Սեպտեմբեր 8-ին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան սուրբ պատարագը: Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի: Ուստի դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնները միշտ արտասովոր հոգեւոր հրճուանքի առիթ կը դառնան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը: Պատրիարք հայրը այս առթիւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին: Սուրբ պատարագէն առաջ Վանի մէջ հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւորները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ, որուն հիւրընկալն էր Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճը:
Երէկ առաւօտ շաբաթավերջի ուխտագնացութեան հոգեւոր հրճուանքը գագաթնակէտին հասաւ, երբ Վանայ լիճի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հերթական սուրբ պատարագը մատուցուեցաւ` ըստ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան: Նորին ամենապատուութիւնը նախագահեց սուրբ պատարագին, զոր մատոյց Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տրդատ Ա. քհնյ. Ուզունեան:

Բոլոր ուխտաւորները հոգեւոր ապրումներով հետեւեցան սուրբ պատարագին, որու ընթացքին պատրիարք հայրը տուաւ օրուան պատգամը: Մասնաւորապէս արտասահմանէն փութացած ուխտաւորներուն տեսակէտէ, մթնոլորտը բացառիկ էր, եւ անոնցմէ շատեր ստացան հաղորդութիւն: Նորին ամենապատուութիւնը քարոզին մէջ ըսաւ. «Կեանքը անմահ է, սակայն մարդիկ մահկանացու են: Այս պատճառով կարեւոր է մտածել անցեալ կեանքի եւ մնացեալ օրերու ու զանոնք արժեւորելու մասին: Մնացեալ կեանքի եւ ապագայի մասին մտածելու համար սքանչելի շարժառիթ մըն է Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարը: Հազար տարի առաջ մարդիկ ապրեցան, սակայն իրենց ետին թողեցին այս տաճարը: Այս տաճարը մեզի կ՛ըսէ. «Անցաւոր ուխտաւոր ես դուն ալ, դուն ալ բան մը ըրէ: Դաս առ զիս կառուցողներէն»: Աստուածաշունչի կարեւոր հերոսները ճամբորդներ են: Ամէն ճամբորդ երթալու հասցէ մը ունի: Ամէն քրիստոնեայի համար այդ հասցէն խաչն է, որ մկրտութեան ատեն դրոշմուեցաւ մեր մարմնին վրայ ու մեր շիրիմներուն վրայ, ալ կը դրուի խաչի նշանը»:
Յաւարտ սուրբ պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Մասնաւորապէս յիշատակուեցան այս պատմական եկեղեցւոյ կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի արքան, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ վարդապետը եւ Աղթամարի մէջ գահակալած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները:
Հուսկ, եկեղեցականաց թափօրը դուրս եկաւ տաճարէն, որուն բակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր անդաստան` պատրիարք հօր հանդիսապետութեամբ: Նորին Ամենապատուութեան վերջին աղօթքով արձակուեցան բոլորը, եւ կրօնական արարողութիւններու աւարտին Վանայ լիճի ափին սարքուած բացօթեայ սիրոյ սեղանին շուրջ ալ կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն:
Leave a Reply