Օսմանեան «Թանզիմաթ»ին՝ հայութեան վրայ ազդեցութեան նուիրուած հատորին ներկայացումը

«Ապրիլ» գրատան կազմակերպութեամբ, 7 մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Թալին Սուճիեան պիտի ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութիւնը բարեկարգելու անուան տակ ներկայացուած «Թանզիմաթ»ին՝ հայութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան նուիրուած իր Outcasting Armenians: Tanzimat of the Provinces հատորը։

Միւնիխի «Լուտվիկ-Մաքսիմիլան» համալսարանի Թուրքիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան դասախօս Սուճիեան հատորին մէջ շեշտը կը դնէ յատկապէս գաւառի հայութեան վրայ այս նոր օրէնքներուն ունեցած ազդեցութեան վրայ։

Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Մարթին Ատամեան։

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Հայկական Արուեստներու կեդրոնին մէջ (250 N. Orange St., Glendale). մուտքը ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։

https://asbarez.am/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829  

Արխիւ