Լոյս տեսաւ Զարիֆեանի The United States and the Armenian Genocide հատորը

«Ռաթկըրզ» համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Ժիւլիէն Զարիֆեանի «Միացեալ Նահանգները եւ Հայոց Ցեղասպութիւնը․ պատմութիւն, յուշ եւ քաղաքականութիւն» (The United States and the Armenian Genocide․ History, Memory, Politics) հատորը։

Հեղինակը հատորին մէջ կը քննարկէ, թէ ինչու Ուաշինկթըն միայն 2021ին պաշտօնապէս ճանչցաւ 1915ին իրագործուած Ցեղասպանութիւնը, իսկ մինչ այդ կը շարունակէր տեղի տալ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ճնշումներուն։

Ժիւլիէն Զարիֆեան Ֆրանսայի Փուաթիէ քաղաքի համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս է եւ հեղինակն է ֆրանսերէնով երկու հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու։

https://asbarez.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2024
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ