Ստացուած գիրքեր. «Սիրան Սեզա. նամականի» (Ա. հատոր)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ «Սիրան Սեզա. նամականի» (Ա. հատոր) գիրքը: Հատորը կազմած, ծանօթագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է Գէորգ Եազըճեան:

Հատորին մէջ տեղ գտած են Սիրան Սեզայի (Զարիֆեան) փոխանակած նամակները Վահէ Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ:

Նամականիին հատորները լոյս կը տեսնեն Սիրան Սեզայի որդիին եւ հարսին` Վահագն եւ Անահիտ Քիւփէլեաններու մեկենասութեամբ:

Վահագն եւ Անի Քիւփէլեաններ յոյս կը յայտնեն, որ սերունդները ուսանելի եւ ուսումնասիրելի շատ բան պիտի գտնեն նամականիի յաջորդաբար հրատարակուելիք հատորներուն մէջ:

Եազըճեան կ՛ըսէ, որ Սիրան Սեզա 20-րդ դարու հայ կեանքին մէջ պատմական դեր խաղացած շատ քիչ հայուհիներէն է: Ան իր յախուռն բնաւորութեամբ գտնուած է շատ եւ շատ իրադարձութեանց կիզակէտին մէջ` միշտ ունենալով իր ուրոյն տեսակէտը, զոր պաշտպանած է ծայրայեղ կրքոտութեամբ:

Սիրան Զարիֆեան ծնած է 1903-ին, Սկիւտարի մէջ եւ քոյրն է բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի: Յաճախած է հայկական եւ ֆրանսական վարժարաններ եւ ամերիկեան Ռոպերթ քոլեճ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանէն ներս` հետեւելով լրագրութեան եւ գրականութեան ճիւղին:

Լիբանանի մէջ ան դարձած է մտաւորական խաւի կեդրոնական դէմքերէն մէկը` համալիբանանեան մակարդակով: Ամբողջութեամբ նուիրուած է իգական սեռի իրաւունքներու պաշտպանութեան, առողջապահութեան բարելաւման, հասարակական դիրքի բարձրացման, ինչպէս նաեւ կրթական ու մտաւորական կեանքէն ներս կանանց գործօն մասնակցութեան պայքարին:

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ Սեզա աչքառու ներդրում կ՛ունենայ «Երիտասարդ հայուհի» պարբերաթերթի հրատարակութեամբ նախ 1932-1934-ին, ապա 1947-1968-ին` ընդհատումներով:

«Երիտասարդ հայուհի»-ն նկատուած է կանանց ուղղուած եւ կանանց հարցերուն նուիրուած լիբանանեան եւ լիբանանահայ առաջին պարբերաթերթը եւ առաջիններէն մէկը ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ:

Սեզա ամուսնացած է երկու անգամ. առաջինը` Եգիպտոսի մէջ, 1920-ականներու վերջը, Ալեքսանդր Մարգարեանի հետ, երկրորդը` 1930-ականներու կէսին` Ներսէս Քիւփէլեանի հետ, որմէ ունեցած է մէկ զաւակ` Վահագն:

Սիրան Սեզա մահացած է 8 սեպտեմբեր 1973-ին, Պէյրութի մէջ:

Լիբանանահայ խմբագիր, գրող ու հասարակական գործիչներ Վահէ Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ Սեզայի փոխանակած նամակներուն մէջ կ՛արտայայտուին անձնական ապրումներ, զգացումներ եւ յոյսեր:

Ինչպէս Վահագն եւ Անի Քիւփէլեաններ կը հաստատեն, նամակները կը ցոլացնեն ցեղասպանութենէն վերապրած մտաւորականներու տուայտանքները, ապրումները, հոգեկան բարդ աշխարհը, ծննդավայր եւ հարազատներ կորսնցուցածի տառապանքը եւ հուսկ ապա վերընձիւղուելու անհրաժեշտութիւնը: Փորձառութիւն մը, որ պէտք է ծանօթացուի գալիք սերունդներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ