ Մայիսին սկսաւ գործակցիլ դաշնակցային մարմիններուն հետ, տեղեկութիւններ տրամադրելով քաղաքապետին մասին։

Սահմանադրութիւնը խստօրէն կ՛արգիլէ ընտրական գործընթացներու մէջ արտասահմանեան օժանդակութիւնները։

https://asbarez.am/archives/467324

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ