Մուսա Լերան հայերու քառասուն օրերու յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

Սոյն մանրապատումը լոկ  մեծ հօրս պամութիւնը չէ, այլ բոլոր մուսալեռցիներու պատմութիւնն է: Արդարեւ, ամէն մէկ մուսալեռցի իր ներդրումը ունի այդ գոյամարտին:

1915-ի մայիսին մուսալեռցիները իմացան թուրք օսմանեան նոր իշխանութեան հայաջինջ քաղաքականութեան մասին:

Մուսա Լերան բոլոր գիւղերու  հայ բնակիչներուն հրահանգուեցաւ եօթը օրուան ընթացքին լքել իրենց տուները ու միանալ սուրիական անապատները ուղղուող  կարաւաններուն: Այս պահանջը չկատարելու պարագային` սպաննել զանոնք:

Տեղահանման նպատակը մէկ էր` առանց վնաս կրելու ոչնչացնել Մուսա Լերան գիւղերու հայերը:

Անոնք, որոնք չենթարկուեցան թրքական աքսորման հրամանին, գնդակահարուեցան Անտիոքի բանտին առջեւ: Նոյնը կատարուեցաւ քեսապահայութեան, աքսորուեցան Տէր Զօրի անապատ եւ այնտեղ սպաննուեցան:

Զօր. Փանոս Անդրանիկի Մանճեան իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին կ՛ըսէ. «Աւելի քան հինգ հազար բնակիչ բարձրացաւ Մուսա Լերան գագաթ ու սկսեց պաշտպանական գծի կառուցումը: Մեծ հայրս` աւագ Փանոս Մանճեանը, ապստամբներու ձեւաւորած պաշտպանութեան կոմիտէի կազմի մէջ էր:   Մուսալեռցիները   զինուած    էին    ընդամէնը մի քանի հարիւր հրացաններով: Թշնամին քանակով կը գերազանցէր մեզ` տասնեակ անգամ»:

Հայրս` Թովմաս Փանոսի Մանճեան, 1902-ի ծնունդ, այդ ատեն 13 տարեկան էր: Ան կը պատմէ. «Ինչ որ կրցանք, մեզի հետ լեռ հանեցինք, ամէն բան շալկած` բարձրացանք:   Երիտասարդները առաջին դիրքերուն,աւելի մեծերը` երկրորդ ու երրորդ ,կանայք վերջին գիծին վրայ»:

Փոքր տղաք, որոնք կը կոչուէին «Թելեֆոն», ճակատի լուրերը կը փոխանցէին:

Մինչեւ թրքական զօրքին դիրքերուն յայտնուիլը, արդէն մուսալեռցիները կազմ ու պատրաստ էին: Քառասուն օր շարունակ մղուեցան ինքնապաշտպանութեան մարտեր: Թշնամին թնդանօթով կը հարուածէ Մուսա Լերան կողմը:

Հայրս կ՛ըսէ. «Թրքական բանակը կ՛անցնի յարձակման, վերջին գիծի  կանայք «Թելեֆոն» տղոց կ՛ըսեն, որ լուր տանին, որ թշնամին կը նահանջէ:  Մեծ թափով հակահարուած կը հասցնեն մուսալեռցիք, եւ թշնամին սարսափած` կը նահանջէ:  Անվախ պատանիները կը վազվզէին դիրքէ դիրք` արհամարելով թշնամիին թնդանօթէն  տեղացող ռումբերը:

Պատերազմը, սակայն, կը սաստկանար, զինամթերքը օրէ օր կը պակսի:  Հետախուզող տղաքը թուրք լրտես մը կը բռնեն ու կը տանին լերան գագաթ:

Հայրս կը նկարագրէ այդ պահը. «Մենք հաւաքուեցանք ու շրջապատեցինք լրտեսը, ան խոստովանեցաւ, բայց չզղջաց իր կատարածին ու ստացաւ իր պատիժը»:

Պատերազմին անցած էր մէկ ամիս, մուսալեռցիք ունէին 18 նահատակ:

Հայրս կ՛ըսէ. «Մառախուղը օգնեց մեզի, կրցանք երկարել դիմադրութիւնը եւ հակահարուած  հասցնել թշնամի զօրքին»:

«Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպի հեղինակ Ֆրանս Վերֆել շատ  գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ.

«Աստուածային միջնորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ: Մուսա Լերան թիկունքէն շողացող արեւը իր վարդագոյն փայլը տարածեց, եւ փայլեցաւ Յիսուսի լոյսը: Լերան ստորոտին մնացած թուրք զինուորները խուճապի մատնուեցան, երբ տեսան շիկացած լոյսերը, որոնք սարսափի մատնեցին թշնամին: Պատկերացուցին, որ այդ լոյսի մէջէն դուրս կու գար ահռելի քանակով զօրք` ջահերով ու հրէ գնդակներով, վրէժ լուծելու իրենց ենթարկուած վայրագութիւններուն համար: Թուրք ասկեարները դիմեցին փախուստի»:

Թշնամին դիրքաւորուած էր լերան լանջերուն:  Ամէն պարտութիւնէ ետք կրկին կը կուտակէր զօրքը:

Հայրս ըսաւ. «Նեղ վիճակի մէջ էինք: Անծայրածիր ծովու տեսարանը միակ փրկութեան յոյս ներշնչողն էր մեզի: Մեր յոյսը չէինք կորսնցուցած, օգնութիւն էր պէտք:

Պատրաստեցինք օգնութեան խաչի դրօշակը: Սպիտակ սաւանին վրայ ոչխարի արեամբ կարմիր խաչ ներկեցինք ու զայն  իբրեւ դրօշ պարզեցինք` այն յոյսով, որ նաւերը կը տեսնեն ու կը մօտենան ափին:Միեւնոյն ժամանակ մեծ կրակ վառեցինք, որ ծուխը հեռուէն տեսանելի ըլլայ: Ինչպէս նաեւ օգնութեան նամակ մը պատրաստուեցաւ, ու  երիտասարդ լողորդ մը ափին յարմար պահուն պիտի յանձնէր նամակը երեւցող նաւու նաւապետին: Եթէ ուշանար նաւու մը յայտնուիլը, արդէն պատրաստ էինք նետուելու ծով: Բացառուած էր յանձնուիլը թրքական զօրքին»:

Այս էր Մուսալեռցիներու որոշումը` «Փրկութիւն կամ մահ իմացեալ»:

Հայրս կը շարունակէ. «Մեր ուրախութիւնը անսահման էր, մարտանաւ մը կը մօտենար: Մարտանաւի անձնակազմը նկատած էր լերան գագաթին բարձրացող ծուխը եւ սպիտակ դրօշակի խաչը:  Գաղտնագիրը հասկնալի էր… օգնութիւն ուզողները քրիստոնեայ են: Նաւը կը ռմբակոծէ Մուսա Լերան ուղղութեամբ` լանջերուն կուտակուած թրքական խրամատները: Շնչահեղձութեան մատնուած չորս հազար մարդ հանգիստ շունչ քաշեց:

Մահը արհամարած` ծափահարութիւններով զիրար ողջունեցինք:

«Քաջասիրտ մուսալեռցի լողորդը լողալով հասաւ ռազմանաւ, ֆրանսական էր` ծովակալ Լուի Տաթիժ տիւ Ֆուրնէի  ղեկավարութեամբ»:

Լողորդ ՄՈՎՍԵՍ ԳԸՐԼԳԵԱՆ լողալով հասաւ նաւուն մօտ ու ՏԻԳՐԱՆ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆԻ կողմէն անգլերէն գրուած յատուկ տուփի մէջ զետեղուած օգնութիւն խնդրող նամակը յանձնեց:

Հայրս կ՛ըսէ. «Հրաման տրուեցաւ իջնել լեռէն ու հասնիլ ծովափ` նստելու փրկարար նաւակները»:

Մեծ հօրս` Փանոսին զաւակներն են` Վարդգէս, Սարգիս, Թովմաս, Տիգրան, Միհրան, Անդրանիկ եւ Գոհար:

Հայրս պատմեց. «Իմ պարտականութիւնս էր քոյրս` Գոհարը, որ մէկ տարեկան էր, իջեցնել լեռէն եւ ծովափ հասցնել:

«Մուսա Լերան գիւղերու չորս հազար երկու հարիւր հայերը ֆրանսական եւ անգլիական ռազմանաւերով փոխադրուեցան Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքին մօտ, որուն աւազներուն վրայ զետեղուած էին վրաններ: Այդ վրաններու մէջ չորս տարի ապրեցանք»:

29 նոյեմբեր 1939-ին հակաօրինական ձեւակերպումով ֆրանսական պետութիւնը Սուէտիոյ նահանգը` Իսկենտերունը, յանձնեց Թուրքիոյ:

Մեծ մասամբ արաբներ եւ մուսալեռցի հայեր, մերժելով թրքական իշխանութիւնը, գաղթեցին Սուրիա, Պասիթ, ապա Լիբանան` Այնճար:

Մուսալեռցիներու ինքապաշտպանութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան յաղթանակի փարոսն է:

Ու յաղթական աւարտը ազատութեան ուղեցոյց է բոլոր հալածուող ազգերու:

Երեւան, 2024

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ