Լիբանանեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման

Լիբանանի մէջ 24 ապրիլին լոյս տեսած լիբանանեան օրաթերթերը անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին եւ այդ առիթով լիբանանահայութեան կատարած քայլարշաւ-ջահերթին:

Իւրաքանչիւր օրաթերթ իր դիտանկիւնէն մեկնելով եւ իր իւրայատուկ վերլուծումներով անդրադարձաւ քայլարշաւ-ջահերթին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութեան: Գրեթէ լիբանանեան բոլոր օրաթերթերը անդրադարձ կատարեցին լիբանանահայութեան կողմէ իր նահատակներուն յիշատակը 109 տարի շարունակ վառ պահած յանձնառութեան:

«Ժումհուրիա»
«Ժումհուրիա» օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ տեղ տուած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով Ալիս Պօղոսեանի գրած յօդուածին, որ կը կրէր. «Պատմութիւնը, եթէ նոյնիսկ խօսի» խորագիրը:

Յօդուածը կը կրէ նաեւ ֆրանսացի ակնառու քաղաքական դէմքերէն մէկուն` Ժան Ժորեսի արտայայտած այն միտքը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, եւ որ կ՛ըսէ. «Մենք կը գտնուինք այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, երբ մարդկութիւնը չի կրնար ապրիլ, երբ իր տնամերձ պարտէզին մէջ կան ցեղասպանուած ժողովուրդի մը աճիւնները»:

Իր յօդուածին մէջ Ա. Պօղոսեան կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստերուն` ընդգծելով, որ անոնք բաւարար են դատապարտելու Թուրքիան եւ զայն մղելու, որ ճանչնայ հայոց դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կատարէ նիւթաբարոյական հատուցումներ:

Ա. Պօղոսեան անդրադարձ կատարեց նաեւ Արցախի մէջ գործուած ցեղային զտման, որ գործադրուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի մեղսակցութեամբ, եւ ի տես աշխարհին լռութեան:

Իր յօդուածով Ա. Պօղոսեան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ստանալիք պատիժին կարեւորութիւնը, որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին, այնպէս ինչպէս այսօր կը վկայենք Կազայի մէջ:

«Նահար»
«Նահար» օրաթերթը իր առաջին էջով անդրադարձած է լիբանանահայութեան կողմէ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին եւ զայն ներկայացնող լուսանկար մը զետեղած է:

«Նահար»-ի կողմէ թղթակցութիւնը բաւարարուած է նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ, կազմակերպութեան հայկական քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

«Նահար»-ի 7-րդ էջով լոյս տեսած է նաեւ յօդուած մը` Քրիստ Չոփուրեանի գրիչով: Յօդուածին խորագիրը կ՛ըսէ. «Ուր մարդկութիւնը ձախողեցաւ»:

Յօդուածը կ՛անդրադառնայ աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներուն եւ միջազգային օրէնքներուն անտեսումին` ակնարկելով 7 հոկտեմբեր 2023-ի Կազայի դէպքերուն սկիզբին:

Սակայն հարց կու տայ նաեւ, որ ի՛նչ պէտք է ակնկալել այս աշխարհէն, ուր մարդկութիւնը ձախողած է 109 տարիներ առաջ` 24 ապրիլ 1915-ին:

Յօդուածը կարճ պատմական մը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան մասինմատնանշելով աշխարհին լռութիւնը: Ապա կ՛անդրադառնայ հայ նոր սերունդներուն յիշողութեան եւ իրենց նախահայրերէն ժառանգած կտակին ընդգծելով, որ այդ բոլոր ճշմարտութիւնները իմանալով հայութեան նորահաս սերունդները յիշողութեան ջահը վառ կը պահեն:

Ապա իր խօսքը ուղղելով աշխարհին` յօդուածագիրը կը շեշտէ, թէ իբրեւ նոր սերունդ, հայութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել իր դատը առանց որեւէ երկրի օժանդակութեան, որովհետեւ անոնք միայն իրենց շահերուն մասին կը մտածեն եւ Հայ դատին մասին կեցուածքներ կը յայտնեն, երբ անիկա իրենց շահերուն հետ կը համընկնի: «Ի՞նչ պէտք է ակնկալել այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր մարդկութիւնը 109 տարի առաջ ձախողած է», հարցումով յօդուածը կ՛աւարտի:

«Ախպար»
«Ախպար» օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ տեղ տուած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտինի գրած յօդուածին, որ կը խօսի Հայաստանի ու Թուրքիոյ եւ աւելի ուշ նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ կատարուած հանդիպումներուն եւ բանակցութիւններուն` հաստատելով, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր բանակցային ընթացքով չէ կրցած Հայաստանի շահերը պաշտպանել եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան «պատմողականութեան» մէջ տեղի տուած է:

«Տիար»
«Տիար» օրաթերթը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կազմակերպած ձեռնարկին եւ այդ առիթով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին արտասանած խօսքին:

Ձեռնարկը կը կրէր «Յիշողութիւնը վառ պահելու համար» խորագիրը, իսկ լուրը, որ կ՛անդրադառնայ ձեռնարկին, գրեթէ ամբողջութեամբ հրատարակած է Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին խօսքըընդգծելով այն բաժինը, որ այսօր ինչպէս երէկ, Արեւմուտքը կը վկայէ Կազայի մէջ գործուող սպանդներուն եւ կը ծածկէ ճշմարտութիւնները:

«Լ՛Օրիան Լը Ժուր»
Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթը իր առաջին, 7-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ էջերով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման:

Օրաթերթը իր առաջին էջով նշեց. «24 ապրիլը Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրն է: Խորհրդանշական թուական մը, որ կ՛ակնարկէ Կոստանդնուպոլսոյ` օրուան թուրք ազգայնական կառավարութեան ձեռամբ մէկ միլիոն մարդոց մահուան յանգեցուցած ցեղասպանութեան մեկնակէտի մէջ 24 ապրիլ 1915-ին տեղի ունեցած ջարդին: Այս առիթով Միջազգային քրէական դատարանի 2003-2012 տարիներու նախկին աւագ դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն Լիբանանի մէջ հայկական կաթողիկոսութեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, «Ա.») հրաւէրով Պէյրութի մէջ քանի մը օր անցուց»:

«Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օգտուելով անոր ներկայութենէն Օքամփոյի հետ կատարած է հարցազրոյց մը, որուն մէջ վերջինս կը յայտնէ. «Շատ ցնցիչ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբէն աւելի քան մէկ դար ետք, մենք մեզ անգամ մը եւս կը գտնենք անոր դէմ յանդիման: Ուստի ինծի համար շատ կարեւոր է տեղափոխուիլ եւ խօսք առնել, որպէսզի այն, ինչ որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի կ՛ունենայ, չթաքցուի: Առաջնահերթութիւն է»:

«Արեւմտեան երկիրները չեն սիրեր ցեղասպանութիւններ ճանչնալ: «Ցեղային զտում» արտայայտութիւնը կ՛օգտագործուիխուսափելու համար արգիլուած բառէն: Համայնքը քանդելու մտադրութեամբ ցեղային զտումը, այսուամենայնիւ, ցեղասպանութիւն է: Ցեղասպանութիւնը անպայման չի նշանակեր մեծաթիւ անձեր սպաննել, կրնայ նաեւ վտանգուած համայնքի մը անտանելի պայմաններու ենթարկումէն բաղկանալ: Եւ այդ էր, որ պատահեցաւ Լաչինի միջանցքի շրջափակման ընթացքին», ըսած է նախկին միջազգային դատախազը աւելցնելով. «Այսօր պատճառներ կան ակնկալելու, որ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ Ալիեւի դէմ հետաքննութիւն կրնայ յայտարարուիլ»:

Օրաթերթի 10-րդ էջին վրայ լոյս տեսած է տոքթ. Վարդգէս Արզումանեանի «Անոնք, որոնք ետին մնացին» յօդուածը, որուն մէջ ան կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն վերապրած Սիրանի եւ Լեւոնի պատմութիւնը: Ժորժ Էլիաս Պուսթանի նոյն էջին վրայ լոյս տեսած իր «Հայերը «կայսրութեան սիրելի զաւակներէն» ցեղասպանութիւն» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ. «Հայերը, որոնք նկատառելի ներդրում ունեցան (Օսմանեան) կայսրութեան տնտեսական եւ մշակութային զարգացման ու օսմանեան արուեստի զարթօնքին մէջ, «կայսրութեան սիրելի զաւակները» կոչուած էին, սակայն 1915-ի ցեղասպանութիւնը վճռական շրջադարձ մը եղաւ, իրաւամբ ըլլալով 20-րդ դարուն մարդկութեան դէմ յոռեգոյն ոճիրներէն մէկը: Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կենսական է արդարութեան եւ հայերուն ու թուրքերուն միջեւ հաշտութեան համար, եւ կը շարունակէ Թուրքիոյ մէջ նուրբ եւ վիճելի հարց մը մնալ, ոմանք կը շարունակեն ժխտել կամ մեղմացնել գործուած վայրագութիւնները»: Նոյն էջին վրայ լոյս տեսած է նաեւ գրագէտ Ժաքի Տերվիշեանի «Հայկական տուտուկը ինչո՞ւ զիս կը լացնէ» յօդուածը, որուն մէջ ան կը խօսի հայ ըլլալու, լիբանանահայ ըլլալու նշանակութեան մասին:

Օրաթերթի 11-րդ էջին վրայ «Նամականի» բաժինին մէջ լոյս տեսած է Քարոլ Պապիկեան – Քոքոնիի «Դարձեալ 24 ապրիլ մը» խորագիրով գրութիւնը, որուն մէջ վերջինս կը նշէ. «Մարդկայնականութեան հաւատալը մեր օրերուն հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ: Աշխարհի մէջ քիչ մը ամէն տեղ պատերազմներ կը մղուին: Սահմանները հետզհետէ աւելի անորոշ կը դառնան»: Ան կը յայտնէ, որ յիշողութեան պարտաւորութիւնը բաւարար չէ, քանի տակաւին արդարութիւն չէ կատարուած, «ուստի, ինչպէս կ՛ըսենք, այնքան ատեն որ կեանք կայ, յոյս կայ: Վերապրողներուն պարտականութիւնն է յիշատակել մեր նախնիները, որպէսզի անդենականին մէջ գիտնան, որ իրենց երախտապարտ ենք եւ զիրենք չենք մոռնար»:

Ալիս Պօղոսեան իր կարգին «Ցեղասպանութեան մը պատմութիւն» խորագիրով իր գրութեան մէջ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը` նշելով, որ ատենօք 24 ապրիլը սուգի եւ ներամփոփման օր կը նկատուէր, սակայն այսօր Հայ դատը հետապնդելու ուխտի վերանորոգման օր է: «Վերջին խօսք մը քաղաքակիրթ աշխարհին. այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ չէ ճանչցուած, ականատես պիտի դառնանք Ռուանտայի, Ղարաբաղի կամ Կազայի մէջ տեղի ունեցածին նման նոր ցեղասպանութիւններու», կ՛եզրափակէ ան:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն անդրադարձան Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ելեկտրոնային մամուլը, այլ խօսքով` «Նաշրա», «Լեպանոն Ֆայլզ» եւ «Լեպանոն տիպէյթ» եւ շարք մը այլ կայքեր:

Պատկերասփիւռի Կայաններ
Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն

«Էլ. Պի. Սի.»-ն Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով սփռեց յայտագիր մը, որ պատրաստուած էր հաղորդավար Եազպեք Ուեհպէի կողմէ:

Յայտագիրը կ՛անդրադառնար Լիբանանի մէջ հայութեան գոյութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն շատ առաջ` Ա. դարէն ի վեր եղած է, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան պատմական յարաբերութիւններուն:

Յայտագիրին ընթացքին հիւրընկալուեցաւ պատմութեան դասախօս Շարլ Հայեք, որ ներկայացուց Տիգրան Մեծի կայսրութիւնը, անցաւ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդ ըլլալու հայութեան իրականութեան, հասնելով մինչեւ Երուսաղէմ եւ Կիլիկիա` զայն կապելով Լիբանանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայութեան եւ անոր մշակութային հարստութեան:

Անդրադարձ կատարուեցաւ 18-րդ դարու կիսուն Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Լեռնալիբանանի մէջ հաստատումին, ինչպէս նաեւ հայութեան կողմէ հայկական մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը, լեզուն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական ճարտարապետութեան ընդմէջէն Պէյրութը կառուցելու ճշմարտութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան կազմաւորման ընթացքին եւ երկրին ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին անմասն մէկ բաժինին վերածուելու հոլովոյթին:

Յայտագիրին ընդմէջէն ամփոփ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Անատոլուի, ինչպէս նաեւ Այնթուրայի որբանոցին մէջ, ուր Ճեմալ փաշայի հրահանգով հայ որբերուն դէմ թրքացումի քաղաքականութիւն գործադրուեցաւ:

Իր կարգին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած յայտագիր մը նուիրեց, պատրաստուած` հաղորդավար Տենի Հատտատի կողմէ:

Յայտագիրին հիւրընկալուեցան Ալիս Պօղոսեան եւ Լութֆիկ Այվազեան, որոնք անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան` նշելով պատմական փաստեր եւ ներկայացնելով հայութեան պահանջները:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին Ա. Պօղոսեան եւ Լ. Այվազեան ներկայացուցին հայութեան տեսակէտը սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի մէջ ապրելու, հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւնը զուգահեռաբար պահելու առնչութեամբ` արտացոլացնելով միաժամանակ Լիբանանին եւ Հայաստանին կառչածութիւնը, իբրեւ լիբանանահայեր:

Ա. Պօղոսեան եւ Լ. Այվազեան շեշտեցին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական հարց չէ, այլ` համաթուրանական ծրագիրը իրականացնելու համար կանխամտածուած ցեղասպանութիւն, որուն նպատակն էր հայութիւնը ջնջել:

Յայտագիրին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայրենիքէն հեռու ինքնութեան պահպանումի միջոցներուն, իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ Ցեղասպանութենէն յուշ մը գոյութիւն ունենալու ճշմարտութեան, ինչպէս նաեւ հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու եւ պահանջատիրական ոգիով շարունակելու իրականութեան:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի հարցին եւ 2023-ի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ հոն գործադրուած ցեղային զտման, որ արցախահայութեան դէմ գործադրուած այլ ցեղասպանութիւն մըն էր:

Ա. Պօղոսեան եւ Լ. Այվազեան դատապարտեցին այդ մասին ցուցաբերուած համաշխարհային լռութիւնը, որ մեղսակցութիւն է ոճիրին, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ այլ ոճիրներու, սպանդներու եւ ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը, ինչպէս է ներկայիս Կազայի պարագան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2024
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ