Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Ժընեւի մէջ

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Յիսնամեակէն ասդին սուգը պահանջատիրութեան վերածած ենք, անցնող վաթսուն տարիներուն ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բնութագրումը հաստատուած է` ՋԱՐԴ եւ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ ասոյթներուն փոխարէն, սակայն մեր Դատը օտարին ծանօթացնելու միջոցները կը մնան անբաւարար:

Այս նպատակով տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ ՀԲԸՄ-ի կազմակերպութեամբ աննախընթաց ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Ժընեւի կեդրոնը` Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ, աւելի քան երկու հազար հայ եւ օտար հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, չորեքշաբթի, 24 ապրիլի 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:15-ին:

Բացման խօսքով ֆրանսերէնով մեթր Վիգէն Պայրամեան ողջունեց ներկաները «Դիմադրութեան համերգ»-ին եւ ըսաւ, որ հաւաքուած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու հայ ժողովուրդի տոկունութեան, որ բախեցաւ ատելութեան եւ մոլեռանդութեան, սակայն ճկունութիւնը աւելի ուժեղ էր, եւ զայն պիտի վայելենք հրամցուելիք մեղեդիներու ընդմէջէն, որոնք հզօր զէնքեր են խաւարին դէմ: Ան նշեց, որ կը յիշենք մեր նահատակները, բայց նաեւ` վերապրողները, դիմադրողները եւ վերակառուցողները: Տոկունութիւնը կեանքի հաստատումն է, արժանապատուութեան հռչակումը եւ ապագայի խոստումը:

ՀԲԸՄ-ի անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց այս ձեռնարկի յաջողութեան բոլոր նպաստողներուն ու հովանաւորներուն:

Զուիցերիոյ երաժշտական աշխարհին մէջ ծանօթ անուն մըն է հայազգի խմբավար Լուք Պաղտասարեանը, որ կը ղեկավարէր Վըվէ քաղաքի սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը:

Յայտագրի առաջին բաժինը հայոց «Անլռելի զանգակատուն»-ըանմահ Կոմիտասն էր, որուն գործերէն փունջ մը «Հոյ նազանիմ», «Կռունկ», «Շողեր ջան» եւ այլն, գերազանց մեկնաբանութեամբ շոյեց ունկնդիրներուն զգացումները: Սրահէն դուրս գալու պահուս ականջալուր եղայ տեղացիի մը արտայայտութեան, թէ«Հայերն ալ երաժշտական հարստութիւն ունեցող ժողովուրդ են եղեր»: Այս մեկնաբանութիւնը օտարի բերնէն լսուած յաղթանակ մըն է ու օրուան խորհուրդին եւ իրագործուած ձեռնարկին յաջողութեան հաստատագիրը:

Երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէր Պետրոս Շուճունեանի նորաստեղծ սիմֆոնիան, բնիկ գիւմրեցի այս երաժիշտը կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Քանատա: Այս համաշխարհային առաջին ներկայացման ան իր ներկայութեամբ պատուեց երեկոն:

Յայտագրի երրորդ բաժինին համար սիմֆոնիք նուագախումբին միացաւ երգչախումբը, որ մեկնաբանեց ստեղծագործութիւններէն գերմանացի մեծ երաժիշտ Հանտըլի, որուն գլուխ-գործոց «Հալէլուիա» օրհներգը ժողովուրդը որպէս վերջաբան յոտնկայս ունկնդրեց կրկնակի անգամ:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին սովորականէն կանուխ` ժամը 17:00-ին, Ժընեւի Թրուանէ շրջանի Արմենիա հրապարակին վրայ Հայ առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն եւ ծաղիկներ զետեղուեցան Ցեղասպանութեան յուշակոթողին մօտ:

Կազմակերպութեամբ Ծխական խորհուրդին եւ հանդիսապետութեամբ առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեանի, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք եւ բարեխօսութեան կարգ: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան արդար իրաւունքին, խօսեցաւ Հայաստանի այսօրուան տխուր վիճակին մասին, կոչ ուղղեց գիտակից ու խորաթափանց արթնամտութեամբ դիտելու մեր շրջապատը եւ այնպէս կողմնորոշուելու տեսիլքովը մեր ամբողջական հայրենիքին ու ժողովուրդին:

Աւարտին եկեղեցական թափօրը մեկնեցաւ խաչքար-յուշարձանին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում, աղօթք եւ խնկարկութիւն:

Արարողութեան ներկայ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեանը իր խօսքին մէջ հաստատեց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, խօսեցաւ միջազգային տարողութեամբ ճանաչում ապահովելու կարեւորութեան մասին: Անդրադարձ կատարեց երախտագէտ ըլլալու զուիցերիացի հայասէրներուն, որոնք մարդասիրական մօտեցում ունեցած են մեր տարագիր ժողովուրդին նկատմամբ:

Զուիցերահայ միութեան (UAS) ատենապետ Մեկանուշ Պագրամեան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրենց բոլոր լծակներով Զուիցերիոյ մէջ կը գործեն սփիւռքահայութեան դէմ: Ան հրաւիրեց միասնակամ ըլլալու եւ մեր կարգին աշխատանք տանելու այդ ուղղութեամբ:

«Հայ ըլլալկը նշանակէ պահպանել մեր ինքնութիւնը, մշակոյթը, մղել պայքար եւ ուժեղ պատգամ ուղղել համայն աշխարհին: Մեր պայքարը յառաջ տանելու նպատակով նախ մենք հայերս, պէտք է զիրար հասկնանք եւ մեր ուժերը ծառայեցնենք մեր հայրենիքը զարգացնելու», եզրափակեց ան:

Աւարտին ներկաները երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա տեղապահ հայր սուրբը Տէրունական աղօթքով եւ «Պահպանիչ»-ով աւարտեց հանդիսութիւնը:

Ժընեւ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2024
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ