«Իրիկնամուտին Թոտորի» Եսայեան Միութեան բեմէն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պոլ­սա­հայ թա­­տերա­­կան կեան­­քի աւագ եւ կրտսեռ եր­­կու նո­­ւիրեալ գոր­­ծիչներ Պօ­­ղոս Չալ­­կը­­­ճըօղ­­լու եւ Եղիա Աք­­կիւն, 11 Մա­­յիս շա­­բաթ յետ­­մի­­­ջօրէին այս ան­­գամ Եսա­­յեան Միու­­թեան կեդ­­րո­­­նին մէջ ներ­­կա­­­յացու­­ցին քա­­ղաքիս ար­­դի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան լա­­ւագոյն ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րէն Իգ­­նա Սա­­րըաս­­լա­­­նի «Իրիկ­­նա­­­մու­­տին Թո­­տորի» անուն բո­­եմը։

Այս մէ­­կը «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան նախ­­կին խմբագ­­րա­­­տան մէջ գոր­­ծող նո­­րակազմ Եսա­­յեան Միու­­թեան նա­­խաձեռ­­նած եր­­րորդ մի­­ջոցա­­ռումն էր։ Առա­­ջինն էր «Զա­­պէլ Եսա­­յեանի պայ­­քա­­­րը», որուն շուրջ զրու­­ցե­­­ցին Նո­­րա Թա­­թարեան եւ Գա­­յուշ Կավ­­րի­­­լոֆ, ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ Սե­­սիլ Ար­­թուչի։

Երկրոր­­դը ձօ­­նուած էր Մի­­սակ Մա­­նու­­շեանի ֆա­­շիզ­­մի դէմ հայ­­դուկա­­կան պայ­­քա­­­րին, որ ներ­­կա­­­յացուց Մա­­սիս Քիւրքչիւ­­կիլ։

«Իրիկ­­նա­­­մու­­տին Թո­­տորի» բոե­­մը առաս­­պե­­­լական շա­­րադ­­րութիւն մըն է, ուր պոլ­­սա­­­հայ գիր ու գրա­­կանու­­թեան, մշա­­կոյ­­թի, երաժշտու­­թեան հսկա­­ներ կը մէկ­­տե­­­ղուին կա­­պելա­­յի մը մէջ, իրենց կող­­քին ու­­նե­­­նալով այ­­լազգի բա­­զում դէմ­­քեր, բո­­լորն ալ իրենց ժա­­մանա­­կի համ­­բա­­­ւաւոր ան­­ձինք, որոնք շատ լաւ կը հասկնան զի­­րար, իրենց յոյ­­զե­­­րով ու հո­­գերով։

Պոլ­­սոյ բնան­­կա­­­րի են­­թա­­­ֆոնին վրայ եր­­կու դե­­րասան­­ներ ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն հիւ­­թիչ ար­­տա­­­սանու­­թեամբ նկա­­րագ­­րե­­­ցին եւ ին­­չու չէ, հա­­մարեա կեն­­դա­­­նացու­­ցին Իգ­­նա Սա­­րըաս­­լա­­­նի գրա­­կան տո­­ղերը։

Ներ­­կա­­­ներ մատ­­նո­­­ւեցան այն տպա­­ւորու­­թեան, թէ այդ պա­­հուն դուրս եկած են նկու­­ղա­­­յին այդ սե­­նեակէն եւ Մար­­մա­­­րա Ծո­­վու քա­­մին իր հետ բե­­րելով ու­­զո­­­յի բուրմունքը, փոք­­րիկ սար­­սուռ մը յա­­ռաջա­­ցու­­ցած է եւ ակա­­մայ կը տա­­րուին դէ­­պի վե­­րեւ նա­­յելու, մի գու­­ցէ աստղա­­փայլ եր­­կինքը տես­­նե­­­լու ցան­­կութեամբ։

Մի­­ջոցառ­­ման աւար­­տին միու­­թեան ան­­դամնե­­րէն Նո­­րայր Օլ­­կար յայտնեց թէ յա­­ռաջի­­կայ շա­­բաթ օր նոյն վայ­­րի մէջ պի­­տի զրու­­ցեն ամե­­րիկա­­հայ անո­­ւանի եր­­գա­­­հան Արա Տինքչեան եւ եր­­կար տա­­րիներ իր հետ հա­­մագոր­­ծակցած Պուրճու Եըլ­­տըզ, նիւթ ու­­նե­­­նալով նա­­խորդ դա­­րասկզբի ամե­­րիկա­­հայ դա­­սակա­­նացած երաժշտու­­թեան նմոյշնե­­րը։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/30300/irignamudin-tvodvori-yesahyean-miutyean-pyemen

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2024
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ