Դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուեցաւ USC Հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի դասախօս

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Տորնսիֆ» բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուած է Հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի  դասախօս։

Դոկտ. Հրակ Փափազեան մասնագիտացած է Օքսֆըրտ համալսարանին մէջ։ Ան ծնած է Լիբանան եւ յաճախած Համազգայինի Ճեմարանը եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է համայնքին մէջ։ Ան դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Խոստումը» հայկական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն մէկը։

Դոկտ. Փափազեանի ուսումնասիրութիւններու կիզակէտը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ հայութիւնը։

Նշենք, որ համալսարանին մէջ կը գործէ նաեւ Թրբանճեանի անուան Քաղաքացիական հասարակութեան եւ ընկերային փոփոխութեան ամպիոնը, որուն դասախօսը փրոֆ. Մանուէլ Փասթորն է։

https://asbarez.am/archives/465887

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ