Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելէ ետք պիտի ըլլայ իրազեկում

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամկէտին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելէ ետք հանրութիւնը պատշաճ ժամկէտի մէջ պիտի իրազեկուի, արձագանգելով լրատուամիջոցներու հարցումին` յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:

Լրատուամիջոցները մասնաւորապէս հետաքրքրուած էին, թէ հաստա՞տ է այն տեղեկութիւնը, թէ 2 յուլիսին կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպում Մարգարայի մէջ:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը եւս «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ, որ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ