ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 33 տարի առաջ, այսօր, 21 սեպտեմբեր 1991-ին կատարուեցաւ անկախութեան հանրաքուէ, որուն հիմամբ որոշուեցաւ Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալ եւ անկախութիւն հռչակել:
* * *
Խորհրդային Միութեան տնտեսական եւ քաղաքական կառոյցներու փլուզումը կանխելու առաջադրանքով Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Միխայիլ Գորբաչով 1986-ին ձեռնարկեց էական փոփոխութիւններու, որոնք կոչուեցան «վերակառուցում» (փերեսթրոյքա) եւ «հրապարակայնութիւն» (կլասնոսթ):
Արցախեան շարժումը սկսաւ 1988 փետրուարին, իսկ դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը, որուն զոհ գնաց շուրջ 25 հազար հոգի, իսկ 530 հազար հոգի ալ անօթեւան մնաց:
Հայ-ազրպէյճանական զինուած հակամարտութեան եւ հայերու դէմ սկսած ջարդի ու հալածանքի պայմաններուն տակ շուրջ կէս միլիոն հայեր Ազրպէյճանէն խոյս տուին: Անոնց մեծ մասը` շուրջ 350 հազար հոգի, Հայաստան ապաստան գտաւ:
Պատերազմի եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու շրջափակման պայմաններուն տակ երկրին տնտեսութիւնը ծանր հարուած ստացաւ, եւ վառելանիւթի ու սննդամթերքի ճգնաժամ ստեղծուեցաւ: Ժողովուրդը դժուարին կենսապայմաններ սկսաւ դիմագրաւել: Մութ ու ցուրտ օրեր էին: Զրկուած` ջեռուցումէ, տաքնալու համար մարդիկ ծառեր կը կտրէին, փայտեր, գիրքեր, դուռեր եւ կահ-կարասիներ կը վառէին, մոմի լուսաւորութեան ապաւինած էին եւ հորի ջուր կը խմէին:
Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 23 օգոստոս 1990-ին անկախութեան հռչակագիր ընդունեց: Հռչակագիրին մէջ կը նշուէր, որ Խորհրդային Հայաստան կը վերանուանուի Հայաստանի Հանրապետութիւն` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, ուր կը գործեն միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները: Կը նշուէր նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Նաեւ` հռչակագիրը հիմք կը ծառայէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մշակման:
* * *
Խորհրդային Միութեան մէջ ազգամիջեան հակասութիւնները հետզհետէ սկսան սրիլ: 1991-ին Խորհրդային Միութիւնը հասաւ փլուզման եզրին:
Միութիւնը փրկելու առաջադրանքով Միխայիլ Գորբաչով (որ 15 մարտ 1990-ին Խորհրդային Միութեան նախագահ եղած էր) որոշեց 17 մարտ 1991-ին հանրաքուէ կազմակերպել:
Հանրաքուէին մասնակիցներուն մեծ մասը թեր արտայայտուեցաւ Խորհրդային Միութեան պահպանման` իբրեւ ինքնավար հանրապետութիւններու միութիւն:
Հանրաքուէին չմասնակցեցան Լաթվիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա, Վրաստան, Մոլտաւիա եւ Հայաստան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 1 մարտ 1991-ին որոշեց հանրաքուէ կազմակերպել Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու մասին: Հանրաքուէի թուական որոշուեցաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ը: Իրադարձութիւններու «կտրուկ փոփոխութեան» պարագային հանրաքուէն աւելի կանուխ թուականի ալ կրնար կատարուիլ:
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը մարտ 25-ին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան եզրակացութիւն ուղարկեց, ուր կը նշուէր, որ հանրաքուէ կազմակերպելու որոշումը կը համապատասխանէ «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութեան ելքի հետ կապուած հարցերու լուծման կարգի մասին» օրէնքին:
Անկախութեան ուղին բռնած Հայաստան այս որոշումին համար սուղ վճարեց: Խորհրդային Միութեան ներքին գործոց նախարարութեան ներքին զօրքերու ստորաբաժանումները եւ ազրպէյճանական ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան ուժերը` Օմոն-ը «Օղակ» («Կոլցօ») գործողութեամբ 1991 ապրիլ 30-էն մայիս 8 հայաթափեցին Հիւսիսային Արցախի գիւղերը` Գետաշէնը, Մարտունաշէնը եւ Շահումեանի շրջանը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոյեմբերեանի շրջանի Ոսկեպար գիւղին մէջ կոտորած կազմակերպեցին:
* * *
Խորհրդային Միութիւն հետզհետէ աւելի ու աւելի կը խրէր տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամի մէջ: Սննդամթերքի եւ վառելանիւթերու տագնապը զգալի դարձած էր: Կանոնաւոր երթեւեկը եւ ապրանքներու փոխադրումները խափանուած էին: Շարք մը քաղաքներու մէջ գործադուլները իրարու կը յաջորդէին: Միութենական տարբեր հանրապետութիւններու եւ ինքնավար կազմաւորումներու մէջ անջատողական տրամադրութիւններ ի յայտ եկած էին:
Պորիս Ելցին 12 յունիս 1991-ին Խորհրդային Ռուսիոյ նախագահ ընտրուեցաւ:
Միխայիլ Գորբաչով միութենական հանրապետութիւններու ղեկավարներու հետ բանակցութիւններու ձեռնարկեց Խորհրդային Միութիւնը ինքնիշխան հանրապետութիւններու միութեան վերածելու առաջադրանքով: Համաձայնագիրը պիտի ստորագրուէր օգոստոս 20-ին:
Խորհրդային Միութեան փլուզումը կանխելու առաջադրանքով փոխնախագահ Կենատի Եանաեւ, վարչապետ Վալենթին Փաւլով, պաշտպանութեան նախարար Տմիթրի Եազով եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ Արտակարգ դրութեան պետական կոմիտէն կազմեցին եւ 1991 օգոստոս 18-էն 19 լուսցող գիշերուան ընթացքին պետական յեղաշրջում կատարեցին:
Պետական յեղաշրջման դէմ Մոսկուայի եւ այլ քաղաքներու մէջ բողոցի ցոյցեր տեղի ունեցան: Պորիս Ելցին գլխաւորեց յեղաշրջականներուն դէմ գործողութիւնները: Օգոստոս 21-ին պետական յեղաշրջումը ձախողեցաւ եւ անոր կազմակերպիչները ձերբակալուեցան:
Միխայիլ Գորբաչով օգոստոս 24-ին հրաժարեցաւ Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: Օգոստոս 29-ին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդը դադրեցուց Համայնավար կուսակցութեան գործունէութիւնը:
* * *
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան օգոստոս 5-ին նամակ ուղարկեց Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Անաթոլի Լուքիանովի, անկէ խնդրելով «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութեան ելքի հետ կապուած հարցերու լուծման կարգի մասին» օրէնքի հինգերորդ յօդուածին համաձայն որոշում կայացնել:
Նախապէս ճշդուած թուականին համաձայն, Հայաստանի մէջ անկախութեան հանրաքուէն կայացաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին:
Հանրաքուէին արդիւնքները ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ, Գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Բաբգէն Արարքցեան: Ընտրելու իրաւունք ունեցող 2.163.967 քաղաքացիներէն հանրաքուէին մասնակցած է 2.056.758 քաղաքացի` 95.4 առ հարիւրը: «Այո» քուէարկած քուէաթերթիկներուն թիւը` 2.042.262 (ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 94.39 առ հարիւրը): «Ոչ» քուէարկած քուէաթերթիկներուն թիւը` 10.002 (ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 0.46 առ հարիւրը): Անվաւեր ճանչցուած է 4129 քուէաթերթիկ (0.19 առ հարիւրը): Խախտումներու վերաբերեալ բողոքներ չեն ստացուած: Հանրաքուէի ընթացքին հետեւած են 117 դիտորդ` 25 երկիրներէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը, ամփոփելով հանրաքուէին արդիւնքները, 23 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն հռչակեց: Անկախութեան մասին որոշումը ընթերցեց երեսփոխան Արամ Մանուկեան:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան 16 հոկտեմբեր 1991-ին Հայաստանի նախագահ ընտրուեցաւ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու նստաշրջանին, 2 սեպտեմբեր 1991-ին, անկախութեան հռչակագիր ընդունուած էր: Իսկ 10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որ հաստատեց Արցախի անկախութիւնը:
Խորհրդային Միութեան փլուզման պայմաններուն տակ Ռուսիա, Պիելոռուսիա եւ Ուքրանիա 8 դեկտեմբեր 1991-ին Անկախ Պետութիւններու հասարակապետութիւնը կազմեցին: Դեկտեմբեր 21-ին ութ հանրապետութիւններ, որոնց շարքին` Հայաստան, միացան հասարակապետութեան:
Միխայիլ Գորբաչով դեկտեմբեր 25-ին հրաժարեցաւ եւ նոյն գիշերը Քրեմլինի վրայէն իջեցուեցաւ Խորհրդային Միութեան դրօշակը:
Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի վերին պալատը` Հանրապետութիւններու խորհուրդը 26 դեկտեմբեր 1991-ին բանաձեւ ընդունեց, որուն հիմամբ Խորհրդային Միութիւն կը դադրէր գոյութիւն ունենալէ:
Խորհրդային Միութեան կազմալուծումով Հայաստան լիակատար անկախութիւն ձեռք ձգեց:
Leave a Reply