ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1905 օգոստոսին, Համազասպի հրամանատարութեան տակ, Ասկերանի մէջ ուժգին հարուած հասցուցին թաթար հրոսակներուն: Շուրջ մէկ շաբաթ տեւած կռիւներէն հայերը դուրս եկան լիակատար յաղթանակով:
Ասկերանի կռիւներուն իրենց քաջագործութիւններով անուանի դարձան Մեսրոպ քահանայ Շահիջանեան, Ալեքսան Տայի, Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան, Սերգէյ Բաբայեան, Չարչոնց Երեմեան եւ Աղասի Վերդեան:
Ասկերանի յաղթանակը ոգեշնչեց արցախահայութիւնը եւ բարձրացուց անոր մարտական ոգին:
Համազասպի հռչակը տարածուեցաւ ամբողջ Արցախի մէջ: Արցախի հայոց ժողովուրդը անոր անունով ու արեւով երդում կ՛ընէր: Թաթար խուժաններուն համար Համազասպ հոգէառ սադայէլ մըն էր, որուն անունը անոնք անէծքով ու զարհուրանքով կը յիշատակէին:
Ամբողջ Արցախի մէջ բերնէ բերան կ՛երգուէր աշուղ Աշխոյժի (Խաչատուր Գրիգորեան) հեղինակած «Խաչենու հերոս» երգը.
«Ծագեց արեւ ազատութեան,
Փախէք ամպեր երկնքից.
Համազասպը իր խմբով
Կը գայ Խաչին գաւառից»:

Ասկերանի կռիւներէն ետք Համազասպ իր թռուցիկ խումբով անցաւ Խնձրիստան, ուր գիւղի ինքնապաշտպանական մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ժողով տեղի ունեցաւ: Գիւղացիք ի պատիւ Ասկերանի յաղթանակին մատաղ պատրաստեցին: Խնճոյքի ժամանակ առաջարկուեցաւ խմել Համազասպի կենացը: Բաժակաճառ ըսաւ նաեւ Համազասպ եւ մեծարելով գիւղացիներն ու քաջակորով մարտիկները շեշտեց. «Ես ոչինչ չեմ արել. ես միայն հանդիսատես եմ եղել: Խմենք Ալեքսան Տայու, Տէր Մեսրոպի, Իսրայէլի, Սերգէյի եւ բոլոր միւս մարտիկների, մանաւանդ գիւղացիների կենացը, որոնք իսկական կռուողներ են եղել»:
Երախտապարտ արցախցիք Համազասպի թանկարժէք սուր մը նուիրեցին:
Համազասպի նուիրուած երգ մը ձօնեց նաեւ աշուղ Ջիւանի.
«Հայաստանի վասպուրական աշխարհից,
Տոսպ քաղաքից դուրս եկաւ մի նոր արծուիկ.
Չշեղուեց հայրական սուրբ ճանապարհից,
Հետեւեց հօրեղբօր շաւղին ընթացիկ»:
* * *
Ռուսական իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ սկսան հաշտութեան եւ խաղաղութեան քարոզներ կարդալ ու խոստումներ տալ հայերուն, թելադրելով զէնքերը վար առնել: Սակայն հայերը, չհաւատալով խոստումներուն, զինաթափ չեղան:
Մարտական ոգին ամէն տեղ բարձր էր: Մածուն Խեչօ եւ Արամայիս կը շրջէին գիւղերը եւ հաւանական նոր ընդհարումները դիմակալելու համար պատրաստական աշխատանք կը տանէին:
* * *
Իր հայատեաց գործունէութեամբ անուանի դարձած էր Թարթառ շրջանի ռուս ոստիկանապետը, որ կաշառուած էր թաթարներուն կողմէ եւ ամէն տեսակի ստորնութիւն կը կատարէր հայերուն նկատմամբ:
Հայ վրիժառու ձեռքը որոշեց պատժել ոճրագործը: Արցախի զինուորական մարմինը 1905 օգոստոսի վերջաւորութեան Համազասպին հրահանգեց «անմիջապէս միջոցեր ձեռք առնել Թարթառի շրջանի հայատեաց ռուս նաչալնիկին սպաննելու համար»:

Համազասպ, իր հետ առնելով Աղասի Վերդեանը եւ քանի մը ձիաւորներ, մեկնեցաւ Մարաղա: Մարաղայէն անոնք անցան Թարթառ, ուր գտան Մովսէս անունով տղայ մը, որ լաւ ծանօթ էր շրջանի ճանապարհներուն եւ փողոցներուն:
Ոստիկանապետը, նախատեսելով որ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ, Թարթառ գիւղէն դուրս եւ գիւղի փողոցներուն մէջ ոստիկաններ պահակ դրած էր:
Քիչ ետք Մարաղայի գիւղապետը եւ Մովսէս Համազասպի մօտ գալով յայտնեցին. «Պարոն Համազասպ, անկարելի բան է նաչալնիկին գիւղում սպաննել: Ամէն կողմ վխտում են ստրաժնիկ պահակները, որոնք ձերբակալում են գիւղ մտնող անծանօթ մարդկանց»:
Նոյն պահուն Աղասի Վերդեան Համազասպի ըսաւ, որ ինք Թարթառի մէջ ազգութեամբ յոյն ոստիկանի մը հետ տերիմ է: Այդ յոյն ոստիկանը հայ աղջիկ մը կը սիրէ, բայց աղջկան ծնողները համաձայն չեն իրենց զաւակը անոր տալու:
Համազասպ իսկոյն կարգադրեց յոյն ոստիկանը իր մօտ բերել:
Աղասի յոյն ոստիկանը գտնելով անոր ըսաւ որ Համազասպ գաղտնի խօսելիք ունի իր հետ:
Համազասպ յոյն ոստիկանին ըսաւ.
– Դուն պիտի սպաննես մեր թշնամին եւ այս գաւառի չարիք ռուս ոստիկանապետը: Քեզի ամէն կերպով կ՛օգնենք: Նաեւ կը խոստանամ քու սիրած հայ աղջկան ծնողները համոզել, որ դուք ամուսնանաք եւ Թիֆլիս երթաք:
Յոյն ոստիկանը ուրախութեամբ ընդունեց Համազասպի առաջարկը եւ յայտնեց, որ ինք այս մէկ- երկու օրուայ ընթացքին կը սատկեցնէ ոստիկանապետը, պայմանով, որ գիւղի անտառին մէջ քսան հայ տղաներ պատրաստ սպասեն եւ ձի մըն ալ` իրեն համար, որպէսզի ապահով փախչին գիւղի սահմաններէն:
Համազասպ յետոյ կանչեց յոյն ոստիկանին սիրած աղջկան հայրը` Մարկոսը եւ համոզեց, որ համաձայնի իր աղջիկը յոյնին տալու, խոստանալով հարսանիքի ամբողջ ծախսը հոգալ` համագիւղացի Սարգիսի միջոցով:
Մարկոս ընդունեց: Որոշումը յոյն ոստիկանին յայտնեցին, որ շատ ուրախացաւ:
Առաջին գիշերը քսան հայ ձիաւոր տղաք սպասեցին անտառին խորը: Յոյն ոստիկանը անոնց մօտ գալով յայտնեց, որ չյաջողեցաւ սպաննել:
Յաջորդ գիշեր դարձեալ քսան հայ ձիաւորներ սպասեցին անտառին խորը: Լուռ, մութ եւ խորհրդաւոր գիշեր մըն էր: Կէս գիշերէն ետք ժամը 2:00-ին յանկարծ հրացանի ուժեղ ու որոտալի ձայն մը արձագանգեց անտառը: Յոյն ոստիկանը, առաջին իսկ հարուածով տեղն ու տեղը սպաննած էր ոստիկանապետը եւ արագօրէն կը փախչէր հայ ձիաւորներուն կողմը:
Հայ տղաքը յոյն ոստիկանը Համազասպի մօտ տարին, որ համբուրեց անոր ճակատը, շնորհաւորեց եւ խոստացաւ շուտով կատարել տալ հարսանիքը:
Ոստիկանապետին սպանութիւնը ցնցող տպաւորութիւն գործեց եւ խուճապային սարսափ տարածեց Արցախի ռուս ոստիկանութեան եւ զինուորականութեան շրջանին մէջ:
Ռուսական իշխանութիւնները սկսան հետապնդել Համազասպը: Անոր կեանքը վտանգի տակ էր: Աղասի Վերդեան ստանձնեց Համազասպի թիկնապահի պարտականութիւնը եւ աչալուրջ կերպով սկսաւ հսկել, որ անծանօթ մարդիկ չհետեւին անոր:
* * *

Ասկերանի յաղթական կռիւներէն ետք թէեւ ընդհարումները դադրած էին, բայց լուրջ վտանգ կը ներկայացնէին Աւդալ եւ Գիլաֆլու (ներկայիս` Վազգէնաշէն համայնք Մարտունիի շրջանին մէջ) գիւղերու յենակէտերը, ուր աւելի քան երկու հազար թաթար հրոսակներ կեդրոնացած էին:
Հայկական գիւղերուն միջեւ խրուած այս տարածքէն թաթար հրոսակները պարբերաբար յարձակումներ կը գործէին հայերուն վրայ:
Արամայիս կը գրէ. «Աւդալ-Գիլաֆլուն գտնւում է Միրաշալլուի հարաւ-արեւելեան կողմում, երկու վերստ տարածութեան վրայ: Մեր երկիւղը հայ-թրքական ընդհարման սկզբից` շարունակ այս աւազակաբարոյ գիւղերն էին, որ դեռ հաշտութեան օրերին պատուհաս էր շրջակայ հայ ազգաբնակչութեան համար»:
Արամայիս, գիւղերը շրջելէն ետք, 2 սեպտեմբեր 1905-ին վերադարձաւ դիրքերը, իսկ Մածուն Խեչօ դուրս գալով դիրքերէն ճամբայ ելաւ դէպի շրջակայ գիւղերը:
Սեպտեմբեր 3-էն 4 լուսցող գիշերուան ընթացքին Աւդալ եւ Գիլաֆլու գիւղերու յենակէտերէն թաթար հրոսակախումբերը հայկական Միրաշալլու գիւղի ուղղութեամբ գաղտագողի յարձակման անցան:
Գիշերուան ժամը 10:00-ի շուրջ մօտակայ բլուրի մը ծայրէն հաւար փրթաւ. «Ով քրիստոնեայ է, հասնի. Միրաշալլուն թուրքերն աւերեցին»:
Գիւղ մտնելով` թաթարները սկսան թալանել տուները եւ գազանաբար սպաննել հայերը:
Միրաշալլուի պաշտպաններուն օգնութեան փութացին մօտակայ վայրերու ինքնապաշտպանական խումբերը եւ թշնամին քշեցին դէպի Աւդալ եւ Գիլաֆլու:
Հայ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ գործադրուած վայրագութիւններուն իբրեւ պատասխան, հայ մարտիկները վճռեցին յարձակիլ Աւդալ եւ Գիլաֆլու գիւղերուն վրայ:
«Կամ պէտք է կոտորուենք, կամ մոխիր դարձնենք Աւդալ եւ Գիլաֆլուն», կատաղաբար կը գոռային հայ երիտասարդները եւ բարկութեամբ հրացաններուն կոթերը գետին կը զարնէին:
Արցախի զինուորական մարմինը, հետագայ կոտորածներէն եւ աւերածութիւններէն խուսափելու համար, որոշեց վերջնականապէս մէջտեղէն վերցնել Աւդալ եւ Գիլաֆլու աւազակային որջերը, որոնք անառիկ դիրք ունէին, եօթը հարիւր տուն բնակչութիւն կը հաշուէին եւ լաւ զինուած էին:
Մինչ հայ կռուողները յարձակման կը պատրաստուէին, թաթար հրոսակները մեծաքանակ ուժերով սեպտեմբեր 6-ի առաւօտուն կրկին յարձակում գործեցին Միրաշալլուի վրայ: Սկսաւ կատաղի, օրհասական կռիւ մը:
Հայկական կռուող ուժերը պաշտպանողականէն յարձակողականի անցան: Ռազմագիտական քանի մը դիրքեր գրաւելով, անոնք գրոհի անցան եւ կիսալուսնի նման շրջապատեցին թաթարներու դիրքերը:
Թշնամիին դիմադրութիւնը յաղթահարելով, հայ մարտիկները ժամը 11:00-ի շուրջ խուժեցին Աւդալ եւ գրաւեցին զայն: Այնուհետեւ անոնք քալեցին Գիլաֆլուի վրայ:
Երեք կողմէն շրջապատուած թաթարներուն փախչելու միակ տեղը ներքեւի ձորն էր: Հրոսակները խուճապահար սկսան փախուստ տալ:
Հայեր Աւդալն ու Գիլաֆլուն գրաւելէն ետք երկու աւազակաորջերն ալ կրակին տուին: Հրոսակներէն անոնք, որոնք չէին կրցած փախուստ տալ, հրոյ ճարակ դարձան:
Հայ կռուողներուն ձեռքը հսկայական աւար անցաւ, որ նախապէս մեծ մասամբ հայերէն յափշտակուած էր:

Կռիւը աւարտելու վրայ էր, երբ հայերուն ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով թաթարներ ռուս կոզակներու աջակցութեամբ յարձակեցան հայկական Վարազաբուն գիւղին վրայ: Հայ մարտիկները օգնութեան հասան նաեւ Վարազաբունի պաշտպաններուն եւ գրոհի անցան: Թաթար հրոսակները խուճապահար փախուստի դիմեցին:
Հայ անձնուրաց մարտիկները այնուհետեւ ջախջախիչ հարուածներ հասցուցին եւ չէզոքացուցին թաթարական Ղարադաղլու, Դիւանլար եւ Հազրաֆլու աւազակաորջերը:
Leave a Reply