Փետրուարեան ապստամբութիւն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 23 սեպտեմբեր 1920-ին սկսած հայ-թրքական պատերազմի աւարտին, թրքական սալի ու ռուսական մուրճի հարուածներուն տակ, պարտուած դուրս ելաւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն:

Համայնավար վարչակարգի հաստատումէն ետք ծայր առին հալածանքներ, զանգուածային ձերբակալութիւններ ու սպանութիւններ:

Համատարած հալածանքներու եւ մահաբոյր մթնոլորտի պայմաններուն տակ ժողովրդային տարերային ապաստամբութիւն սկսաւ: Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած սասունցիները: Կռիւները փետրուար 16-ին սաստկացան եւ տարածուեցան տարբեր շրջաններ:

Ապստամբներ իրենց հակակշիռին տակ անցած շրջաններէն պոլշեւիկները հեռացուցին եւ նախկին խմբապետներու գլխաւորութեամբ ձեռք առին իշխանութիւնը:

Փետրուար 18-ին, Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ, ապստամբները մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ` նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:

Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն Հայաստանի մէջ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը վերացած հռչակեց` յայտնելով, որ մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կը գտնուի:

Մինչեւ իրենց հեռացումը պոլշեւիկներ մէկ գիշերուան մէջ Երեւանի բանտին մէջ կացինահարեցին գրեթէ բոլոր բանտարկեալները: Սպաննուածներուն մէջ էին Համազասպ Սրուանձտեան, գնդապետ Ղորղանեան, ռազմական գործիչներ, ֆետայիներ եւ նախկին պաշտօնեաներ:

Ապստամբութեան շնորհիւ բանտերէն ազատեցան պետական գործիչներ, հոգեւորականներ, սպաներ եւ մտաւորականներ, ինչպէս` Յովհաննէս Քաջազնունի, Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան:

Պոլշեւիկեան կուսակցութեան ղեկավար մարմիններ իրենց հաւատարիմ բանակային ուժերով Երեւանէն հեռացան եւ Ղամարլուի (Արտաշատ), Վեդի Բասարի (Արարատ) շրջաններուն մէջ կեդրոնացան:

Պոլշեւիկներուն ձեռքը կը մնար գլխաւորաբար երկրի հիւսիս-արեւելեան գօտին` Համամլու (Սպիտակ), Ղարաքիլիսէ (Վանաձոր), Դիլիջան եւ Շամշադին (Տաւուշ):

Ռազմական գործողութիւնները` ապստամբներուն եւ պոլշեւիկեան ուժերուն միջեւ, կ՛ընթանային փոփոխակի յաջողութիւններով:

Ռուսական 11-րդ բանակի Երեւանի ուղղութեամբ շղթայազերծած ռազմական գործողութիւններէն ետք ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ ի վնաս ապստամբներուն: Երեւանի վրայ յարձակումը կը կատարուէր Սեւանի եւ Համամլուի ուղղութիւններէն:

Ռուսական 11-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ Գէորգի Օրջոնիկիձէ Մարտ 20-ին վերջնագիր ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին:

Ապստամբներ` նկատի առնելով ուժերու յարաբերակցութիւնը եւ անհաւասարութիւնը, եւ նորանոր զոհերէ խուսափելու համար Գառնիի վրայով նահանջեցին դէպի Զանգեզուր:

Կարմիր բանակը 2 ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Համայնավար վարչակարգը վերականգնեցաւ, եւ Յեղկոմի ղեկավար նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Միասնիկեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829  

Արխիւ