Իսթանպուլի կուսակալի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան այցելութիւնը

Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի դիւանը Դիմատետրի վրայ կը հաղորդէ որ երէկ, 8 յուլիսի յետմիջօրէին, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ այցելեց Կաթողիկէ առաջնորդարան։ Իրեն կ’ընկերանար նաեւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ճան Աքսոյ։

Հիւրերը ընդունուեցան Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ, Առաջնորդարանի աւագ դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին Գերյ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, եկեղեցական ամբողջ դասը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներն ու ատենապետը՝ Ենալ Սուճի, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պր. Պեռնար Սարըպայ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտին մէջ, կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/090724lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ