
Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը գտնուող եւ մօտաւորապէս 36,000 ուսանողներ ունեցող Քալիֆորինիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ, Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 23-25ին տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցին նուիրուած հսկում, ցոյց եւ Արցախի նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն։
Հայ ուսանողները նաեւ Ցեղասպանութեան մասին թռուցիկներ բաժնեցին համալսարանի բակին մէջ, ինչպէս նաեւ անուշեղէններ եւ կերակուրներ ծախեցին, ապահովելով կոկիկ գումար մը, որպէսզի Արցախի մէջ կռուած՝ վիրաւոր եւ հաշմանդամ հերոս զինուորներուն յատկացուի։
Ա. ԴԱՒԻԹ
Leave a Reply