ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ժամերգութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կատարուող ընդհանրական աղօթք է:
Ժամերգութիւնները աղօթական կեանքին հիմքն են, որոնք կը կատարուին օրուան որոշակի ժամուն, երբ հաւատացեալներ համախումբ կերպով, երգերով, աղօթքներով եւ օրհնաբանութիւններով կը մասնակցին հոգեւոր արարողութեան:

Ժամագիրքը ժամերգութիւններու կարգը պարունակող գիրքն է:
Հայ եկեղեցւոյ արարողութիւններու հիմնադիրը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն է:
Գիրերու գիւտէն ետք, Ե. դարուն սկիզբը, Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ, թարգմանական աշխատանքներու շարքին, Սուրբ Հոգիի ներշնչումով ներմուծեցին եւ աղօթքներով ու երգերով ճոխացուցին Ժամագիրքը:
Այնուհետեւ, դարերու ընթացքին, Ժամագիրքը կարգաւորուեցաւ Գիւտ Արահեզացի, Յովհաննէս Մանդակունի եւ Եզր կաթողիկոսներուն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի վարդապետին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ Գրիգոր Անաւարզեցի հայրապետներուն եւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետին կողմէ:
Ժամակարգութեան բարենորոգման եւ ճոխացման մէջ իրենց աւանդը ներդրեցին Յովհան Օձնեցի, Ստեփանոս Սիւնեցի, Խոսրով Անձեւացի, Ներսէս Լամբրոնացի եւ Յովհան Երզնկացի: Թովմա Մեծոփեցի 1432-ին Ժամագիրքը վերջնական խմբագրութեան ենթարկեց:
***
Ժամագիրքը կ՛ըլլայ Ատենի, Դասերու, Առձեռն եւ Փոքրիկներու:

Ատենի Ժամագիրքը կը դրուի եկեղեցւոյ բեմի եզրին, գրակալին վրայ, Ատենի Աւետարանի կողքին: Աղօթարար հոգեւորականներ, սարկաւագներ եւ դպիրներ գլխաւոր ընթերցումները Ատենի ժամագիրքէն կը կատարեն:
Դասերու ժամագիրքը Աջակողմեան եւ Ձախակողմեան դասերու գրակալներուն վրայ կը դրուի, Ձայնքաղ շարականներու կողքին:
Առձեռն Ժամագիրքը Դասերու Ժամագիրքին կրկնօրինակն է, փոքր ծաւալով, որ կը գտնուի ժամարար եկեղեցականին ձեռքը: Դպիրներ Առձեռն Ժամագիրքին միջոցով կը հետեւին արարողութիւններուն:
Փոքրիկներու ժամագիրքը պատրաստուած է կրտսեր դպիրներուն համար. անոր մէջ ամփոփուած են Կիրակմուտքի ժամերգութիւնը, Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը եւ ժամերգութիւններէն առանձին բաժիններ:
***

Հայ եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւններն են` Գիշերային, Առաւօտեան, Արեւագալի, Ճաշու (որ երեք բաժիններով կը ներկայանայ` երրորդ ժամու, վեցերորդ ժամու եւ իններորդ ժամու), Երեկոյեան, Խաղաղական եւ Հանգստեան:
Մեր սուրբ հայրերու սահմանած աւանդութիւններուն ու կանոններուն համաձայն, օրական ինը անգամ կ՛աղօթենք, որովհետեւ երկինքի հրեշտակներու ինը դասերը տեւաբար կը փառաբանեն Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, իսկ մենք` հողեղէն արարածներս, ինը անգամ աղօթք մատուցանելով` կ՛ընդօրինակենք Տէր Աստուծոյ երկնային փառաբանիչները` հրեշտակները:
Ժամերգութիւնները կ՛ընդգրկեն Տէրունական աղօթք, սաղմոս, մաղթանք, քարոզ, աղօթք եւ շարական:
Անցեալին, յատկապէս վանքերուն մէջ, ժամերգութիւնները ամէն օր, իրենց ժամուն, անխափան կերպով կը կատարուէին:
Ներկայիս Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւնները կը կատարուին միասին` առաւօտուն:
Մեծ Պահոց շրջանին, ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, առաւօտուն` Արեւագալի, եւ երեկոյեան, Հսկումին` Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնները կը կատարուին:
***
Գիշերային Ժամերգութիւնը

կը կատարուի ի դէմս Հայր Աստուծոյ, կէս գիշերին. «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս Քո»: Քունը Աստուծոյ կողմէ շնորհուած բարիք է, եւ մենք երախտագիտութիւն կը յայտնենք առ Աստուած այդ շնորհքին համար, խնդրելով որ գիշերուան շարունակութիւնը անցընենք խաղաղ ու հանդարտ, իսկ յաջորդ օրը անցնի առանց մեղքի եւ փորձութեան:
«Օրհնութիւն եւ փառք հօր»-էն ետք սարկաւագը կ՛արտասանէ «Տէր զի բազում նեղիչք իմ, եւ բազում յարեան ի վերայ իմ» սաղմոսը:
Գիշերային ժամերգութեան ընթացքին կ՛երգուին «Յիշեցուք ի գիշերի զանուն Քո, Տէ՛ր», «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Աշխարհ ամենայն» շարականները:
Առաւօտեան Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ, արշալոյսին. կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յայտնութիւնը Իւղաբեր կանանց. «Լցաք առաւօտու ողորմութեամբ քով, ցնծացաք եւ ուրախ եղաք զամենայն աւուրս կենաց մերոց»:
Առաւօտեան ժամերգութիւնը Քրիստոսի յարութեան եւ փրկագործութեան խորհուրդը ունի, որովհետեւ այդ ժամուն Ան երեւցաւ Իւղաբեր կանանց:
«Երից մանկանց» օրհնութիւնը յիշատակն ու պանծացումն է երից մանկանց` Դանիէլի ընկերակիցներուն, որոնք Նաբուգոդոնոսոր արքայի ոսկիէ արձանին չերկրպագելու համար կրակի հնոցին մէջ նետուեցան եւ Բանն Աստուած, հոն իջնելով, փրկեց զանոնք, իսկ մենք Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ մեզ փրկէ մեղքի կրակէն:
«Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով` փրկչաւ իմով» շարականին կը յաջորդէ «Սուրբ Աստուածածինն» քարոզը: Մեծ հանդիսաւորութեամբ կ՛երգուի «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:
Արեւագալի Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Սուրբ Հոգւոյն եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսի Յարութիւնը եւ աշակերտներուն երեւիլը. «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յաւիտեան, զի յառաջ քան զարեւ է անուն նորա»:
«Յարեւելից մինչ ի մուտս. ի հիւսիսոյ եւ ի հարաւոյ. ամենայն ազգք եւ ազինք, յօրհնութիւն նոր օրհնեցէք զարարիչն արարածոց, որ ծագեաց զլոյս արեգականն այսօր յաշխարհս» երգով աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ժողովուրդներուն կոչ կ՛ուղղուի օրհներգելու աշխարհի լոյսը ծագեցնող Աստուածը:
«Աղաղակեցէք» սաղմոսը հրաւէր է փառաբանելու Տէրը:
«Լոյս, արարիչ լուսոյ, բնակեալդ ի լոյս անմատոյց» շարականը ամբողջութեամբ լոյսի փառաբանութիւնն է:
Ճաշու Երրորդ Ժամու Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Սուրբ Հոգւոյն, առաւօտեան ժամը իննին եւ կը խորհրդանշէ արգիլուած պտուղէն Եւայի ճաշակումը եւ Քրիստոսով դատապարտումէ ազատուիլը:
Ճաշու Վեցերորդ Ժամու Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Հայր Աստուծոյ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի չարչարանքները եւ խաչելութիւնը: Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրենք մարդկային մեր տկար բնութեան համար:
Ճաշու Իններորդ Ժամու Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մահը եւ մարդկութեան փրկութիւնը դժոխքէն:
Երեկոյեան Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ, մայրամուտէն առաջ եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի խաչէն իջեցուիլը, պատանքուիլը եւ թաղումը: Հաւատացեալը Աստուծմէ կը խնդրէ որ իրեն խաղաղ գիշեր եւ բարի քուն պարգեւէ. «Ես առ Աստուած կարդացի, եւ նա լուաւ ինձ յերեկոյս ի վաղորդայն` եւ ի հասարակ աւուր»:
«Խոնարհեցո՛, Տէ՛ր, զունկն Քո եւ լո՛ւր ինձ, զի աղքատ եւ տնանկ եմ ես» սաղմոսով գթասիրտ եւ ողորմած Աստուծմէ պահպանութիւն եւ զօրութիւն կը խնդրենք, որպէսզի կարենանք յաղթահարել փորձութիւնները:
«Ապրեցո՛ զիս, Տէր, ի մարդոյ չարէ, յառնէ անիրաւէ փրկեա՛ զիս» սաղմոսով Աստուծմէ կը խնդրենք ազատելու մեզ չարէն:
«Լուր ձայնից մերոց, Տէր Աստուած մեր» աղօթքով Աստուծմէ կը խնդրենք որ ընդունի մեր աղաչանքները, աւելցնէ մեր հաւատքը, յոյսն ու սէրը եւ առաքինի գործերը, որպէսզի արժանի ըլլանք փրկութեան:
Խաղաղական Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Հոգւոյն Աստուծոյ, մայրամուտէն ետք եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի դժոխք իջնելը եւ արդարներու տանջանքներուն աւարտը: Աստուծմէ կը խնդրենք մեղքերով ծանրացած մեր հոգիներուն խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն տալ. «Տէր Աստուած փրկութեան իմոյ, ի տուէ կարդացի եւ ի գիշերի առաջի Քո»:
«Նայեաց սիրով» շարականով Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կը հայցէ խաղաղութեամբ եւ անվրդով անցընելու գիշերային հանգիստը:
Հանգստեան Ժամերգութիւնը
կը կատարուի ի դէմս Հայր Աստուծոյ, քնանալէ առաջ, որպէսզի Միածինը Իր պահապան Աջով պահէ մեզ այս խաւար գիշերուան մէջ. «Առաքեա՛ Տէր, զլոյս Քո եւ զճշմարտութիւն Քո, զի առաջնորդեսցեն ինձ եւ հանցեն զիս ի լեառն սուրբ եւ ի յարկս Քո»:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը բաղկացած է քսանչորս տուներէ, օրուան քսանչորս ժամերուն համար: Անիկա Քրիստոսի հաւատացող իւրաքանչիւր անձի աղօթքն է եւ կը բովանդակէ դաւանական, զղջական, պաղատական եւ խոստովանական ամէն տեսակի աղօթք:
***
Ժամերգութիւնները, կրօնաբոյր մթնոլորտի մէջ, հաւաքական կերպով կատարուելով, կը խորհրդանշեն հաւատացեալներուն միաբանութիւնն ու միասնականութիւնը:
Leave a Reply