Սէյֆոյի ջարդերու 109-ամեակի ոգեկոչում. Բագրատունի. «Կայ միացեալ պատմութիւն եւ միացեալ կեանք»

Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ասորիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն` Սէյֆոյի 109-րդ յիշատակին առիթով Ասորիներու լիկային կողմէ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսքեր առին տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նաժի Հայեք եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ:

«Առանց յիշողութեան ժողովուրդ մը ենթակայ է մահուան» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան,  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ Արամ վրդ. Աբրահամեան եւ լիբանանեան այլ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:

Լիբանանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ն. Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց ասորիներուն, հայոց, քաղդէացիներուն եւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան դէմ Թուրքիոյ գործած սպանդներուն, ցեղասպանութեան եւ սովի ենթարկելու քաղաքականութիւնը յիշելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Ն. Հայեք արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց Արեւելքի մէջ հայկական, ասորական եւ քաղդէական համայնքներուն ներկայութեան հաւասարութիւնը սիւննի, շիի, ուղղափառ եւ մարոնի համայնքներուն: Ան շեշտեց, որ Արեւելքին ուղղած իրենց պատգամը յստակ է. «Արեւելքի մէջ էինք, հոս ծնած ենք, հասակ առած, ապրած ու պայքարած, եւ հոս ալ կը մահանանք», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սէյֆոյի յիշատակին 109-ամեակը կը զուգադիպի այնպիսի դարաշրջանի մը, որուն ընթացքին կեղծաւորութիւնը, ագահութիւնը, բարոյալքումը, մարդ արարածին կողմէ ինքզինք վաճառելու եւ դրամի ստրուկին վերածուելու, ինչպէս նաեւ մարդոց կողմէ յիշողութիւնը կորսնցնելու եւ դիտաւորեալ կերպով մոռնալու վարուելակերպերը տիրական են:

«Բայց եւ այնպէս Սէյֆոն պատմական յիշողութիւն մըն է, որ կը միացնէ հայ եւ ասորի ժողովուրդները: Կայ միացեալ պատմութիւն եւ կայ միացեալ կեանք` այն շրջաններուն մէջ, ուր կան անիրաւութեան յիշողութիւն, բռնութիւն եւ ճնշում նոյն բռնակալին կողմէ, որ մերժեց մարդկային նուազագոյն իրաւունքները ընդունիլ: Այդ իրաւունքներն են արժանապատիւ կեանքը, զԱստուած պաշտելու կարգն ու ազգային ինքնութեան պահպանումը: Հայ եւ ասորի ժողովուրդները կը միացնէ նաեւ նահատակութեան պատմութիւն մը, նահատակութիւն` արժանապատուութեան, փառքի, հողին առնչուելու, հայրենիքը պահպանելու, քրիստոնեայ մնալու եւ յարգելու մեր հաւատալիքները, ինչպէս մենք կը յարգենք այլոց հաւատալիքները, իրաւունքներն ու ինքնուրոյնութիւնը:

Այսօր մենք եւ ասորիները ապրած ենք Լիբանանի մէջ եւ տակաւին կը շարունակենք ապրիլ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Լիբանանը տարբեր համայնքներու եւ ազգութիւններուն միջեւ համերաշխութեան օրինակելի երկիր մըն է, ուր մեծամասնութիւններ եւ փոքրամասնութիւններ չկան: Լիբանան մէկ է ու միացեալ իր բոլոր համայնքներով, յարանուանութիւններով եւ չափանիշներով: Լիբանանին հաւատարմութեան պարագային միակ կարեւորը պարտականութիւններն են, նախքան իրաւունքները: Մենք մեր պարտականութիւնները կատարելու իմաստով չենք սակարկեր, իսկ իրաւունքները, ապա անոնք հայրենիքի գործընկերներուն պատասխանատուութիւններն են, նախքան` ասորիներուն եւ հայոց պատասխանատուութիւնները ըլլալը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Զ. Մքերի իր խօսքին մէջ շեշտեց քրիստոնէական ամբողջական զարթօնքի մը անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լայնամիտ արեւելքցիներ ըլլալու իրենց իրականութիւնը պաշտպանէ: «Սկսինք ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, որուն ներկան իր անցեալէն չ՛ամչնար, ինչպէս կ՛ըսէր մարոնի համայնքի նախկին պատրիարքներէն Նասրալլա Սֆէյր», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք շահաբե՞ր է քրիստոնեաներուն համար ապրիլ անճիտուած երկրի մը մէջ:

Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ հաստատեց, որ Սէյֆոն իրենց դատն է, եւ իրենք կը զօրակցին բացարձակապէս սպանութիւնը մերժող բոլոր դատերուն, ինչպէս նաեւ կը պայքարին ահաբեկչութեան եւ ատելութեան դէմ:

«Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ հանրապետութեան նախագահ ունեցող միակ երկրին նախագահական պալատէն փոշին մաքրեցէ՛ք եւ պետութիւնը վերակազմակերպեցէ՛ք նախքան այլ սպանդներու գործադրութիւնը», ըսաւ ան:

Ձեռնարկին ընթացքին Սէյֆոյի յատուկ յուշանուէրներ տրուեցան բանախօսներուն` բարձր գնահատելով անոնց մտածումները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ