Սարդարապատի ցուլերը «շշմած» կը դիտեն թուրքին «գոհունակ» ժպիտը

Համբիկ Պիլալեան

Հայ ժողովուրդը իր երկար թմբիրէն ետք կ՛ունենար պետականութիւն: Ազգութեան եւ պետականութեան գաղափարին այս վերահաստատումը անկիւնադարձը պէտք է նկատել մեր արդի պատմութեան:

Շաւարշ Թորիկեան 

Տարբեր ժողովուրդներու առասպելաբանութեան մէջ ցուլը ունեցած է, ունի բազմաթիւ իմաստ եւ խորհուրդ: Հայոց պարագային, ցուլը սկսաւ իմաստաւորուիլ եւ խորհրդանիշ դառնալ, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք, երբ Հայաստանի (թէկուզ խորհրդայնացած) սրտին մէջ կեանքի կոչուեցաւ Սարդարապատի յուշահամալիրը:

Փաստօրէն, յուշահամալիրին մէջ զանգերու աշտարակին, որմաքանդակին ու արծիւներու կողքին են կանգնած ցուլերը, որոնք իրենց վեհութեամբ ոչ միայն ուժի, կամքի ու զօրութեան խորհուրդը կը պարփակեն, այլ նաեւ յամառ եւ տոկուն կեանք վարելու իմաստը:

Այլ խօսքով, հայութիւնը` շնորհիւ իր հաւաքական կամքին ու յամառութեան, յաջողեցաւ դժոխային պայմաններէն յարնիլ ու իրաւունքը վաստկիլ վերապրելու եւ ազգերու շարքին իր սեփական պայքարի դրօշը ծածանելու:

Սակայն այսօր «շշմած են» հայակերտ ցուլերը, որովհետեւ ականատես են այն վիճակին, որ կ՛ապրի մեր հայրենիքը` իր պետականութեամբ եւ ժողովուրդով:

Այլապէս ալ զարմանալի կը թուի իրենց` ցուլերուն համար, որ թուրքն ու ազերին` այնքան յղփացած ու անբարոյացած, իրենց կամքը կը պարտադրեն տարբեր ոլորտներու մէջ, յագուրդ տալով հայատեացութեան եւ հայասպանութեան:

Արցախի կորուստով կամ յանձնումով հայութեան կեանքը մուտք գործեց մութ ժամանակաշրջան, ոչ միայն պարտութեան, այլ նաեւ հայոց պետական այրերու ունեցած ողբերգական եւ դժխեմ վարքագիծին պատճառով:

Արդ, ողջ պատմութիւնը արձանագրած է, որ հարիւր եւ վեց տարի առաջ, ճիշդ այս օրերուն, հայութիւնը օրհասական պայմաններու դէմ յանդիման գտնուելով պէտք է որոշէր` ապրի՛լ, գոյատեւե՞լ, թէ՞ անձնատուր ըլլայ կեանքի դաժան պարտադրանքին, թշնամի հորդաներու քմայքին, ծնրադիր ընդունիլ թուրքի երկրորդ եաթաղանը եւ միանգամընդմիշտ վերանալ պատմութեան թատերաբեմէն:

Այլ հարց, թէ այնքան դիւրա՞ւ ըմբռնելի գոյավիճակ էր, հասկացողութիւն եւ մարդկային ընկալում, վերանա՜լ ազգերու պատմութեան էջերէն եւ փոշիանալ մեծ պետութիւններու անգութ հարուածներուն տակ:

Չէ՞ որ հայոց ազգային պարունակը յագեցած է քաղաքակրթական նուաճումներ արձանագրելու բարձրագոյն արժանիքներով եւ վեհափառ ներկայութիւն ապահոված ազգերու ոսկեմատեանին մէջ:

Որքան պարզ ու յստակ էր այդ օրերու հրամայականը, նոյնքան ուժ ու կորով, կամք եւ համոզում կը պահանջուէր ամբողջ հայութենէն` վերջին անգամ ըլլալով լարելու, պրկելու հայկեան աղեղը եւ ազգային շունչով վարակուած նետուելու մարտի դաշտ, ջարդուած ու սովահար ազգի մը վերջին ճակատամարտը մղելու:

Ճակատամարտ, որ վաստկեցաւ պատուական անուն եւ պատմաքաղաքական արժէք ունեցող հանգամանք եւ հայ ժողովուրդին ժառանգեց ազգային ըմբռնումներու հզօր երաշխիքներ:

Անոնք, մայիսեան յաղթանակները, որոնք կերտուեցան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, ապացուցեցին ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ ազգերու ինքնաճանաչումին կամ ի սպառ բնաջնջումին միջեւ առկայ է կարմիր թել մը, որ ունի ապառաժեայ կառուցուածք եւ ուժականութիւն, որով կրնայ տուեալ ազգը զինուիլ եւ ապահովել իր հաւաքական երթը:

Աւելի՛ն. հայութիւնը, այս պարագային, որ ցեղասպանութիւն էր ապրած եւ իր համրանքին կէսը կորսնցուցած, կեանքի ամենադաժան պայմաններուն դէմ ելլելով եւ պայքարի դրօշը պարզելով յաջողեցաւ վերականգնիլ, ուժ գտնել ինքնիր մէջ եւ սէգ ճակատով նայիլ դէպի ապագայ:

Իրօք, հրաշքի համազօր, բայց եւ սեփական կամքին ու մտքին ապաւինած հայ ժողովուրդը, իրեն առաջնորդ ունենալով հրաշալի անցեալ ունեցող ֆետայիներու փաղանգներ եւ ղեկավարութիւն, կրցաւ յաղթանակ տանիլ ու փշրել թուրքի, այսպէս ըսած, երազը` արմատախիլ ընել հայը իր մայր հողէն եւ բնաջնջել հայութիւնը:

1918, Մայիսի 28:

Պահ մը զերծ մնալով տուեալ թուականին նախորդող ժամանակի նշումէն, այս կամ այն քաղաքական թէ զինուորական իրադարձութենէն, պարտք է ընդմիշտ յիշել ու յիշեցնել, որ մայիսեան յաղթանակին ետին կանգնող ֆետայական խումբերու, հայդուկապետերու թէ բարձրաստիճան հայ սպաներու կողքին կային երկու հրաշալի դէմքեր, ազգային բարձր արժանիքներով օժտեալ հայորդիներ, եզակի կամքի ու հաւատամքի տէր անձնաւորութիւններ, հայոց անխառն արեամբ սնած տիպարներ, որոնց անունները հարկ է, որ արձանագրուին իւրաքանչիւր հայու սրտին ու հոգիին մէջ` իբրեւ արդի Հայաստանի կերտիչներ ու պետականութեան ռահվիրաներ:

Փաստօրէն, Գէորգ Ե. կաթողիկոսի եւ Արամ Մանուկեանի անունները սոսկ հայաշունչ անուանումներ չեն, ոչ ալ պատկանելիութիւն խորհրդանշող մակդիրներ, այլեւ այս զոյգ տիտան անձնաւորութիւնները հայոց վեհափառ հերոսներն են, որոնք` շնորհիւ իրենց ազգային ամենաբարձր ունակութեան, գաղափարական աշխարհին ու քաղաքական մտքի հասունութեան, կրցան ազգի մը թաւալգլոր ընթացքը փոխել ու իրենց վճռակամութեամբ ցոյց տալ փրկութեան ուղին:

Ու այդ ճամբու ստեղծումը կ՛ենթադրէր տոկունութիւն եւ յամառութիւն, որոնցմով օժտուած էին այս երկու ազնուական հայորդիները, մէկը իր հոգեւորականի պայծառ ու լուսաշող կերպարով, իսկ միւսը` ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական ու մարտական հնոցէն ստացած դաստիարակութեամբ:

Արդարեւ, մերօրեայ կեանքի հայոց քաղաքական ու պետական այրերը, մտքի հոսհոսները, փոխանակ ոգի ի բռին թուրքն ու ազերին զուարճացնելու եւ անոնց ժպիտ պարգեւելու պարտաւոր են երթալ սարդարապատեան յուշահամալիր, ծնրադրել հայոց ցուլերու դիմաց եւ առանց չքմեղանքի անոնցմէ հայցել ոգեկան ամրութիւն, բայց մանաւանդ` ամօթի, խպնանքի զգացողութիւն:

Ահա այս օրերու փրկութեան ուղին, որուն իրագործման անյապաղ պէտք է լծուին հայոց պետական այրերը, ժողովուրդ մը ամբողջ եւ մասնաւորաբար Հայաստանի կենսունակութեամբ ու յարատեւութեամբ ապրող ու շնչող ազգայնական ուժերը, արարատասէր տղաները:

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2024
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ