Սիպիլ համերգներ պիտի սարքէ Աւստրալիոյ մէջ

Երգչուհի Սիպիլ թերթիս խմբագրութեան ղրկուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ որ յառաջիկայ ամիս Աւստրալիա պիտի մեկնի համերգներու համար։ Այսպէս՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ¤ՀԲԸՄ_ հրաւէրով, ան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալուի Աւստրալիոյ հայ համայնքին կողմէ եւ համերգներ պիտի սարքէ Սիտնիի ու Մելպուռնի մէջ։

23 Մարտին, Սիտնիի մէջ սարքելի համերգին Սիպիլին պիտի ընկերանան Թամզարա պարախումբն ու երաժիշտներ, իսկ 7 Ապրիլի Մելպուռնի համերգին մաս պիտի կազմեն Ազատ Ղարիպեան պարախումբը, Ակինեան վարժարանի մանկանց երգչախումբն ու երաժիշտներ։

Սիպիլ մօտաւորապէս ամիս մը պիտի մնայ Աւստրալիա, հանդիպումներ պիտի ունենայ աւստրալահայերու հետ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/190224lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829  

Արխիւ