ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշիի վրայ արշաւելու եւ զայն գրաւելու նպատակով յարձակման անցած թաթարները 18 օգոստոս 1905-ին ծանր հարուած ստացան Ասկերանի կիրճին մէջ:
Հայկական ուժերու շեշտակի հարուածներէն ցիրուցան եղած թշնամին հաւաքուեցաւՂարաղաջի մէջ եւ երկու խումբի բաժնուելով արշաւեց Խրամորթի վրայ:
Խրամորթի պաշտպանութեան օգնութեան հասան Խաչենի ինքնապաշտպանական ուժերը` Համազասպի գլխաւորութեամբ եւ ջարդելով թշնամին խուճապահար փախուստի մատնեց զայն:
Համազասպի զինուորական տաղանդին եւ հմտութեան շնորհիւ հայ ինքնապաշտպանական մարտական խումբերը հերոսաբար կռուեցան եւ ամէնուրեք ետ քշեցին թաթարները, որոնք ամէն ուղղութեամբ նահանջեցին:
Թաթարական ջախջախուած ուժերը վերախմբուեցան Աղտամի մէջ, նախապատրաստուեցան եւ որոշեցին մեծաքանակ ուժերով կտրել հայ ռազմիկներուն դիմադրութիւնը եւ Ասկերանի կիրճով հերթական անգամ արշաւել Շուշիի վրայ:
* * *

Օգոստոս 19-ի առաւօտուն Մածուն Խեչօ անցաւ Խաչենի կողմերը, ճշդելու համար որ արդեօ՞ք եկած է խմբապետ Համազասպը, որուն լուր ուղարկած էին Խաչենէն գալ եւ միանալ Խեչոյի ուժերուն` Ասկերանը պահելու համար:
Քիչ անց, ժամը 10:00¬ին Շուշիի կողմէն ռուս պահակ մը եկաւ, տեղեկացնելով թէ հայերուն եւ թաթարներուն միջեւ հաշտութիւն կայացած է: Ան միաժամանակ յայտնեց, որ թոյլ չտրուի թաթարական զինուած մեծ խումբերուն անցնելու Շուշի եւ չդպչիլ միայն քոչուորներուն եւ փոստին:
Պահակին մեկնելէն ետք հասաւ փոստը տանող կառքը: Հասաւ նաեւ շէյխ ուլ իսլամը: Անոնց թոյլ տրուեցաւ անցնելու Շուշի:
Աղտամէն եւ շրջակայ գիւղերէն հաւաքուած շուրջ երկու հազար թաթար ձիաւոր հրոսակներ յայտնի աւազակապետ Ադիգէոզալ բէկի գլխաւորութեամբ ժամը 11:00¬ին շարժեցան Ասկերանի ուղղութեամբ եւ փորձեցին ասպատակել Խրամորթը:
Ադիգէոզալ բէկ սպիտակ ձի հեծած առանձին յաւակնութեամբ կ՛առաջնորդէր խաժամուժը, արհամարհելով քանի մը տասնեակ հայերը, որոնք կիրճը փակած էին:
Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերու հետախուզական բաժինը գիշեր-ցերեկ աչալուրջ կը հսկէր: Փութով ահազանգ ուղարկուեցաւ Համազասպի:
Ահազանգը ստանալով` Համազասպ Խաչենի եւ Ջիվանշիրի շուրջ հարիւր հոգինոց թռուցիկ հեծեալ խումբերով շուտափոյթ հասաւ կռուի վայրը:
Ադիգէոզալ բէկի առաջնորդութեամբ թաթար ձիաւորները մօտեցան հայ պաշտպաններու դիրքերուն: Նոյն պահուն հայ մարտիկները միահամուռ յարձակման անցան: Սկսան կատաղի գօտեմարտեր: Կռուի վճռական պահուն խրամորթցիներուն օգնութեան հասան նաեւ Քարագլուխ եւ Խանապատ գիւղերուն մարտական խումբերը եւ լուրջ հակահարուած տուին թշնամիին:
Ղլիջ Բաղի տակէն, խճուղիի երկարութեամբ` կարմիր խաչով դրօշակը ծածանելով, դէպի Խրամորթ սլացաւ Վարանդայի եւ Խաչենի մարտկոցներուն մէջ դիրք բռնած հայ մարտիկներէն խումբ մը: Անոնք գնդակի արագութեամբ հասան եւ մեծ թափով զարկին թաթարներու ձախ թեւին: Զարկ մը, որ որոշեց կռուին ելքը:
Թաթարները, բազմաթիւ դիակներ ձգելով Խրամորթի տակ, անկանոն նահանջով սկսան փախուստի դիմել:
Ադիգէոզալ բէկի ձիաւոր խումբը գլխովին ջարդուեցաւ, եւ ինք` բէկը, շուրջ տասնհինգ հոգինոց խումբով հազիւ կրցաւ ճողոպրիլ ու ազատիլ:
* * *


Ասկերան
Օգոստոս 20-ին Մածուն Խեչօ վերադառնալով յայտնեց, որ Համազասպ արդէն եկած է եւ կը գտնուի Խանապատ գիւղին մէջ: Ասիկա կը նշանակէր, որ Ասկերան երկու կողմէն կրնայ կրակի տակ առնուիլ, եթէ թաթարները յարձակման անցնէին:
Համազասպի հրամանատարութեամբ Խանապատի մէջ տեղակայուած մարտական խումբին պարտականութիւնն էր կասեցնել Աղտամէն եւ մօտակայ Խոջալու, Մայլիբէյլի եւ այլ գիւղերէն թաթարներու յարձակումները Շուշիի վրայ:
Հայ մարտիկներու խումբ մը խճուղին փակեց Խաչենի կողմէն, իսկ Մածուն Խեչոյի եւ Արամայիսի մարտիկները կիրճը փակեցին Վարանդայի կողմէն:
Օգոստոս 21-ին Համազասպի հետ համախորհուրդ կազմուեցաւ հետեւեալ ծրագիրը: Համազասպ պէտք է փակէր շղթայով Խաչենի կողմը խճուղիի երկարութեամբ, իսկ Արամայիս եւ Մածուն Խեչօ` Վարանդայի կողմէն` մինչեւ Չայ-Բախչա կոչուած տեղը, հաստատ որոշելով, որ ոչ մէկ գացող կամ վերադարձող ողջ առողջ դուրս պիտի չպրծի այդ թակարդէն:
Այսպիսով, Խաչենի եւ Վարանդայի մարտական ուժերը, փակելով Ասկերանի լայնատարած կիրճը, թշնամիին համար ծուղակ մը նախապատրաստած էին, թոյլ չտալով անոր Շուշիէն անցնիլ Աղտամ եւ հակառակը:
Շուշիի մէջ թէեւ հաշտութիւն կայացած էր, բայց ատիկա կրնար խախտիլ, եթէ թաթարական նոր ուժեր հասնէին հոն:
* * *
Թաթարներ, անկարող ընկճելու հայ մարտիկներուն դիմադրութիւնը Շուշիի մէջ, հաշտութիւն խնդրած էին: Քաղաքին ռուսական իշխանութիւնները առաջարկած էին խաղաղութիւն հաստատել: Հայերը պատասխանած էին. «Թուրքերը եթէ հանգիստ կենան, մենք ալ հանգիստ ենք ու հանգիստ»:
Թաթարները թէեւ պարբերաբար ժամանակաւոր խաղաղութիւն կը յայտարարէին, նոյնիսկ հաշտուելու կը պատրաստուէին, բայց գաղտնաբար կը պատրաստուէին նոր դաւեր նիւթել:
Թիֆլիսի «Լումայ» ամսագիրը «Արիւնալից օրերը Կովկասում» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէր. «Հաշտութի՜ւն, թափօ՜ր, համբոյրնե՜ր…: Ա՛խ, որպիսի հեգնանք, որպիսի՜ կատակերգութիւն: Չէ՞ որ այդ թափօրներից յետոյ նոյն աւազակները, որոնք համբուրուել էին, խաղաղութեան դրօշ պարզել, նոյն այդ արիւնարբուները, երբ ուժ են կուտում, դրժում են ամէն սրբութիւն եւ դարձեալ արիւն թափելու ելնում»:
Հայոց զինուորական մարմինի անդամները քաջածանօթ էին թաթարներու երկակի քայլերուն եւ թերահաւատօրէն տրամադրուած անոնց հաշտութեան առաջարկին:
Զինուորական մարմինը ինքնապաշտպանական նոր ծրագիր առաջադրեց: Փութով մարդ ուղարկուեցաւ Խանապատ Համազասպին յայտնելու, որ Շուշիի մէջ հաշտութիւն կայացած է:
«Բայց մենք դեռ չենք հաշտուած», պատասխանեց Համազասպ եւ տոմսակ մը ղրկելով խնդրեց, որ կրկին զինուորական խորհրդակցութիւն կատարուի եւ ծրագիր կազմուի:
Ստեղծուած կացութեան մէջ իր հետագայ քայլերը ճշդելու համար զինուորական մարմինը խորհրդակցութեան հրաւիրեց, ուր որոշուեցաւ. «Հանգիստ մնալ այն չափով, ինչ չափով որ թուրքերը կը լինեն»:
Տակաւին խորհրդակցութիւնը կը շարունակուէր, երբ
Խանապատի արեւելեան կողմէն եկող սուրհանդակը յայտնեց, որ թաթարները վերսկսած են հրացանաձգութիւնը:
Իրավիճակի սրման պատճառով ժողովականները վճռականօրէն եւ միահամուռ որոշեցին. «Եթէ կռիւ է, թո՛ղ լինի», եւ մանրամասնօրէն ծրագրեցին, թէ յաջորդ կռիւները ինչ եղանակով պէտք է տարուին:
* * *
Օգոստոս 22-ի առաւօտուն հայկական մարտական ուժերը կազմ ու պատրաստ կը սպասէին, երբ Վարանդայի ու Խաչենի եզրերէն սպիտակ-կարմիր խաչով դրօշակներ պարզուեցան: Պայմանական նշան մը խումբերուն կողմէ, թէ` «պատրաստ ենք»:
Շուշիի կռիւներուն մասնակցած թաթար հարիւրաւոր հեծեալներ հոնկէ թալանուած ապրանքներով կը վերադառնային Աղտամի իրենց որջերը: Սակայն, լսելով որ հայերը շուրջկալներ պատրաստած են, կը վախնային Ասկերանի կիրճէն անցնելու եւ խռնուած կը սպասէին Խոջալուի մօտ: Միաժամանակ Ասկերանի կիրճին մօտ մեծաթիւ թաթար զինուած քոչուորներ կուտակուած էին, վախնալով անցնիլ իրենց ձմեռանոցները: Ի վերջոյ, անոնցմէ երեսուն հոգի, թաթար ոստիկանապետի ու կոզակներու ուղեկցութեամբ, առաջ շարժեցան:
Հայ մարտիկները այդ երեսուն հոգիին պատճառով չուզեցին վիժեցնել աւելի խոշոր ծրագիր մը: Ձգեցին որ անցնին, սպասելով ձիաւորներու աւելի ստուար բազմութեան:
Խոջալուի մօտ հաւաքուած խուժանը, տեսնելով երեսուն հոգիին ապահով անցնիլը, քաջալերուեցան, խորհելով որ հայերը լքած են իրենց դիրքերը եւ ճամբան բաց է:
Թաթար տասնմէկ հրոսակներ ինքնավստահ մտան ամրոցի պատերէն ներս: Դարանակալած հայ մարտիկները պայմանական ազդանշանով յանկարծակիի բերելով օղակեցին զանոնք եւ տեղն ու տեղը բոլորն ալ սրախողխող ըրին:
Հեռուն խմբուած ձիաւորները տեսնելով որ երկրորդ խումբն ալ անվտանգ անցաւ (ճամբան ամրոցին մէջէն ըլլալով, հոնկէ անցնողներուն դուրս ելլել չէին կրնար տեսնել), աւելի քան երկու հարիւր հոգիով, ոստիկանապետի գլխաւորութեամբ, առաջ շարժեցան եւ մտան կիրճը:
Հայ մարտիկները սպասեցին, մինչեւ որ ամբողջ ձիաւոր հրոսակախումբը մտաւ պարիսպներէն ներս եւ յայտնուեցաւ տղոց երկաթէ օղակին մէջ: Տղաքը չորս կողմէն միահամուռ կրակ բացին: Ոստիկանապետը զգալով գործին լրջութիւնը` խոհեմաբար դուրս թռաւ ճանապարհէն եւ ձին քշեց դէպի Խանապատ:
Փամփուշտները կարկուտի նման կը տեղային: Հրոսակները խելակորոյս, սկսան ելք մը փնտռել: Փորձեցին ետ, դէպի Խոջալու փախչիլ: Բայց ճամբուն բերանը խցանի պէս փակուած էր եւ անոնց ճակատին որոտացին յետսապահներուն հրացանները:
Թաթարները այս անգամ շրջուեցան դէպի ձախ, բայց կրկին դժոխային կրակի հանդիպեցան: Յետոյ շրջուեցան դէպի աջ, եւ նոյնպէս կրակի հանդիպեցան: Ձիերը խուճապահար պտոյտ կու գային կրակէ օղակին մէջ: Հրոսակներէն շատեր գետին փռուեցան:
Թաթարներ փորձեցին ձիերը քշել դէպի Հասան Աղայի քարւանսարան, բայց նախօրօք տղաքը հոն, թրքական գերեզմանոցին մէջ դարան մտած էին եւ կրակ բանալով զանոնք ետ դէպի վեր քշեցին:
Դժոխային փորձութիւնը այնպիսի գահավէժ արագութեամբ կատարուեցաւ, որ հրոսակները ժամանակ իսկ չունեցան հրացանները ուսերնէն վար առնելու եւ փամփուշտ մը իսկ արձակելու:
Կռիւը տեւեց մօտաւորապէս երկու ժամ: Մարդոց եւ ձիերու դիակները խառն ի խուռն թափթփուած էին ընդարձակ տարածութեան վրայ: Ջնջուեցաւ գրեթէ ամբողջ հրոսակախումբը: Աւելի քան երկու հարիւր ձիաւորներէն միայն վեց հոգի կրցաւ ճողոպրիլ եւ փախչիլ դէպի Ղուրդերը: Հայերէն` ոչ մէկ զոհ կամ վիրաւոր, որովհետեւ թաթարները դիմադրելու հնարաւորութիւն չէին ունեցած:
Հայ մարտիկներուն ձեռքը անցան մեծ քանակութեամբ ձիեր եւ զէնքեր:
Leave a Reply