Պապ Ալիի ցոյցի յիշատակին (Վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքը կազմող նուիրական էջերը)

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ժողովուրդներու պատմութիւնը հարուստ է  քաղաքական, հասարակական  անթիւ կազմակերպութիւններու անուններով, որոնք, չդիմանալով ժամանակի քննութեան՝ նետուած են  յիշողութեան աղբանոցը: Ուրիշներ, անմխիթար ներկայի մը մէջ, տեսլականի եւ հեռանկարի բացակայութեան, հիւծող հիւանդի մը տուայտանք-ներով կը սպասեն  իրենց օրհասը:

Դժբախտ են նաեւ անոնք, որոնք կ’ապրին անցեալէ եւ ապագայէ զրկուած ներկայ մը: Դժբախտ են անոնքեւս, որոնք մոռցած են իրենց պատմական անցեալն ու ազգային առաքելութիւնը: Իսկ դժբախտագոյնը անոնք են, որոնք չունին իրենց անցեալը վերարժեւորող, իւրացնող սերունդներ:

Տարբեր չէ մեր ազգային, քաղաքական կազմակերպութիւններէն շատերու իրավիճակը՝ այսօր: Ոմանք, կարծրատիպերէ ձերբազատելու, դեմոկրատական հաստատութեան կամ կառոյցի վերածուելու փոխարէն, նախընտրած են անհատի պաշտամունքի ուղին, ուր իշխողը՝ «Yes, sir», «թըքրամ, սիտի», «Սթալինը ըսաւ» տրամաբանութիւնն է:

Շատ-շատեր չեն հանդուրժեր «հաւնոցի» այս օրէնքը եւ կը հեռանան մեր շրջանակներէն: Կը հեռանան՝ նախընտրելով մնալ հաւատարիմ զինուոր, քան աւերակներու վրայ իշխող անկոչ զօրավար: Այս իրականութենէն կը տուժեն գրեթէ մեր բոլոր կառոյցները, կը նօսրանայ մեր հաւաքականութիւնը, կը տուժէ սփիւռքը…: Բայց որու՞ հոգը…: Տակաւին այսօ՛ր, երբ համահայկական երկխօսութիւնը թթուածինի նման կենսական անհարժեշտութիւն դարձած է մեր ժողովուրդին համար, խուլ ականջ կը ձեւանանք, յամառօրէն կ’անտեսենք մեր շրջապատին մէջ տեղի ունեցող ընկերային, ռազմաքաղաքական, տնտեսական, արհեստագիտական զարգացումները՝ միշտ այլոց վրայ բեռցնելով մեր սխալներուն պատասխանատւու-թիւնը:

Այսօր գրասեղանիս վրայ գտնուող օրացոյցին վրայ կը կարդամ՝ 15 սեպտեմբեր 1895՝ Պապ Ալիի ցոյցը, Պոլսոյ մէջ…: Կը մտածեմ պահ մը…

Հնչակեան կուսակցութեան Պոլսոյ՝ Պապ Ալիի ցոյցը կը մնայ հայ ազգային ազատագրական պայքարի մեծագոյն արտայայտութիւններէն մէկը:

Սակայն ի՞նչ էր այդ խաղաղ ցոյցը, որ չարանենգ սուլթանը ներկեց անմեղներու արիւնով:

Անոր հիմնական նպատակն էր բողոքագիր մը ներկայացնել Բարձր դռան՝ յիշեցնելու համար թրքական կառավարութեան գործադրել իր իսկ կողմէ խոստացած եւ ստորագրած Հայկական բարեկարգութիւնները:

Դժբախտաբար կատաղած ուժը յաղթեց, եւ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ Հիթլերներու նախանձը շարժող վայրագութեան:

Հայը ծանր հարուած մը կրեց, սակայն չվհատեցաւ: Իրաւունքի համար պայքարողներուն պարտութիւնը ժամանակաւոր կ’ըլլայ…:

Պապ Ալիի ցոյցով հայ ժողովուրդը հանդէս կու գար ոչ իբրեւ իր ճակատագրին հետ հաշտուած ստրուկ, այլ ազգային իրաւունքներուն գիտակից յեղափոխական ժողովուրդ:

Պապ Ալիի ցոյցը անօրինակ խիզախութեան, անըմբռնելի յանդգնութեան արտայայտութիւն մըն էր ժողովուրդի մը զաւակներէն, որոնք յաւերժ վառ եւ անջնջելի դարձուցին Հայ յեղափոխութեան պատմութիւնը:

Բաւական դիւրին է այսօրուան պայմաններուն մէջ քննադատել կամ ստորագնահատել Հայ ազգային ազատագրական պայքարը: Ցոյցեր այսօր որեւէ երկրի մէջ կրնան տեղի ունենալ: Սակայն այլ էր հարիւր քսանինը տարի առաջ, այն ալ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, ուր կառավարութեան կը միանային ենիչերիական խումբեր, իսլամ մոլեռանդ ամբոխը: Դէպքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է մեր երեւակայութեամբ փոխադրուինք այդ ժամանակաշրջանը:

Ինչպէս այլ առիթներով, այսօր նոյնպէս խօսքս ուղղելով իմ գաղափարի ընկերներուս՝ կ՛ըսեմ. «Իսկ դուն, ո՜վ Հնչակեան ընկեր, գիտա՞կ ես, թէ անցեալէն ին՞չ մեծ հարստութեան մը ժառանգորդն ես, եւ քու անմահ կուսակցութիւնդ սնած, ուռճացած եւ խարսխուած է գաղափարական վառ տեսիլքով մը ներկան ներշնչելու եւ դէպի ապագան դիմելու վսեմ առաքելութիւնն ունի, որպէսզի կարենաս այդ տաժանելի, բայց փառաւոր պատմական երկար ուղեւորութիւնդ աւելի դիւրաւ կատարել՝ հանգրուաններու պէտք ունիս: Այդ հանգրուաններն ու կայանները քու պանծալի կուսակցութեանդ կոթողած պատմական դէպքերու տարեդարձերն են, որոնցմէ մէկը Պապ Ալիի հնչակեան ցոյցն է, որ կատարուեցաւ ասկէ 129 տարի առաջ, 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Պոլսոյ մէջ»:

Հնչակեան կուսակցութիւնը արթնութիւն շեփորեց քաղաքական թմբիռով քնացող հայութեան: Սարսափէն կարկամած լեզուները բացաւ, շրթները շարժման մէջ դրաւ. հոգիները վերանորոգեց. այսպէս արիացնելէ ետք՝ թուլցած կամքերը պողպատեց եւ զանոնք առաջնորդեց դէպի ազատութիւն:

Մենք բոլորս՝ Հնչակեան, Դաշնակցական եւ Ռամկավար, պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող նուիրական էջերը, իրենց ներքին հոգիով, որովհետեւ առանց անոնց՝ մենք ներկայի փառքերէն զուրկ եւ գուցէ պատմութեան անցնող ինքնակորոյս ժողովուրդ մը դառնայինք եւ կամ «գոյութիւն» մը քաշկռտող հաւաքականութիւն մը:

Փառք եւ պատիւ Պապ Ալիի մեծ ցոյցին եւ անոր հերոսներուն, որոնք ստրուկը մարտիկի վերածած մեր ժողովուրդը մղեցին տէր դառնալու իր պատմա-անհատական իրաւունքներուն:

Յաւերժ փառք արիւնով եւ արցունքով գրուած ազգային ազատագրական պայքարի դիւցազնական էջերը կերտող եւ Հայ յեղափոխութեան արիւնաներկ դրօշներուն տակ նահատակուած հերոսներուն անմոռաց յիշատակին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ