
Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) հայագիտական բաժինը տեղւոյն Գեղարուեստի համալսարանի հետ համատեղ կազմակերպած է ցուցահանդէս եւ գիտաժողով` Երուսաղէմի հայերու հարուստ լուսանկարչական ժառանգութեան վերաբերեալ:
Պաղեստինի հայերու պատմութիւնը սկսած է չորրորդ դարուն` քրիստոնէական Սուրբ Վայրերու յայտնաբերումէն ետք հայ ուխտաւորներու Երուսաղէմ ժամանումով: Թէեւ 7-րդ դարուն Հայ առաքելական եկեղեցին այդ քաղաքին մէջ ունի եպիսկոպոս, սակայն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը իր ներկայի կառոյցով հիմնադրուած է 14-րդ դարու առաջին տասնամեակին: Պատրիարքարանի հետ մէկտեղ աշխարհական համայնքը իր մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններով բնակութիւն հաստատած է հին քաղաքի այն թաղամասին մէջ, որ կը կոչուի Հայկական թաղամաս: Սփիւռքահայ համայնքի մնայուն հին կառոյցներէն է:
«Capturing Eternity: Jerusalem Armenian Photography in the 19th and 20th Centuries» («Ներգրաւելով յաւերժութիւնը. Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն») ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ տեղւոյն գաղութին պատմութիւնը, լուսանկարիչներու ոսպնեակի ետին: Պատրիարք Եսային Կարապետեան 1860-ականներուն սկսած է նկարել Հայկական թաղամասը: Իր աշակերտներէն Կարապետ Գրիգորեան կը հիմնէ Երուսաղէմի առաջին լուսանկարչատունը, որուն արհեստը կը շարունակէ իր զաւակը:
Կարապետ Գրիգորեանի լուսանկարչատան որմազդը (1900, Lusadaran Armenian Photography Foundation)
Կարապետ Գրիգորեանի աշակերտներէն Խալիլ Ռաատ կը նկատուի Պաղեստինի առաջին արաբ լուսանկարիչներէն մէկը: Մինչ այդ այլ քանի մը լուսանկարիչներ արդէն իսկ կը գործէին Երուսաղէմի մէջ:
Այս հարուստ արխիւները օգտագործելովցուցահանդէսը կը ներկայացնէ տարիներու վրայ երկարող գաղութին ազգային եւ կրօնական պատկերները, որոնց մէջ կան
դիմանկարներ, ծէսեր, գաղութի կեանքէն առնուած պատկերներ: Լուսանկարները տրամադրուած են` Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանին (Երեւան), ԱՄՆ Քոնկրեսի գրադարանին (Ուաշինկթըն), Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Նուպար» գրադարանին (Փարիզ), «Project Save Photograph Archive» հիմնարկին (Պոսթըն) եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին (Լիզպոն) կողմէ:
«Արարատեան» որբանոցը (այժմ«Մարտիկեան» թանգարան), աջին
պատասխանատու Լեւոն Ասատուր (ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարան, Փարիզ)
Այս ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի սեպտեմբեր 20-ին, Պուտափեշտի Գեղարուեստի համալսարանի շքեղ «Aula Hall» (Andrássy street 69-71, Budapest) սրահին մէջ: Բացման հանդիսութիւնը յատուկ հրաւէրով է: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հոկտեմբեր 9, մուտքը ազատ է: Սեպտեմբեր 30-ին անգլերէնով պիտի կատարուի յատուկ ներկայացում եւ այցելութիւն:
Ցուցահանդէսի բացման յաջորդ օրըսեպտեմբեր 21-ին, միեւնոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողովը (մուտքը
ազատ)նիւթ ունենալով Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչական ժառանգութիւնը: Այս առթիւ հրաւիրուած են մասնագէտ եւ ականաւոր դասախօսներ
Հունգարիայէն, Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն, Յունաստանէն եւ Քաթարէն: Ցուցահանդէսին եւ գիտաժողովին մասին նիւթերը պիտի հրատարակուին յատուկ հատորով մը` խմբագրութեամբ Կարէն Ճալլաթեանի եւ գործակցութեամբ Տիանա Ղազարեանի:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ներքեւ (1930, Photo by Khachadourian. Co)
Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի ուսանողը համոզուած է, որ այս ձեռնարկը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ներկայացնելու Երուսաղէմի հայկական սփիւռքի մշակոյթը` Եւրոպայի նշանաւոր մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ:
Այս ցուցահանդէսը, գիտաժողովն ու խմբագրուած հատորը հովանաւորողներն են` դասախօս Պալինթ Քովաչը, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, Լայփցիկի (Գերմանիա) Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի հիմնարկը (GWZO) եւ Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանն ու Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Տիանա Ղազարեանին` dianeghazaryan@gmail.com:
Leave a Reply