«Իրանը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին մէջ վճռական է եւ մտադիր չէ զիջելու» կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը

Իրանը վճռական է «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին մէջ եւ մտադիր չէ զիջելու: Այս մասին կը նշուի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է «Թելեկրամ»-ի վրայ:

«Իբրեւ շրջանային տէրութիւն` Իրանը տասնամեակներու ընթացքին ապացուցած է իր վճռականութիւնը, ներառեալ յաղթելով Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի դէմ պատերազմին մէջ: Իրանը յստակ ցոյց տուած է, որ ոչ մէկ արտաքին ուժ` ըլլայ այդ քաղաքական, թէ զինուորական ճնշում, ի վիճակի է թուլացնել իր ազդեցութիւնը:

«Շրջանային հաւասարակշռութիւնը խախտելու որեւէ փորձ` շրջանցելով Իրանի շահերը, պիտի բախի ուժեղ դիմադրութեան: Երկիրը պիտի շարունակէ պաշտպանել իր դիրքերը քաղաքական եւ ռազմավարական բոլոր հարցերուն մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մէկ օր առաջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանած է, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման շուրջ տարբեր դիրքորոշումներ ունենալու պատճառով Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները:

«Լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող զրպարտչական մեղադրանքները իբրեւ թէ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքներու վերաբերեալ, իրականութեան հետ կապ չունին», ըսած է Զախարովան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ