
Լոյս տեսաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի The Deaconesses of the Armenian Church խորագիրով անգլերէն աշխատասիրութիւնը, որ կը հանդիսանայ Ֆրիպուրկի համալսարանի էքումենիք հիմնարկի Studia Oecumenica Fri-burgensia մատենաշարի 113րդ հատորը։
Aschendorff Verlag-ի կողմէ հրատարակուած գիրքը կը հանդիսանայ հեղինակին տարիներու լուրջ եւ հետեւողական հետազօտութիւններու արդիւնքը եւ լոյս կը սփռէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ կարեւոր, բայց յաճախ անտեսուած՝ սարկաւագուհիներու դերակատարութեան վրայ: Յատկապէս կեդրոնանալով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան վրայ՝ ան կը քննէ պատմական այն կարեւոր դերակատարութիւնը, զոր սարկաւագուհիներ ունեցած են քրիստոնեայ համայնքներու կեանքին մէջ: Արդարեւ, հեղինակը փաստացի վկայութիւններով ցոյց կու տայ, թէ կանայք իբրեւ սարկաւագուհիներ ինչպիսի՛ նշանակալից ներդրումներ ունեցած են եկեղեցւոյ թէ՛ ծիսական եւ թէ ծառայասիրական առաքելութիւններուն մէջ։
Այսօր, երբ Ուղղափառ եւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ լուրջ խօսոյթ մը կը զարգանայ այս հնագոյն աւանդոյթը վերականգնելու ուղղութեամբ, The Deaconesses of the Armenian Church հատորը ակադեմական կարեւոր տուեալներ եւ նոր հեռանկարներ կը հաղորդէ աստուածաբաններու, պատմաբաններու, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են արծարծուած նիւթով։
Գիրքը այժմ հասանելի է եւ կարելի է զայն պատուիրել ուղղակի Aschendorff Verlag-էն:
Leave a Reply