Յունարէնի թարգմանուեցաւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին “The Armenian Church” գիրքը

2016 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեղինակած «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) հատորը ցարդ թարգմանուած է արաբերէնի, ֆրանսերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ գերմաներէնի։ Յիշեալ թարգմանութիւններու կողքին, վերջերս աւելցաւ նոյն հատորին յունարէն թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը։

Սոյն յունարէնի հրատարակութիւնը կատարուած է Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ՝ Սինոտին որոշումով։ Թարգմանութիւնը կատարած է յոյն եկեղեցւոյ յայտնի հոգեւորականներէն Մեթրոփոլիթ Գաբրիէլ, որ միաժամանակ գիրքին յառաջաբանն է ստորագրած։

Յայտնենք, որ գիրքին թարգմանական ու հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։

Նաեւ յիշենք, որ հատորի յառաջաբանէն առաջ կը գտնենք սոյն գիրքին հրատարակութիւնը վաւերացնող Սինոտին պաշտօնական նամակը։

https://horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2024
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ