Ցեղասպանութենէն վերապրողներու լուսանկարներուն եւ անոնց վկայութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս՝ Նորթրիճի համալսարանին մէջ

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու լուսանկարները եւ անոնց վկայութիւնները վաւերագրող iwitness նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Դիմադրութեան Պատումներ» խորագրուած ցուցահանդէսը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 12 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5ին, համալսարանին Արուեստի ցուցադրասրահին մէջ (CSUN Art Galleries, 18111 Nordhoff Street, Northridge, CA 91330)։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 22 հոկտեմբեր։ Մուտքը ազատ է։

Iwitness-ը լուսանկարիչներ Արա Օշականի եւ Լեւոն Փարեանի, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեանի նախաձեռնութիւնն է:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։

https://asbarez.am/archives/465738

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ