Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը միաձայնութեամբ թեր քուէարկած է ապրիլի 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակող օրինագիծին

Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը 7 մայիսին միաձայնութեամբ թեր  քուէարկած է իւրաքանչիւր տարի ապրիլի 24-ը «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ին միաժամանակ անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»-ի էջը կը տեղեկացնէ, որ նիստի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած ծերակուտականները, որոնք ներկայացուցած են տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններ, վերահաստատած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրենց բարեկամական վերաբերմունքը, մարդկութեան դէմ գործուած նման յանցագործութիւնները մոռացութեան չմատնելու կարեւորութիւնը, շեշտած են յարգուած եւ սիրուած հայ համայնքի հանգամանքը: Ծերակուտականները նշած են, որ Հայաստանը այսօր ալ անվտանգային մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է եւ յիշեցուցած, որ 2022 թուականին Ծերակոյտը նաեւ միաձայն դատապարտած է Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ իր համերաշխութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2024
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ