Փետրուար 18ը՝ պետականութեան հիմք

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր էջերէն մէկն է Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ սակայն, դժբախտաբար՝ ամէնէն նուազ գնահատուած եւ պատմականօրէն իր արժէքը տակաւին չգտած։ Ասոր հիմնական պատճառը այն է, որ առաջին օրէն իսկ ռուս-համայնավարական քարոզչամեքնան զայն ներկայացուց իբրեւ դաշնակցականներու կողմէ իշխանութեան տիրանալու եւ եղբայրասպան կռիւներ հրահրելու գործողութիւն։ Ամբողջ 70 տարի, խորհրդային ժամանակաշրջանին, Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայրենի ժողովուրդին եւ Սփիւռքի ոչ-դաշնակցական շրջանակներուն ներկայացուեցաւ այս ձեւով։ Բայց Հայաստանի անկախացումէն ետք, թէեւ մասնակի, Փետրուարեան ապստամբութիւնը սկսած է իր պատմական նշանակութիւնը ստանալ։

1920ի Դեկտեմբեր 2ին, երբ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները երկիրը յանձնեցին համայնավարներուն, անոնց տրուած էր երաշխիքներ, որ բռնութիւն պիտի չգործադրուի, նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ բանակի սպաներուն դէմ հալածանքներ պիտի չկատարուին եւայլն։ Սակայն, ինչպէս վայել է համայնավարներուն, անոնք առաջին օրէն դրժեցին իրենց խոստումները։ Հայկական բանակի ամբողջ սպայակազմը՝ շուրջ 1500 հոգի, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Պաքուի վրայով դէպի Սիպերիա, իսկ անոնցմէ որոշ թիւ մըն ալ գնդակահարուեցաւ։ Հալածանք եւ ձերբակալութիւններ սկսան նաեւ դաշնակցական գործիչներու եւ նախկին իշխանութիւններու անդամներու (նաեւ ոչ-դաշնակցականներու) դէմ։ Բազմաթիւ պետական դէմքեր, մտաւորականներ, յեղափոխական գործիչներ ձերբակալուեցան, եւ անոնցմէ մաս մը դաժանաբար սպաննուեցաւ Երեւանի բանտերուն մէջ։ Հալածանք սկսաւ նաեւ հայ ունեւոր դասակարգին դէմ։ Սկսան բռնագրաւումներ, ինչքի, ունեցուածքի, մինչեւ անգամ առօրեայ ուտեստեղէնի։

Համայնավարներու կատարած այս դաժանութիւնները ի տես, 1921 Փետրուարի սկիզբը կը կազմուի Հայրենիքի Փրկութեան կոմիտէն, նախագահութեամբ անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի։

Փետրուարեան Ապստամբութեան հրամանատարական կազմը

Փետրուար 13ին, Հայրենիքի Փրկութեան կոմիտէն կը յայտարարէ քաղաքացիական ապստամբութիւն։ Օգտուելով ռուսական բանակի Վրաստանի սահման մեկնումէն, զայն եւս խորհրդայնացնելու նպատակով, Թալինի սասունցի կռուողները կը շարժին դէպի Երեւան, իսկ միեւնոյն ժամանակ, խմբապետ Մարտիրոսի եւ Կուռօ Թարխանեանի առաջնորդութեամբ, Գառնիի շրջանի կռուողներ Փետրուարի 16ին կը յառաջանան դէպի Երեւան։ Կուռօ Թարխանեանի եւ Մարտիրոսի կռուողներ ամսուն 17ին կը հասնին Քանաքեռ եւ յաջորդ օրը կ՛ազատագրեն Երեւանը համայնավար իշխանութիւններէն։ Յեղկոմը կը փախչի Արարատի շրջան, իր հետ տանելով հայկական բանակէն մնացած երկու զօրագունդ եւ ահագին զէնք եւ զինամթերք։ Թիկունք ունենալով Շարուր-Նախիջեւանը, անոնք երկու անգամ Փետրուար 25ին եւ Մարտ 15ին կը յարձակին Երեւանի ուղղութեամբ, սակայն պարտութիւն կրելով կը վերադառնան իրենց նախկին դիրքերը։ Իսկ ապստամբները չեն յաջողիր զանոնք վերջնական պարտութեան մատնել եւ Արարատի շրջանը եւս մաքրել անոնցմէ։ Ի վերջոյ Ապրիլ 1ին, երբ Վրաստանը վերջնականապէս ինկած էր խորհրդային տիրապետութեան տակ, Կարմիր բանակի 11րդ զօրագունդը հիւսիսէն կը յառաջանայ Երեւան։ Հայրենիքի Փրկութեան կոմիտէն, հաշուի առնելով ուժերու անհաւասարութիւնը, Գառնիի վրայով կը նահանջէ դէպի Սիւնիք, որ կը գտնուէր Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեան տակ եւ անկախ էր։

Մէկուկէս ամսուայ կեանք ունեցող այս ապստամբութիւնը կարեւոր հանգրուան մըն է մեր պատմութեան մէջ։ Անկախ Հայաստանի բանակը սպայութեան աքսորումով բարոյալքուած եւ «գլխատուած» էր եւ հետեւաբար ապստամբութեան յենարանը ժողովուրդն էր եւ ժողովրդային կռուողները։ Կայ տեսակէտ, որ ապստամբութեան կռուողներուն հիմնական ուժը եղած են նախկին արեւմտահայեր, որոնցմէ շատեր յեղափոխական կռիւներու անցեալ ունեցած էին։ Այլ խօսքով, ուժերու անհաւասարութիւնը ակներեւ էր առաջին իսկ օրէն։ Հակառակ այս իրողութեան, ապստամբները յաջողեցան մէկուկէս ամիս Երեւանը իր շրջակայքով զերծ պահել խորհրդային բռնատիրական վարչակարգէն։

Փետրուարեան ապստամբութիւնը ոգեշնչող ազդակ եղաւ սփիւռքահայ հատուածին համար, որ ամէն տարի շարունակեց զայն նշել, որպէս յաղթանակ խորհրդային բռնատիրական կարգերուն դէմ։ Անիկա նաեւ ոգեշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ ազգային գաղափարներով տոգորուած մտաւորականներու եւ անհատներու համար, որովհետեւ իր մէջ կը պարփակէր հայկական անկախ պետականութեան վերականգնումի յոյսը։ Աշխարհէն կտրուած եւ միմիայն իր ուժերուն վստահած հայ ժողովուրդը, Մայիս 28էն ետք, երկրորդ անգամ ազատ ապրելու կամք դրսեւորեց օտար բռնագրաւողի դէմ։ Այս իմաստով, ուշագրաւ է, որ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր որ հայ ժողովուրդը զէնք բարձրացուց ռուսական իշխանութիւններու դէմ, որոնք միշտ ալ իբրեւ «փրկիչ» ներկայացած են հայութեան։ Ապստամբութեան ղեկավարները հասկցած էին, որ անկախ պետականութիւնն է գրաւականը հայութեան գոյատեւման եւ յարատեւման։ Եւ ինչպէս 1918ի Մայիսին Հայաստանը ստրկացնելու համար արշաւող թրքական բանակին դէմ ծառացաւ ժողովուրդը, նոյն ձեւով բռնութեան եւ ստրկացման դէմ զէնք բարձրացուց, այս անգամ ռուսին դէմ։ Փետրուարեան ապստամբութեան հիմքը, ըստ էութեան, Մայիս 28ի ոգին էր։

Ապստամբութիւնը երկար կեանք չունեցաւ ուժերու անհաւասարութեան եւ արտաքին պայմաններու ի վնաս Հայաստանի դասաւորման պատճառով։ Ինչպէս նշուեցաւ, Փետրուարի վերջը համայնավարները գրաւեցին Թիֆլիսը եւ Մարտի կէսերուն արդէն ամբողջ Վրաստանը անցած էր անոնց տիրապետութեան տակ։ Փաստացիօրէն, Կովկասի երկիրներէն միայն փոքրիկ Հայաստանի մէկ փոքր մասը մնացած էր առանձին, համայնավար վայրագ կայսրութեան դէմ։

Անկախ իր ելքէն, Փետրուարեան այս ապստամբութեան շնորհիւ հարիւրաւորներ ազատեցան ստոյգ մահէ։ Յիշենք Աղբալեանը, Շանթը եւ ուրիշներ, որոնք աւելի ուշ անցան Պարսկաստան եւ ապա Միջին Արեւելք եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցան հայկական գաղութներու կազմակերպման մէջ։ Այս գծով անոնց աւանդը անհերքելի է։

Մայիս 28ը եւ Փետրուար 18ը հայոց պատմութեան զոյգ թուականներն են, որոնց հիմքը՝ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեամբ ապրելու հայու կամքն է։

https://asbarez.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829  

Արխիւ