“Լիպրա”էն հետաքրքրական ու շահեկան նոր գիրք մը

Կը տեղեկանանք, որ «Լիպրա» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Osmanlı Mizah Basınının Başlangıcı: Ermeni Harfli Türkçe Mizah Gazetesi Zvarcakhos ”Latifeci” (1856)» անուն գիրք մը, որու հեղինակն է Էլիֆ Քիրազ։ Հայատառ թրքերէնով երբեմնի Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Զուարճախօս» երգիծաթերթը խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի այս գիրքին մէջ։ Հետաքրքիրներուն տեսակէտէ կարեւոր աղբիւրի մը նշանակութիւնը ունի այս գիրքը, որ հեղինակի մագիստրոսութեան թեզի ուսումնասիրութիւններուն վրայ խարսխուած է։

Էլիֆ Քիրազ ուսանած է Մերձաւոր Արեւելքի թեքնիք եւ «Պիլկի» համալսարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը կատարելագործած է նաեւ Էտինպուրկի համալսարանին մէջ։ Արեւմտահայերէնի լեզուի աշխատանոցներու մասնակցած է։ 19-րդ դարուն Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած հայատառ թրքերէն պարբերաթերթերուն վրայ ուսումնասիրութիւններ ըրած է։ Երգիծական մամուլի համեմատական պատմութիւնով կը հետաքրքրուի առաջնահերթօրէն։

«Լիպրա» հրատարակչութեան գլուխը կը գտնուի յայտնի մտաւորական մը՝ Ռիֆաթ Պալի, որ երկար տարիներէ ի վեր բազմակողմանի աշխատանք կը տանի այս ոլորտէն ներս։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F15-02-2024-«լիպրա»էն-հետաքրքրական-ու-շահեկան-նոր-գիրք-մը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829  

Արխիւ