
Թուրքիոյ երթեւեկի նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբուն շուրջ քննարկումները կը շարունակուին, սեղանին կան երկու տարբերակներ, որոնց կարգին՝ Իրանով անցնող ուղին:
«Եթէ հայկական կողմէ հարցեր ըլլան, Ատրպէյճան կապի մէջ է նաեւ Իրանի հետ` այդ երկրի տարածքով անցնող միջանցքի կարելիութեան գծով: Կան երկու այլընտրանքներ, այդ այլընտրանքները քննարկման դրուած են», թրքական «Հիւրրիէթ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ուրալօղլու:
Պաքու կը փափաքի «Զանգեզուրի միջանցքով» առանց մաքսակէտերու ուղիղ կապ հաստատել Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ:
Երեւան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումը կը նկատէ տարածքային նկրտում Հայաստանի նկատմամբ:
Leave a Reply